Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին Պատարագեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ


Հինգշաբթի 5 Յունուար 2017-ին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ եւ լուսավառութիւն։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Արարողութեան մասնակցեցաւ Արժ. Տ. Վահան Աւ. Քհնյ. Կոստանեան։ Ներկայ էր Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քեմանճեան։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Ս. Գրային ընթերցուածներով, ապա, ժամամուտի արարողութեամբ եւ Աւետման Աւետարանով սկսաւ հոգեպարար Ս. Պատարագը։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ բոլորս արժանի դարձուց բոլորելու 2016 տարին, ապա, շնորհաւորեց Հոգեւոր Հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ Փասատինայի ծխական համայնքը։ Ան յատկապէս ողջունեց եկեղեցւոյ նորանշանակ դպրապետ Տիար Երուանդ Քէշիշեանը եւ բարի երթ մաղթեց անոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ գնահատեց Բարշ. Յարութիւն Սրկ. Մաթոսեան տասնամեակներու իր կամաւոր ծառայութեան համար։

Անդրադառնալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներբողեց Աստուածորդւոյն մարդեղացման խորհուրդը եւ շեշտեց ըսելով. «Քրիստոս մարդացաւ ո՛չ միայն մարդ արարածը փրկելու մեղքի տիղմէն՝ այլ նաեւ սէր, հաճութիւն եւ խաղաղութիւն սփռելու մարդոց պապակ հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ։ Քրիստոսի ծննդեան պահուն, երկինք եւ երկիր իրարու հանդիպեցան, որովհետեւ այդ հանդիպման կապը Աստուծոյ սէրն էր մարդկութեան հանդէպ, որուն համար Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մարդը բարձրացնէ իր սկզբնական պատկերին եւ Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը իր երբեմնի հարազատ եւ յաւերժական վիճակին մէջ հաստատէ։ Ս. Ծննդեան աւետիսը անգամ մը եւս կու գայ վերանորոգելու մեզ եւ իր խաղաղութեամբ պարուրելու մեր հոգիները։ Սէրը, հաճութիւնը, եղբայրութիւնն ու համերաշխութիւնը մեր երկրաւոր կեանքերը առաւել ամուր հիմերու վրայ կը դնեն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, հաւատացեալները որպէս մէկ ընտանիք բոլորուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ եւ «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականի երգեցողութեամբ, իրենց հետ տուն տարին Յիսուսի Ս. Ծննդեան աւետիսը խորհրդանշող ճրագը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022