Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ս. Ստեփանոս նախավկայի եւ առաջին սարկաւագի տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ներկայ էր Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Նկատի ունենալով, որ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներու, «Տէր Ողորմեա»էն առաջ, խորան բարձրացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որուն հետեւեցան սարկաւագները՝ վառուած մոմերը իրենց ձեռքին, «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ, ապա ծնրադրելով՝ ստացան Սրբազան Հօր օրհնութիւնը, շնորհաւորանքը եւ լսեցին իր պատգամը:
Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ քաջ քարոզիչ, Քրիստոնէութեան առաջին նահատակ եւ նախավկայ Ս. Ստեփանոսի սրբակենցաղ կեանքին մասին, գովերգելով անոր խոնարհ ծառայութիւնը ոչ միայն Աստուծոյ, այլ նաեւ ժողովուրդին, հրաւիրելով մեր սարկաւագները եւ եկեղեցւոյ նուիրեալները, հետեւելու նահատակ սուրբին օրինակին: Ապա, ան անդրադարձաւ օրուան ճաշու աւետարանին, ուր նկարագրուած էր Քրիստոսի առակներէն՝ «Փարիսեցին եւ Մաքսաւորը», ցոյց տալով որ իր աղօթքը խոնարհութեամբ, համեստութեամբ եւ ինքնաճանաչութեամբ կատարած Մաքսաւորը աւելի արդարացած տուն գնաց, քան հպարտ եւ ինքնահաւան Փարիսեցին, եւ հրաւիրեց հաւատացեալները Մաքսաւորի օրինակով աղօթելու: Ան իր խօսքը աւարտեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին բարեմաղթութիւններով, օրհնելով եւ շնորհաւորելով ներկաները։
Պատարագիչ Տէր Հայրը փառք տուաւ ամենաբարի Աստուծոյ, որ այս տարի եւս արժանի ըրաւ պահպանելու եկեղեցւոյս տարիներու բարի աւանդոյթը՝ տարեվերջին հիւրընկալելու Առաջնորդ Սրբազանը: Յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հովուական օրհնաբեր այցելութեան եւ ոգեշունչ պատգամին համար։ Ան խնդրեց հաւատացեալներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան համար:
Յաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ապա, «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր օրհնեց հանգուցեալ ազգային բարերար Կայծակ Օհաննէսեանի հոգւոյն, անոր տիկնոջ՝ Տիկ. Անահիտ Պաղտատլեան-Օհաննէսեանի կողմէ տրուած հոգեճաշը, անոր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով: Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց բոլորը։