Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Եղբայրակցութեան եւ Հայկ. Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները կը Շնորհաւորեն Առաջնորդ Սրբազանը


Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Աւօ Եղբայր Գապաքչուզեանի, Երեքշաբթի, 14 Յունիս 2016ին այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան եւ ընդունուեցան Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները եկած էին Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով ու փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները:

Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Եղբայրակցութեան հոգեւոր ծառայութեան աշխատանքներն ու ծրագիրները, որոնց մասին Առաջնորդ Սրբազանը արձանագրեց գնահատանք եւ կատարեց թելադրանքներ:

Առաջնորդ Սրբազանը Չորեքշաբթի, 15 Յունիսին ընդունեց այցելութիւնը նաեւ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, որ նմանապէս Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորելու վերընտրութեան առիթով: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հիմնարկի նախագահ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն:

Հ. Ո. Հիմնարկի ներկայացուցիչները այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանին հակիրճ տեղեկութիւններ տուին իրենց հայրենանուէր ու մարդասիրական աշխատանքներուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նուիրեալ ծառայողներուն մասին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ծրագիրներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ