Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի Աշակերտները Ս. Ծնունդի Դասը Ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ


Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի Ա. Կարգի աշակերտներուն համար, վերջին տարիներուն ստեղծուած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը. անոնք ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին կ’այցելեն Ազգ. Առաջնորդարան, կը հիւրընկալուին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ եւ անոր հետ կը բոլորեն Յիսուսի ծննդեան մասին կրօնի դասը:

Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2015ին, եւ պահպանելով այս աւանդութիւնը, աւելի քան 70 աշակերտներ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկը պայծառացուցին իրենց ճռուողիւններով: Զանոնք կ’առաջնորդէին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ-տնօրէնուհին՝ Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, դաստիարակներ եւ ծնողներ: Առաջնորդ Սրբազանը, իր կողքին ունենալով Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանը, զանոնք նախ ընդունեց «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը: Աշակերտները արտասանեցին Տէրունական Աղօթքը, Առաջնորդ Սրբազանն ու Տէր Նարեկ Քահանայ երգեցին «Խորհրուդ մեծ եւ սքանչելի» շարականը, Առաջնորդ Սրբազանը այդ շարականէն բաժին մը սորվեցուց աշակերտներուն, որոնք երգեցին ծնողներուն հետ միաձայն: Ապա, աշակերտները առաջնորդուեցան «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ «դասապահը» եւ աշակերտներուն կողմէ մատուցուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Տիկին Կարին Չուքատարեան, յանուն տնօրէնութեան, պաշտօնակիցներուն եւ աշակերտներուն, արտասանեց ողջոյնի խօսք, յայտնեց, որ այս վարժարանի 40 տարիներու առաքելութիւնը եղած է իրերայաջորդ սերունդներու ջամբել հայեցի դաստիարակութուն, եւ բացատրեց այս այցելութեան նպատակը: Հինգ աշակերտներ Առաջնորդ Սրբազանին ուղղեցին ամանորեան ու Ս. Ծննդեան շնորհաւորանքի բարեմաղթութիւններ, հաւաստելով, որ իրենք թոռներն են Ս. Մեսրոպի ու Քաջ Վարդանին, եկած են դպրոցին մէջ իրենց սորված նիւթերուն մէկ հայելին ներկայացնելու:

Սահիկներու ցուցադրութեան ճամբով, Առաջնորդ Սրբազանը մանուկներուն ներկայացուց Ս. Ծննդեան պատմութիւնը. խորքին մէջ, տեղի ունեցաւ զրոյց.
buy augmentin online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/augmentin.html no prescription

աշակերտները աշխոյժ եւ խանդավառ կերպով պատասխանեցին Առաջնորդ Սրբազանին հարցումներուն, որովհետեւ դպրոցին մէջ յայտնապէս լաւ սորված էին թէ հրեշտակը ինչպէ՞ս աւետած էր Աստուածամօր, բարի հովիւներն ու իմաստուն մոգերը ինչպէ՞ս հետեւած էին փայլուն աստղին եւ տեսութեան եկած՝ նորածին Յիսուս Մանուկին, որ խանձարուրով փաթթուած էր ու դրուած՝ մսուրին մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց աշակերտները, որոնք ուխտած են ըլլալ Ս. Մեսրոպի ու Քաջ Վարդանի թոռները, շատ լաւ սորված էին Յիսուսի ծննդեան պատմութիւնը եւ յորդորեց, որ զայն պատմեն նաեւ իրենց նման մանուկներու:

«Դասի պահ»էն ետք, աշակերտները իրենց դպրոցին ու տօնական օրերու մասին երգերով ու արտասանութիւններով ծաղկեցուցին սրահին մթնոլորտը: Երգերու պահուն, դաշնակի վրայ անոնց ընկերացաւ երգի ուսուցչուհին՝ Տիկին Նորա Ռումեան-Պայրամեան:

Յայտագիրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը դարձեալ գնահատեց աշակերտները, ուսուցիչներն ու ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութեանց համար եւ մաղթեց, որ նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը բարիք բերեն բոլորին: Իբրեւ գնահատանք՝ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն եւ ծնողներուն նուիրեց Ս. Ծննդեան, Ս. Նահատակներու եւ Տէրունական Աղօթքի պատկերները: Աշակերտները, իրենց կարգին, յուշանուէրներ բերած էին Առաջնորդ Սրբազանին, որ «Պահպանիչ»ով օրհնեց բոլորը:

Մեկնելէ առաջ, աշակերտները ունեցան հաւաքական լուսանկար մը եւ հիւրասիրուեցան քաղցրաւենիներով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ