Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք “Արարատ Տան” Մէջ


Տարիներու բարի աւանդութիւն է որ Արեւմտեան մեր Թեմի հոգեւորականաց դասը, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, այցելեն “Արարատ Տուն” եւ մեր տարեցները մասնակից դարձնեն տօնական օրերու խորհուրդին ու ցնծութեան:

Այս տարի, աւանդական այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Յունուար 2015ի առաւօտուն: Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը առաջին հերթին եղան հիւանդանոցի բաժինի պատսպարեալներուն հետ, ապա, մատրան մէջ տեղի ունեցան Ս. Պատարագ:

Հիւանդանոցի սրահին մէջ, Ս. Ծննդեան յատուկ շարականներով ու աւետարանի ընթերցումով, հոգեւորականաց դասը կատարեց յատուկ արարողութիւն եւ ջրօրհնէք: Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց պատսպարեալներուն: Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց տարեցները, շնորհաւորեց բոլորի նոր տարին եւ տօնական օրերու առիթով բարեմաղթութիւններ կատարեց: Հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեան նոր տարուան նուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազանին, երախտագիտութիւն յայտնելով “Արարատ Տան” հանդէպ Ազգային Առաջնորդարանին ու անձնապէս Առաջնորդ Սրբազանին հոգածու մօտեցումին համար: Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ տարեցներուն տրամադրուեցան օրացոյցներ եւ Տէրունական Աղօթքի գեղատիպ պատկերներ:

Ապա, հաստատութեան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ: Պատարագիչն էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթնաճեան, որ իր քարոզի մէջ անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնի խորհուրդին եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց տարեցներուն: Արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը:

Արարողութեանց աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը բնակիչներու բաժինին մէջ հիւրընկալուեցան հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն: Առաջնորդ Սրբազանը, գնահատելով անձնակազմին անձնդիր ծառայութիւնները, յուշանուէրներ յանձնեց անոնց, իսկ ատենապետին՝ Տիար Յ. Կանիմեանի յանձնեց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Ազգ. Առաջնրդարանի պատրաստած յուշանուէրէն օրինակ մը:

Ճաշի պահուն ստեղծուեցաւ հաճելի անակնկալ մը: Ներկաներուն միացաւ արուեստագէ Նունէ Աւետիսեան, որ Առաջնորդ Սրբազանին փափաքին ընդառաջելով, ասմունքեց Պարոյր Սեւակէն երկու կտոր՝ “Բարեւ” եւ “Մօր Ձեռքերը”:

Հանդիպումը աւարտեցաւ բարեմաղթութեանց փոխանակումով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022