Ծխական Աշխատանքներու Վերակենսաւորման Նպատակով Խորհրդակցական Ժողով՝ Ազգ. Առաջնորդարանի Յարկին Տակ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգ. Վարչութեան հրաւէրով, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծխական շրջաններու հոգաբարձութեանց հետ խորհրդակցական հանդիպում մը, որ յատկացուած էր մեր եկեղեցիներուն ծառայող հոգեւոր հայրերուն ու գործադիր մարմիններուն՝ հոգաբարձութեանց ընթացիկ աշխատանքներուն վերակենսաւորման միջոցներուն։ Ըստ էութեան, հանդիպումին առանցքը կազմեց աշխատանքային ուղեցոյց մը, որ մշակուած էր երկարաշունչ ուսումնասիրութիւններէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք եւ նպատակ ունէր աւելի կազմակերպ հունի մէջ դնել եկեղեցիներու յարկին տակ օրը օրին ընթացող աշխատանքներն ու յարակից դաշտերը։

Հանդիպումը բացուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով ու ողջոյնի խօսքով։ Ան առաջին հերթին գնահատանքով կանգ առաւ այն ծառայութիւններուն վրայ, որոնք կը մատուցուին ընտրեալ կամաւորներու կողմէ, գործակցաբար հոգեւոր հովիւներուն, միաժամանակ շեշտը դնելով Ազգային Առաջնորդարանին եւ ծխական շրջաններուն միջեւ սերտ կապերուն եւ փոխադարձ ու արդիւնաւոր աշխատանքի հրամայականին վրայ։ Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ այս հանդիպումը իբրեւ մեկնակէտ ունի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի այն տրամադրութիւնը, ըստ որուն, անհրաժեշտ է Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան եւ ծխական շրջաններու գործադիրներուն միջեւ նման հանդիպում, կեդրոնանալու համար հոգաբարձութեանց աշխատանքին համար մշակուած ուղեցոյցին լուսաբանման վրայ։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, որ պատրաստած էր հակիրճ զեկոյց մը. պաստառի վրայ բացատրականներու ցուցադրութեամբ. ան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց պատմական այն հանգրուաններուն վրայ, որոնց հիմամբ մշակուած է հոգաբարձութեանց աշխատանքի ուղեցոյցը։ Ան յիշեցուց, որ ներկայ ուղեցոյցը իբրեւ խորքային հիմ ունի Ազգային Սահմանադրութիւնը, որուն վրայ մշակուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ապա նաեւ մեր Թեմի կանոնագիրները։ Այս ուղեցոյցը նկատի ունի մասնաւորաբար այն սկզբունքներն ու կանոնները, որոնց պէտք է հետեւին ծխական շրջաններու աշխատանքներուն մասնակիցները, մէկ կողմէ՝ վարչական աշխատանքային միօրինակութիւն ունենալու եւ միւս կողմէ, նոյն համակարգին մաս կազմած ըլլալու իրականութիւնը մարմնաւորելու համար։

Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան զեկուցում մը ներկայացուց ուղեցոյցի որոշ բաժիններու մասին, որոնք կը վերաբերին հոգեւոր ծառայութեան։ Ան գլխաւորաբար ծանրացաւ արարողութեանց եւ անոնց հիմ ծառայող՝ մեր Եկեղեցւոյ վարդապետութեանց վրայ։

Ազգ. Վարչութեան գանձապահ Տիար Աւօ Քէշիշեան բացատրական զեկոյցով մը լուսաբանութիւններ տուաւ ուղեցոյցի այն բաժինին մասին, որ կը վերաբերի հաշուապահական եւ նիւթական-տնտեսական գործառնութեանց։ Ան կանգ առաւ նաեւ կարգ մը գործառնութեանց օրինական երեսին վրայ, ժողովականներու տրամադրութեան տակ դնելով նաեւ այս նպատակով պատրաստուած ամփոփագիրներ։

Զեկուցականներէն ու բացատրականներէն ետք, արձանագրուեցաւ հարց-պատասխանի պահ մը. հոգաբարձուներ, մեկնելով իրենց ընթացիկ փորձառութիւններէն, ուղղեցին գործնական հարցումներ եւ ստացան համապատասխան պատասխաններ։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութիւն արտայայտեց արդիւնաւոր խորհրդակցութեանց համար, դրուատիքով անդրադարձաւ զեկուցաբերներուն մասին եւ անգամ մը եւս շեշտեց սերտ գործակցութեան, որդեգրուած ուղեցոյցին լաւագոյնս հետեւելու հրամայականն ու հոգիով ու սիրով ծառայելու ու գործելու կարեւորութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց աշխատանքներուն բարելաւման յանձնառութեան մէջ, յիշեցնելով, որ նման խորհրդակցութիւններ մաս կը կազմեն այն քայլերուն, որոնք համապատասխան եւ 2017-ը Վերանորոգումի Տարի հռչակող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամին, յորդոր մը՝ որ չէ սահմանափակուած միայն այս տարիով, այլ մշտական վերանորոգումի եւ վերակենսաւորման թելադրանք է բոլորիս համար։

Հանդիպումը վերջ գտաւ Պահպանիչ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022