Օծում Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Գաւիթի Դրան Ապակենկարի եւ Երեք Սրբապատկերներու


Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2014ը, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Յինանց Ա. Կիրակին էր, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի համար տօնական օրուան մը վերածուեցաւ. հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր եկեղեցւոյ մէջ։ Առաւօտեան ժամերգութենէն ետք, Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, իր հայրական պատգամը փոխանցեց եւ օծեց գաւիթի նոր դրան խաչի ապակենկարն ու եկեղեցւոյ երեք սրբապատկերները։

Ս. Պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը, Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիկին Թէրեզ Քէմանճեան, Ազգային երեսփոխաններ, եկեղեցւոյ բարերարներ ու քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ։

Ս. Պատարագի ընթացքին, քարոզէն առաջ, “Ուրախ լեր” շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ սպասարկող սարկաւագներուն եւ Տէր Հօր թափորով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աւանդատունէն առաջնորդուեցաւ Ս. Խորան։ Սարկաւագներու կողմէ ընթերցուած սաղմոսէն ետք, Սրբազանը կարդաց եկեղեցւոյ սրբապատկերներու օծման կանոնի հոգենորոգիչ աղօթքը խնդրելով.- “Սուրբ ես, Տէր, եւ սուրբերու մէջ կը բնակիս, սրբէ Քու սուրբ վկաներուդ այս պատկերները, զոր մենք անոնց յիշատակին համար եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան, ու Ամենասուրբ Երրորդութեանդ ի պատիւ ստացանք։ Դուն ինքդ, Ո՜վ Տէր, օրհնէ եւ սրբէ այս պատկերները եւ ընդունէ մեր երկրպագութիւնը Քու փառքիդ համար։ Դուն բարիով վարձատրէ բոլոր անոնք, որոնք վաստակեցան ասոր համար եւ հատուցանէ անոնց՝ քու բարի պարգեւներդ տալով։” “Զորս ըստ պատկերի քում” շարականի երգեցողութեամբ, Սրբազանը հերթով օծեց սրբապատկերները։ “Ամէն ալէլուիա”ի երգեցողութեամբ՝ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին օծեց եկեղեցւոյ գաւիթի նոր դրան խաչի ապակենկարը, որուն բարերարներն են՝ Մկօ, Թալին, Նայիրի եւ Արի Փանոսեան։ Երկրորդ հերթին՝ օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս՝ Հայոց առաջին լուսաւորիչ առաքեալներուն սրբապատկերները, որոնց բարերարներն են Տէր եւ Տիկին Արփիար եւ Հերմինէ Ճանոյեան եւ Գաբրիէլեան ընտանիք։ Ապա օծեց “Վերջին ընթրիք”ին պատկերը, որուն բարերարներն են Գալուստ Շխըրտմեան եւ ընտանիքը։

Օծման արարողութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը օրհնեց եւ իր բարեմաղթանքները ուղղեց սրբապատկերներու բարերարներուն եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ապա, իր հայրական պատգամը ուղղելով, նախ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դէպի Անթիլիաս եւ Մայր Հայրենիք՝ Ս. Էջմիածին ուղեւորութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով աղօթակից կ’ըլլայ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալ ժողովուրդին հետ։ Սրբազանը անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայ եկեղեցւոյ զոյգ Հայրապետներուն նախագահութեամբ կայացած՝ Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայ ազգը եւ Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցին յուզող հարցերը, յատկապէս՝ վերատեսութեան ենթարկուած Ս. Մկրտութեան եւ Դրոշմի արարողակարգը, Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ մեր նահատակներուն հաւաքական սրբադասման եւ այլ հարցերը։

Ապա, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան ճաշու աւետարանական հատուածին՝ “Անմիտ մեծահարուստ”ի առակին եւ անկէ բխող կոչին, որ կը թելադրէ հարստանալ Աստուծոյ աչքին, հարստանալ մեր եկեղեցիով, մեր ազգով, հարստանալ հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Անմիտ մեծահարուստին եսասիրութեան, անձնասիրութեան ու Աստուծոյ միջամտութեան մասին խօսելով՝ մատնանշեց թէ ան հակառակ իր վայելած բարիքներուն, չէր գիտեր գոհանալ, բաւարարուիլ եւ խնդրել Աստուծոյ արքայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ.- “Մենք ամէն օր Տէրունական աղօթքին մէջ կ’ըսենք “Եղիցին կամք Քո, որպէս յերկինս եւ յերկրի”, եւ Տիրոջ կամքը կը խնդրենք. եթէ երբեք Աստուծոյ կամքին ապաւինինք, եթէ երբեք Աստուծոյ աչքին հարստանալու մեր ճիգին մէջ մենք զիրար գերազանցենք, նիւթական բարիքները Աստուծոյ կողմէ մեզ կ’ողողեն, եւ արդարօրէն հանգստաւէտ կեանք եւ պայմաններ կ’ունենանք, բայց նաեւ Աստուծոյ աչքին պէտք է հարստանանք, պէտք է մեր եկեղեցւոյ աչքին հարստանանք, պէտք է մեր ազգին աչքին հարստանանք : Ինչպէ՞ս կը հարստանանք մեր վայելած բարիքներէն, եթէ ոչ՝ մեր վայելած շնորհքներէն բաժին հանելով մեր նմաններուն: Մենք ունինք այնպիսի նուիրեալ հաւատացեալներ, որոնք իրենց արդար վաստակէն բաժին կը հանեն Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին: Վկայ այս եկեղեցւոյ շինութիւնը, վկայ այս եկեղեցւոյ համար եղած բարերարութիւնները, վկայ նաեւ մեր թեմական կեանքին, ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ մեր ունեցած բոլոր իրագործումները: Աստուած Իր պարգեւած բարիքներուն կողքին նաեւ ուղղութիւն կու տայ, որպէսզի բաժին հանեն նաեւ եկեղեցւոյ եւ ազգին: Հետեւաբար, սիրելիներ, մեր երկրաւոր կեանքի տեւողութեան ուշադիր պիտի ըլլանք իմաստուն եւ ճշմարիտ տնտեսներ ըլլալու Աստուծոյ աչքին, որպէսզի մեր կեանքը կարենանք լաւ տնտեսել մեր նիւթականով, բարոյականով, հոգեկանով, եւ հաւասարակշռուած կեանքով մը Աստուծոյ աչքին հարստանալ եկեղեցին եւ ազգը առաւել պայծառացնելու մեր ճիգին մէջ։ Այս իմաստով զիրար գերազանցենք, մեր կեանքը արժեւորենք, եւ այն ատեն վստահաբար պիտի կարենանք ըսել, “մենք կը խնդրենք Աստուծոյ արքայութիւնը, մնացեալը Աստուած աւելիով պիտի տայ մեզի”։ Ան որ աղքատին կ’ողորմի, ինչպէս կը կարդանք Առակաց գիրքին մէջ, Աստուծոյ փոխ տուած կ’ըլլայ։ Հետեւաբար, մեր յաւիտենական կեանքը կախեալ է յատկապէս մեր երկրաւոր կեանքի ապրելակերպէն՝ հաւատքով հարստացած, Աստուծոյ շնորհքներով պայծառացած. մեր ունեցած բարիքներով մեր շրջապատը պայծառացնելու դիրքին մէջ ըլլալով՝ կը դառնանք ազնիւ եւ հաւատարիմ մշակները եւ ծառաները մեր ազգին«։

Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանները, տիկնանց միութիւնը, եկեղեցույ բարերարներն ու բոլոր նուիրեալ սպասարկողները։

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան աւարտին, “Անտոն Անտոնեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022