Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ, կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը, կրօնական, մշակութային եւ քաղաքական զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն։ Մեր գաղութէն ներս, Չորեքշաբթի 24 Ապրիլին, շարգ մը ոգեկոչական ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, որոնց պիտի մասնակցին տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, յարգելու համար մեր սրբադասուած մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակը։ Առաջնորդ Սրբազանը, Առաջնորդական փոխանորդը, հոգեւորականաց դասն ու Ազգային Վարչութեան անդամները պիտի մասնակցին ձեռնարկներուն հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.-

Ապրիլ 24ի առաւօտուն, ժամը 9-ին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 901 Via San Clemente) տեղի պիտի ունենայ համագաղութային ոգեկոչում, կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինին։ Յայտագիրին մէջ նկատի առնուած են բարեխօսական աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներուն, բանախօսութիւններ ու ծաղկեպսակներու զետեղում։

Կէսօրէ ետք, ժամը 1-ին, տեղի պիտի ունենայ «Արդարութեան Քայլարշա»ը դէպի թրքական հիւպատոսարան, ուր յատուկ ելոյթներ պիտի ըլլան եւ գեղարուեստական յայտագիր մը պիտի գործադրուի։

Երեկոյեան, ժամը 6-ին, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարեխօսական կարգ, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի։

Իսկ Ուրբաթ, 26 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմինը կազմակերպած է կլոր սեղան ասուլիս մը «Պահանջատիրութիւն, հատուցում, արդարութիւն» խորագիրով, որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ։

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլան ոգեկոչական ձեռնարկներուն, յարգելու համար մեր սրբադասուած նահատակներու յիշատակը եւ հաւաքաբար պահանջատէր դառնալու արդարութեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022