Անթիլիասի Մայրաքանք Վերադարձին Առիթով՝ Ս. Պատարագ եւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի

Ուրբաթ, 20 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց Միութեան, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ ապա տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի, որ շուրջ երեք ու կէս տարիներու իր ծառայութեան աւարտին, ի մօտոյ պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք։

Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ ճաշկերոյթին նախագահեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ներկայ էին Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, քահանայ հայրեր, պատուելիներ, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան ու անդամներ եւ գաղութի ներկայացուցիչներ։

Օրուան պատարագիչ Հայր Սուրբը իր պատգամի բնաբան ընտրած էր «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք» (Ղկ. 17.10) աւետարանական խօսքը։ Ան իր քարոզը կեդրոնացուց ծառայութեան վրայ եւ շեշտադրեց, որ ծառայութիւնը դարձած է Հայ Եկեղեցւոյ նշանաբանը եւ մեր եկեղեցին կոչուած է ծառայելու ժողովուրդին, բաժնելու մեր ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու ցաւերը՝ գործնապէս դառնալով ժողովուրդի՛ եկեղեցին։ Հայր Սուրբը ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդին նուիրումով ծառայելու կոչուած հոգեւորականներ կը պատրաստուին Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ, ուր պատանի սաներու սրտերու դաշտերուն մէջ կը ցանուին ծառայութեան սերմերը։ Ապա ան նշեց, որ ծառայողներ կու գան ու կ’անցնին՝ իրենց անբաժանելի մասնակցութիւնը բերելով համայնքի կեանքին մէջ։ Հայր Սուրբը իր քարոզի աւարտին երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր դասուն, որոնք իր առաքելութեան առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնած էին իրեն։

Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ՝ նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։

Հանդիսավարութիւնը վարեց Տիար Սեւակ Ճիէրեան։ Յաջորդաբար խօսք առին Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տիար Տէյվիտ Սրապեան, Բարշ. Պիլ Սրկ. Սաաթճեան, Բարշ. Մարք Սրկ. Շիրին, Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոս եւ Ազգային Վարչութեան անդամ Բարշ. Պերճ Սրկ. Աբգարեան եւ Նարեկ Աբգարեան։

Ճաշկերոյթի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը բովանդակէր Հայր Տաճատի հովուական ծառայութեան երեք ու կէս տարիներէն քաղուած յատկանշական պատկերներ։ Եկեղեցական համայնքին մաս կազմող զանազան ներկայացուցիչներ եւս առիթ ունեցան արտայայտելու իրենց սէրն ու երախտիքը զանազան խորհրդանշական նուէրներով եւ յուշերու պատումներով՝ միշտ վեր առնելով Հայր Տաճատի նուիրուածութիւնը իր ստանձնած հովուական ծառայութեան նկատմամբ։

Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայր Տաճատը, որ կրկին անգամ երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր փորձառութեամբ եւ յորդորներով շարունակ խրախուսած էր զինք։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան, ներկայ թէ բացակայ բոլոր անհատներուն, միութեանց ու կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն, որոնք սիրով ու յանձնառութեամբ համագործակցած էին իրեն եւ իրենց բաժինը բերած եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Յանուն Ազգ. Վարչութեան, խօսք առաւ Տիար Աբգարեան։

Ապա, իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ բարձրօրէն գնահատեց Հայր Տաճատի անսակարկ ծառայութիւնը, համեստութիւնն ու աշխատասիրութիւնը եւ այս առթիւ լանջախաչ մը նուիրեց անոր։ Ապա ան գնահատանքի ու օրհնութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Երեսփոխաններուն, Տիկնանց Միութեան, գաղութի կազմակերպութեանց, սարկաւագաց եւ դպրաց դասուն եւ ծխական համայնքի մեծ ընտանիքին, որոնք եկեղեցւոյ պայծառութեան համար իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը ի սպաս կը դնեն։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ներկաները տեղեակ պահեց, որ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան շուտով կը ժամանէ Ֆրեզնօ՝ իր նոր առաքելութեան սկսելու համար։ Ան յատուկ կերպով յանձնարարեց, որ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը նոյն գուրգուրանքն ու սէրը տածէ Հայր Աշոտի նկատմամբ եւ զօրավիգ կանգնի անոր առաքելութեան ընթացքին։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022