Ս. Աստուածածնի Տօնին առիթով Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք «Արարատ Տան» մէջ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Չորեքշաբթի, 15 Օգոստոս 2018-ի առաւօտուն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ հոգեւորականաց դասը այցելեցին Արարատ Տան Միշըն Հիլզի հաստատութիւն եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յատուկ եկեղեցական արարողութիւն ու խաղողօրհնէք կատարեցին հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ եւ Ս. Պատարագ՝ մատրան մէջ:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ. տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնայ տօնին յատուկ արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք։ Բնակիչներուն կողքին, արարողութեանց ներկայ էին »Արարատ Տան» հոգաբարձութեան անդամները, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը։ Երգուեցան Աստուածամօր նուիրուած մեղեդիներ ու շարականներ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ Աստուածամօր Վերափոխման մասին՝ վեր առնելով տօնին խորհուրդը եւ բացատրեց խաղողի օրհնութեան իմաստը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։

Հաստատութեան պատասխանատուներէն՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեան ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւորականներուն, որոնք յարատեւօրէն հոգեւոր խնամք կը մատակարարեն այս հաստատութեան: Ան նաեւ շնորհաւորեց Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը։

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հաստատութեան բնակիչներէն Պետրոս Սեֆէրեան Առաջնորդ Սրբազանին եւ քահանայ հայրերուն ուղղեց շնորհաւորանքի գրաւոր խօսք մը, որուն մէջ  յանուն «Արարատ» տան բնակիչներուն  շնորհակալութիւն կը յայտնէր Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւորականաց դասուն՝ հոգեպարար արարողութեանց ու մատուցուած հոգեւոր խնամքին համար, եւ կ’եզրափակէր ըսելով.- «Մենք զաւակները Ս. Եկեղեցւոյ, որդիական խոնարհութեամբ կու գանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մայրավանքէն բերուած միւռոնաբոյր օրհնութիւնը ստանալու»։

Այնուհետեւ, հոգեւոր հայրերը ուղղուեցան հաստատութեան մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչն էր Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, որ ուղղեց օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Քահանայ Հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Աստուածամօր առաքինի կեանքին ու անոր շնորհուած բացառիկ պատիւներուն մասին, որոնց վերջինն էր երկինք փոխադրումը՝ իբրեւ տօն վերափոխման։

Ս. Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց  հաստատութեան հոգաբարձութեան, անդամներուն, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ բնակիչներուն։ Ան օրհնեց բոլոր նուիրեալները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին եւ առողջութիւն՝ պատսպարեալներուն։

Արարատ Տան տնօրէնութիւնն ու անձնակազմի անդամները ճաշով հիւրասիրեցին Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւոր հայրերը: Տեղի ունեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն: Այս առիթով, պատսպարեալներուն նուիրեցին աղօթագիրքեր։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022