Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօնի Նախօրեակին – Ազգ. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Ջերմութիւն Բերին Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, ու համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտները Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Աշակերտներուն կ’ընկերանային իրենց դաստիարակները եւ խումբ մը ծնողներ։ Ներկայ էին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան եւ դասարանի արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի բաժանմունքներուն ուսուցչուհիները։

Ձմրան առաջին օրն էր ու դուրսի մթնոլորտը՝ բաւական ցուրտ, սակայն աշակերտները, իրենց մանկական զրոյցներով ու պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով ջերմացուցին Ազգ. Առաջնորդարանի մթնոլորտը։ Անոնք առաջին հերթին առաջնորդուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր ունեցան աղօթքի պահ մը։ Միասնաբար արտասանելէ ետք Տէրունական Աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը մատուցեցին Ս. Ծննդեան «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը, որուն ձայնակցեցան մանուկները՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» երգելով։

Այնուհետեւ, աշակերտ, դաստիարակ ու ծնողներ անցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահ եւ արուեստական մոմեր ի ձեռին՝ գրաւեցին բեմը, սրահին աթոռները ձգելով հանդիսական ծնողներուն։ Անոնք պատրաստած էին գեղարուեստական յայտագիր մը։ Առաջին հերթին, քանի մը աշակերտներ յաջորդաբար արտասանեցին ողջոյնի խօսք. անոնք ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին, որ որ Ազգ. Առաջնորդարան կ’այցելեն եւ Առաջնորդ Սրբազանը կ’ընդունի զիրենք, կը խնդրեն անոր օրհնութիւնը եւ կ’ուզեն լսել պատգամը։ Աշակերտները ըսին նաեւ, որ սորված են Ս. Ծննդեան պատմութիւնը, թէ ինչպէս Յիսուս Մանուկը լուռ գիշեր մը ծնած է Բեթղեհէմի մսուրին մէջ, հրեշտակները աւետիսը տուած են բարի հովիւներուն, ըսելով՝ որ պէտք չէ վախնան, այլ ուրախանան։ Խորքին մէջ, յայտագիրին այդ բաժինը Ս. Ծննդեան պատմութիւնն էր, երգերով ու արտասանութիւններով ճոխացած։ Անոնք նաեւ յայտնեցին, որ դպրոցին մէջ կը ստանան քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն, կը խոստանան ըլլալ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ մեր քաջ պապերուն հարազատ թոռները, ըլլալ հայրենասէր ու բարձր պահել հայ ազգի անունը։ Անոնք այս ոգիով շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու ծնողները, ապա ներկայացուցին ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած շարականներ, երգեր ու արտասանութիւններ։ Մատուցումը համաչափ ու ներդաշնակ էր։ Յուզիչ պահ մը ստեղծուեցաւ, երբ անմահ Մուշեղ Իշխան մանուկներուն բերնով Կաղանդ Պապային իր գրած նամակին մէջ խնդրեց, որ Կաղանդ պապան Մասիսը բերէ իրենց…

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ ուղղելու իր պատգամն ու տալու օրհնութիւնը։ Ան առաջին հերթին ուրախութիւն յայտնեց աշակերտներուն այս այցելութեան համար եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ուրախ է. «Առաւօտուն, Կաղանդ պապայէն նամակ մը ստացայ. կը յայտնէր, թէ այսօր դուք Ազգ. Առաջնորդարան պիտի գաք եւ մեզի ուրախ պահ մը պիտի նուիրէք. ըսաւ, որ դուք շնորհքներով հարուստ բարի ու աշխատասէր աշակերտներ էք», յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ գոհունակութիւն արտայայտեց, որ անոնք լաւ գիտեն Յիսուս Մանուկի ծննդեան պատմութիւնը։ Ան մաղթեց, որ իբրեւ մեր պատմութեան ու լեզուին հաւատարիմ աշակերտներ, անոնք լաւ ժառանգորդները ըլլան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, հայերէն խօսին, աղօթեն, ու հաւաստեց, որ եթէ այս բոլորը ընեն՝ Կաղանդ Պապան կը խոստանայ Մասիսը բերել իրենց։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց գոհունակութիւն յայտնելով, որ աշակերտները ուրախութիւն տարածեցին Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ, մաղթեց, որ մանուկներուն բարութիւնն ու խաղաղասիրութիւնը համակէ ամբողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը. ան օրհնեց աշակերտները, ծնողները, տնօրէնութիւնն ու դաստիարակները, մաղթելով, որ տան ու դպրոցի յարկին տակ, հայութեան համար հպարտութիւն առթող սերունդներ հասակ առնեն։

Աշակերտները յուշանուէրներ բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ իր կարգին, անոնց նուիրեց գեղեցիկ խաչեր ու սրբապատկերներ, իսկ ուսուցիչներուն ու ծնողներուն՝ աղօթագիրքեր։ Հանդիպումը վերջ գտաւ խմբանկարներով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022