Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան Վարժարանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Պահանջատիրութեան Ուխտը Ազգ. Առաջնորդարանի Ս. Նահատակաց Յուշակոթողին Առջեւ

Ազգային Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի աշակերտները Ուրբաթ, 20 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով խումբ-խումբ քայլարշաւով Ազգային Առաջնորդարան այցելեցին եւ Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներուն յուշակոթողին առջեւ վերանորոգեցին մեր պահանջատիրութեան ուխտը:

Աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ կատարած էին ծառատնկում եւ մոմավառութիւն՝ նուիրուած Արեւմտեան Հայաստանի Շատախ շրջանին. ծառին հովանաւորն էր վարժարանի ծնողներէն՝ Արա եւ Ժագլին Թովմասեան ամոլը։ Այնուհետեւ, աշակերտները խումբերու բաժնուած՝ քալելով հասան Ազգ. Առաջնորդարան: Անոնց կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէնուհի Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, փոխ-տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան, դաստիարակներ եւ ծնողներ:

Ազգ. Առաջնորդարանի մուտքին, անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, կողքին ունենալով Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Տ.
buy doxycycline online myhst.com/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/doxycycline.html no prescription

Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը:

Աշակերտներն ու դաստիարակները զգեստաւորուած էին Արդարութեան Քայլարշաւի խորհրդապատկերը կրող շապիկներով: Առաջին խումբին մաս կը կազմէին վարժարանի 6-էն 8րդ դասարաններու աշակերտները, երկրորդ խումբին՝ 3րդէն 5րդ դասարաններու աշակերտները եւ վերջապէս դեռատի մանուկները՝ առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտները: Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս մուտքին, բոլոր աշակերտները ծաղիկներ դրին նահատակաց յուշակոթողին առջեւ։

Առաջին եւ երկրորդ խումբի անունով խօսքեր արտասանեցին Վարժարանին հայկական ակումբի ներկայացուցիչները, իսկ երրորդ խումբին անունով՝ ուսուցչուհի Տիկին Արմենիկ Հայրապետեան. անոնք նշեցին, որ Ապրիլը մեր Ս. նահատակները յիշելու ամիսն է ու հաւաստեցին, որ պահանջատէր պիտի մնան մեր դատին եւ իրաւունքներուն, հայ պիտի մնան եւ ընդմիշտ հայերէն պիտի խօսին։

Այնուհետեւ, աշակերտները դասարան առ դասարան հանդէս եկան հայրենասիրական երգերով ու ասմունքներով։

Ինչպէս առաջին խումբին, նոյնպէս ալ յաջորդող երկու խումբերուն իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ կը գտնուինք Ապրիլ 24ի նախօրեակին եւ հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակն ու վերանորոգելու մեր հաւատարմութեան ուխտը։ «Ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները իրենց կեանքը զոհեցին յանուն ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի», նշեց ան եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ Ս. նահատակաց կտակին, ապրիլ հայօրէն, սիրել հայրենիքը, հայոց լեզուն ու մշակոյթը եւ ըլլալ պահանջատէր ու արդարատենչ։

Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս տարի կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին, «սակայն մենք պայքարը պիտի շարունակենք՝ մինչեւ տիրանանք մեր բոլոր հողերուն ու իրաւունքներուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ օրհնեց աշակերտները, ինչպէս նաեւ դաստիարակներն ու ծնողները, որոնք միասնաբար ու գործակցաբար հայկականութեամբ կը տոգորեն նորահաս ու մատղաշ սերունդները:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի խմբերգումով ու «Պահպանիչ»ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022