Շնորհաւորական Այցելութիւններ Առաջնորդ Սրբազանին Վերընտրութեան եւ Ձեռնադրութեան 40-ամեակին Առիթներով


Չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2016ի յետմիջօրէին, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ ծխական համայնքի նուրիեալ ներկայացուցիչները այցելեցին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանին, անգամ մը եւս շնորհաւորելու զինք վեցերորդ քառամեակի մը համար վերընտրութեան եւ յատկապէս կուսակրօն քահանայական ձեռնադրութեան 40ամեակի առիթներով։

Տէր Հայրը խօսք առնելով, շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը եւ քաջառողջութիւն մաղթեց անոր՝ եկեղեցական եւ ազգային ծառայութեան մէջ։ Խօսք առին նաեւ ներկաներ եւ իրենց սրտագին մաղթանքները փոխանցեցին Սրբազան Հօր։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, եւ 40-ամեայ հոգեւոր ծառայութեան ուխտի վերանորոգութեան հոգիով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ նուիրեալներուն, յատուկ շեշտ դնելով ծխական համայնքի առաւել պայծառացման։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գոհունակութիւն յայտնեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ գործունէութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔ. ԵԿԵՂԵՑՒ Ուրբաթ, 24 Յունիսի կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին նաեւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանի։

Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Յարութ Դարբինեանն ու Տէր Հայրը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեցին Առաջնորդ Սրբազանին եւ հակիրճ կերպով անդրադարձան եկեղեցւոյ աշխատանքերուն մասին: Ներկայացուցիչները ձայնակցեցան բարի մաղթանքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազանին՝ յառաջիկայ չորս քառամեակի ծառայական աշխատանքի դաշտերուն մէջ: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու ծխական շրջանի ծրագիրներուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը զօրակցութիւն յայտնեց ներկայացուցիչներուն ու մաղթեց, որ անոնց աշխատանքները զարգացում ապրին, ի փառս մեր եկեղեցւոյ եւ ի ծառայութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Նշենք, որ Չորեքշաբթի, 22 Յունիսի յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց նաեւ Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան գօտիի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն շնորհաւորական այցելութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։

Հանդիպումը առիթ եղաւ տեղեկութիւններ հաղորդելու Համազգայինի անմիջական ծրագիրներուն մասին: Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ու մասնաճիւղերու աշխատանքներուն մասին, մաղթելով յարատեւութիւն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022