Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Նշումը Լոս Անճելըսի Մէջ


Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2017-ին, Արեւմտեան մեր Թեմի հայութիւնը իր ձայնն ու գործը միացուց համայն հայութեան, ոգեկոչելու համար յիշատակը Թուրքիոյ կողմէ 102 տարի առաջ գործադրութեան դրուած հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներուն եւ յիշեցնելու աշխարհին, որ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ մեր ափերը եւ այլուր, հաստատ կը մնայ իր արդար պահանջատիրութեան մէջ։ Այս կամքը արտայայտուեցաւ քաղաքական հաւաքներով, Արդարութեան Քայլարշաւով եւ ոգեկոչական հանդիսութիւններով։

Պահանջատիրական ամէնէն համապարփակ ու մեծագոյն արտայայտութիւնը Արդարութեան Քայլարշաւն էր, որ սկիզբ առաւ Լոս Անճելըսի «Փան Փասիֆիք» հանրային պարտէզին մէջ ժողովրդային համախմբումով, ճառախօսութիւններով ու անկէ դէպի թրքական հիւպատոսարան յետմիջօրէի քայլարշաւով։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասու եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ, պետական բարձրաստիճան դէմքեր, որոնց շարքին՝ Քալիֆորնիոյ փոխ կառավարիչ Կէվին Նիւսըմ, դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Էտըմ Շիֆ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարակոսա, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ տարբեր ազգութեանց ներկայացուցիչներ մասնակցեցան այս հաւաքներուն։ Հիւպատոսարանին առջեւ, ճառախօսութեանց կողքին, իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։

Նոյն երեկոյեան, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքապետութեան ոգեկոչական աւանդական ձեռնարկը՝ «Ալեքս» սրահին մէջ։ Գլխաւոր բանախօսն էր Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիար Ռոպէրթ Աւետիսեան։ Իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցիչները, ներկայ եղան Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Նախօրեակին, Կիրակի, 23 Ապրիլին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ մեր Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի կազմակերպած համագաղութային ոգեկոչումը։ Ներկայ էին բազմահազար պահանջատէր հայորդիներ։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրեր ներկայ էին հաւաքին, որ սկսաւ Ս. նահատակներու բարեխօսական աղօթքով։ Բանախօսներուն շարքին էին խորհրդարանի անդամ Լինտա Սանչէս, Քալիֆորնիա նահանգի ելեւմտական մարզի պատասխանատու Ճոն Չիանկ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, թուրք իրաւաբան, գրող եւ քաղաքական գործիչ Ֆեթհիէ Չեթին եւ ասորի ցեղասպանագէտ Սապրի Աթման։

Նոյն երեկոյեան, Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպած աւանդական հսկումը։ Խօսք առին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Դոկտ. Վիգէն Եագուպեան եւ գրող ու քաղաքական գործիչ Փօլ Վոն Պլում։ Կատարուեցաւ նաեւ երաժշտական մատուցում։ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան մասնակցութիւն բերին աղօթքի արարողութեան։

Շաբաթ, 22 Ապրիլի երեկոյեան, ոգեկոչական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, մասնակցութեամբ պետական ու գաղութային ներկայացուցչական դէմքերու։ Իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցիչները՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան աղօթքով մասնակցութիւն բերին յայտագիրին։

Նշենք նաեւ, որ Հինգշաբթի, 20 Ապրիլին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանի հայկական վարժարաններէ աւելի քան 700 աշակերտներ խմբուեցան Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին առջեւ, ընկերակցութեամբ տնօրէններու եւ ուսուցիչներու։ Անոնք ոգեկոչեցին յիշատակը մեր սուրբ նահատակներուն ու վերանորոգեցին անոնց կտակին հաւատարմութեան ուխտը։ Ներկայ էին նաեւ պետական ընտրեալ պաշտօնատարներ։ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան աղօթքով մասնակցութիւն բերին յայտագիրին։ Տեղի ունեցան ճառախօսութիւններ եւ ծաղիկներու մատուցում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022