Հանրային Վարժարաններ Յաճախող Աշակերտներու Յանձնախումբի (CASPS) 20-Ամեակ


Հանրային Վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու ուսումնական եւ դպրոցական կարիքներուն բաւարարութիւն տուող Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ յանձնախումբը՝ CASPSը Կիրակի, 25 Յունուարի յետմիջօրէին տօնեց իր կազմութեան 20րդ տարեդարձը:

Տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթով մը, Կլենտէյլի “Անուշ” ճաշարանին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան: Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան եւ յանձնախումբին մօտ Ազգ. Վարչութեան կապ Տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան:

Հանդիսավարին՝ Տիար Ալեքս Քալոկնոմոսի ողջոյնի խօսքէն ետք, Տէր Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը: Ճաշի պահուն, ցուցադրուեցաւ յանձնախումբին աշխատանքները պատկերող տեսաերիզ մը, որմէ ետք աշակերտուհի մը գեղեցկօրէն ներկայացուց պարային պատկեր մը:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրուեցաւ իր գնահատանքի խօսքն ու պատգամը ուղղելու: Ան գնահատանքի արտայայտութիւններով վեր առաւ յանձնախումբին 20 տարիներու ծառայութիւնները եւ դրուատեց նուիրեալները, ապա, մէջբերելով նախագահ Ռուզվէլթի այն խօսքը, թէ “Միշտ չենք կրնար կերտել մեր երիտասարդներուն ապագան, սակայն կրնանք մեր երիտասարդները պատրաստել ապագային համար”, նշեց, որ այսպիսի մտածումով էր որ 20 տարի առաջ կազմուեցաւ CASPSը, որ իր առաքելութիւնը անվհատ կը շարունակէ տարիներէ ի վեր: Ան շեշտեց, որ մեր պատանիներուն եւ երիտասարդ սերունդի անդամներուն ֆիզիքական, մտային ու հոգեբանական աճը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի, իսկ Առակաց գիրքը կը թելադրէ. “Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի”:

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող CASPSը կը վայելէ անոր ամբողջական զօրակցութիւնը, սակայն անիկա կարիքը ունին նաեւ մեր ժողովուրդին բարոյական ու նիւթական աջակցութեան: Ան կոչ ուղղեց, որ 20ամեակի այս հանգրուանը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդին, որպէսզի կանգնի CASPSի կողքին, որովհետեւ “CASPSի ծառայութեան մէջ ներդրում՝ կը նշանակէ ներդրում ունենալ մեր երիտասարդներու ապագային կերտումին մէջ: Դուք ձեր բաժինը կ’ընէք առողջ եւ արդիւնաւոր երիտասարդներու կրթութեան առաքելութեան մէջ, ու չկայ աւելի մեծ վարձատրութիւն, քան մասնակցութիւն մեր հաւաքական կեանքին ու յաջող ապագային կերտումին”, շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Իր խօսքի վերջին բաժինով, Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայ աշակերտներու ստուար թիւ մը կը յաճախէ հանրային վարժարաններ, ու CASPSը նուիրուած է անոնց ծառայութեան: Ան մասնաւորաբար գնահատեց CASPSի հիմնադիր սերունդէն երկու անդամներ՝ Տիկին Մետիա Քալոկնոմոսը եւ Տիար Ռուբիկ Կիւրճեանը, որոնք համա-ատենապետներն են այս յանձնախումբին ու մեծ նուիրումով կը շարունակեն իրենց սկզբնաւորած գործը: Երկու երախտաւորները յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան եւ Առաջնորդ Սրբազանին ձեռամբ ստացան CASPSի կողմէ պատրաստուած գնահատանքի յուշանուէրներ՝ իրենց օգտաշատ եւ անձնազոհ ծառայութեան համար: Մեծարեալները շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին, ապա, Տիար Ռ. Կիւրճեան արտասանեց CASPSի խօսքը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022