Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Արարատ Տան Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւոր դասուն, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի Արարատ Տան Միշըն Հիլզ համալիրին մէջ։

Այցելութիւնը պիտի սկսի ժամը 10-ին. առաջին հերթին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ. պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը տօնական ճաշով պիտի հիւրընկալուին Արարատ Տան պատասխանատուներուն կողմէ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022