Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Վարժարանները Բացին Իրենց Դռները Կրթական 2022-2023 Տարեշրջանի Ընդառաջ

Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարանները լայն բացին իրենց դռները՝ ողջունելով կրթական նոր՝ 2022-2023 տարեշրջանը եւ բարի գալուստ մաղթեցին սիրասուն աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն, որոնք հաւատալով Ազգային վարժարանի հայակերտման եւ մարդակերտման միաձոյլ առաքելութեան՝ հոգեւոր, գիտական եւ մշակութային գիտելիքներու դարբնոց բերին իրենց մատղաշ զաւակները, որպէսզի Ազգային վարժարաններու մէջ անոնք թրծուին հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ երբ մեծնան՝ համայնքին ու ազգին պատիւ բերող ղեկավարներ եւ գործունեայ տարրեր դառնան:

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, այս առիթով ներկայ եղաւ Էնսինոյի Ս.
buy cialis daily online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/cialis-daily.html no prescription

Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան եւ սրտագին մաղթանքներ ուղղեց աշակերտներուն՝ խնդրելով Աստուծմէ, որ կրթական նոր՝ 2022-2023 տարեշրջանը նաեւ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան համար ըլլայ հեզասահ, առողջ եւ յաջող, լեցուն՝ անմոռանալի ու քաղցր յիշատակներով:

Իր խօսքին ընդմէջէն ան նաեւ գնահատեց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մեծ ընտանիքը՝ Ուսումնական մարմին, Տնօրէնութիւն, Ուսուցչական կազմ, աշակերտներ եւ ծնողներ՝ նշելով, որ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանը անքակտելի մասնիկն է Ս.
buy xifaxan online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/xifaxan.html no prescription

Նահատակաց եկեղեցւոյ՝ ըսելով, որ կրթական ազգային այս հաստատութիւնը ներկայիս կը թեւակոխէ ընդարձակման ու վերակազմակերպման, արդիականացման ու փայլուն հեռանկարներով լեցուն նոր հանգրուան, ապա յաւելեալ ուժ, խանդ ու համբերութիւն մաղթեց պաշտօնէութեան ու մշակներուն, որպէսզի գործեն անխափան եւ տարուէ տարի աճող ու բազմացող հայ աշակերտութեան դպրոցական այնքան կենսական տարիները լեցնեն ամբողջ կեանքի մը համար պիտանի գիտելիքներով, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու մանաւանդ՝ իրենց եկեղեցւոյ ու վարժարանին տէր ու թիկունք կանգնելու գիտակից նախանձախնդրութեամբ:

Եզրափակելով, Առաջնորդ Սրբազանը գօտեպնդեց բոլոր այն ծնողները, որոնք իրենց զաւակները ոչ միայն կը վստահին Ազգային վարժարաններու, այլեւ իրենց ներկայութեամբ, կեցուածքով ու օժանդակութեամբ ընդգծելի նպաստ կը բերեն՝ ընդհանրապէս համայնքային կեանքի ծաղկումին եւ մասնաւորապէս եկեղեցի-վարժարան կապի առաւել սերտացման ու արդիւնաւորման:

Հուսկ, Թորգոմ Եպիսկոպոս աղօթքով դիմեց առ բարին Աստուած, որ անսասան պահէ աշխարհի հայկական վարժարաններն ու համայն հայութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022