Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Ճրագալոյցի օրը, Ուրբաթ, 5 Յունուար 2018ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ.
buy cipro online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cipro.html no prescription
Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեանի, Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի եւ Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Քէշիշեանի, ջրօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Կլենտէյլի Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ, իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։
Ներկայ էին Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթիօ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ոստիկանապետ Ռապըրթ Գասթրօ, հրշէջներու բաժանմունքի վարիչ Կրէկ Ֆիշ, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ատըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Մէյրի Յովակիմեան եւ հիւանդանոցի պատասխանատուններ։
Հիւանդանոցի հոգեւոր խորհրդատու՝ Գէսի Մըքարթի, ողջունելէ ետք հոգեւոր հայրերը ու պատուոյ հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին ու հոգեւորականներուն, որ այս տարի եւս տօնական այս օրերուն կ’այցելեն հաստատութիւնը եւ Ս. Ծննդեան տօնի օրհնութիւնները կը բերեն հիւանդանոցին ու մանաւանդ հիւանդներուն: Ան հրաւիրեց ծերակուտական Փորթանթինոն, որ արտասանէ սրտի խօսք մը։ Վերջինը շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Հայր Սուրբը խօսք առնելով, ողջունեց հիւրերը եւ պաշտօնէութիւնը, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց բոլորին եւ բացատրեց, թէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Քրիստոսի Ծննդեան տօնին հետ միատեղ, կը նշէ Անոր Մկրտութիւնը, որ կը յիշատակուի ջրօրհնէքի սրբազան արարողութեամբ. ջուրին մէջ Ս. Միւռոնի հեղումը կը խորհրդանշէ Յորդանան գետին մէջ Յիսուսի Մկրտութեան պահուն Ս. Հոգիին իջնելը։
Հայր Սուրբի խօսքի աւարտին, հոգեւոր հայրերը կատարեցին ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ապա, ներկաները ստացան օրհնուած ջուր եւ աղօթագիրքեր։
Հոգեպարար արարողութենէն ետք, Հայր Սուրբն ու հոգեւորականները, ընդառաջելով ծնողներու փափաքին՝ այցելեցին նորածին մանուկի մը սենեակը եւ օրհնեցին զայն, ծնողքին նուիրելով Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութենէն աղօթագիրք մը։