Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Արարատ Տան Մէջ


Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հինգշաբթի, 13 Օգոստոս 2015ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասը այցելեց «Արարատ» Տան Միշրն Հիլզի կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան յատուկ արարողութիւններ՝ պատսպարեալներուն եւ անձնակազմի անդամներուն հոգեւոր մատակարարութեան նպատակով:

Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը նախ աղօթք ու խաղողօրհնէք կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ: Տեղի ունեցաւ նաեւ նոր միւռոնով ջրօրհնէք: Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ միւռոնի բարերար ներգործութեան եւ վեր առաւ խաղողի օրհնութեան խորհուրդը՝ մեր եկեղեցւոյ ու մշակոյթի կեանքին մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Աստուածամայրը կը մարմնաւորէ մօր տիպարը, Հայ Մօր համար ան ուղեցոյց է եւ ներշնչման աղբիւր, Երկնաւոր Հօր մօտ բարեխօս է մեզի համար, եւ ապա օրհնեց բոլոր հայ մայրերը: Այս առիթով, նաեւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրող նկարազարդ աղօթքներ նուէր տրուեցան բնակիչներուն:

Հոգեւորականաց դասը այնուհետեւ անցաւ հաստատութեան մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ: Պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ նոր միւռոնով ջրօրհնէք, ինչպէս նաեւ խաղողի օրհնութեան աւանդական արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, եւ համաձայն տարիներու աւանդութեան, հոգեւոր հայրերը ճաշի սեղանի շուրջ մտերմիկ պահ մը բոլորեցին հաստատութեան պատսպարեալներուն ու անձնակազմի անդամներուն հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022