ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր հաւատացեալ ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան կը

յանձնենք, որ վերջին շաμաթներուն, գաղութիս անդորրութիւնը խանգարող

երեւոյթներ ի յայտ եկան, Թեմիս Կրօնական Դաստիարակութեան

Բաժանմունքի վարիչներէն՝ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանի

գաղթականական օրէնքի հիմամμ շրջանէս մեկնումին պատճառով։

Կը հասկնանք եւ կը յարգենք այս գծով մեր ժողովուրդի կարգ մը

զաւակներուն արտայայտած մտահոգութիւնը ու ցուցաμերած

նախանձախնդրութիւնը։ Ազգային Վարչութիւնը հետամուտ է Հայր Սուրμի

օրինական կեցութիւնը ապահովելու քայլերուն։ Հետեւաμար, կոչ կþուղղենք

մեր հաւատացեալներուն, որ հեռու մնան հաղորդակցութեան տարμեր

միջոցներով շրջանառութեան դրուած սխալ տեղեկութիւններէ, անճիշդ

հաստատումներէ ու վարկաμեկիչ վերագրումներէ յառաջացած վատառողջ

մթնոլորտէ։

Մեր ժողովուրդի զաւակները գիտեն, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկոսութեան միաμանութիւնը, օրհնութեամμ Վեհափառ

Հայրապետին, իր առաքելութեան մէջ միշտ գերադաս կը նկատէ

գաղութային եւ համահայկական գերագոյն շահերը։

Արդ, մեր սպասումն է որ մեր ժողովուրդի զաւակները վեհանձն

գիտակցութեամμ ու նախանձախնդիր՝ մեր եկեղեցական եւ ազգային

հաստատութեանց վարկին, յարգալից վերաμերում ցուցաμերեն մեր

եկեղեցւոյ կանոններուն ու նուիրապետական կարգերուն նկատմամμ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022