Խաչքարի Յուշատախտակի Քօղազերծում Ազգ. Առաջնորդարանէն Ներս


Չորեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներէն՝ հանգուցեալ Գրիգոր Պետրոսեանի տիկնոջ՝ Քէթիին, դստեր՝ Ճէյն Ասմարին ու ամուսնոյն՝ Սքաթ Ասմարին եւ թոռներուն, որոնք եկած էին իրենց ամուսնոյն, հօր, եւ մեծ հօր յիշատակին ձօնուած խաչքարը տեսնելու եւ յուշատախտակի քօղազերծումը վկայելու, որմէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուղեկցութեամբ աւելի մօտէն ծանօթացան Ազգային Առաջնորդարանի կառոյցին եւ բաժանմունքներուն։

Այս առթիւ, Տէր եւ Տիկին Ասմար, գնահատելով Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելութիւնը, եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն մեր Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ունեցած նուիրումին, իշխանական նուիրատուութեան խոստում մը կատարեցին, որ պիտի յատկացուի Ազգ. Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ երիտասարդական ծրագիրներուն։ Մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին մօտ ապագային։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022