“Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք



Կիրակի, 20 Յուլիս 2014 թուականը յիշատակելի օր մը պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ:

Արդարեւ, ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Ազգ. Առաջնորդարանի “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” Մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով: Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ Մատրան բարերար ընտանիքի հօր՝ Ալեքսան Փիլաւճեանի հոգւոյն համար, ապա հանդիսապետեց Մատաղօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան:

Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամ Տիար Վահրիճ Փիլաւճեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:

Պատարագիչ Սրբազան Հայրը, հանդիսաւոր թափօրով եւ “Հրաշափառ”ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու սարկաւագները, որոնք եւ սպասարկեցին Ս. Սեղանին:

“Հայր Մեր”էն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ողջունեց Քրեսենթա հովիտի ծխական համայնքի հաւատացեալները, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Մատրան բարերարուհիին՝ Տիկ. Աշխէն Փիլաւճեանին, անոր ցանկալով առողջութիւն: Սրբազան Հայրը իր պատգամը սկսաւ Խորենացիի հետեւեալ անմահ խօսքերով. “Նախաշաւիղ ճանապարհ եւ լուսաւորութեան մերոյ երկրորդ հայր”: Ով արքայ, դուն որ մեր հոգիին լուսաւորութեան հայրը հանդիսացար, եղար մեր հոգեւոր լուսաւորութեան ճանապարհ բացող նախաշաւիղը: Ապա ներկայացուց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Ս. Տրդատ Թագաւորի կեանքի ճանապարհի պատմականը, թէ անոնք ինչպէս Աստուծոյ նախախնամութեամբ ստոյգ մահէ ազատելով՝ հանդիսացան հայ ժողովուրդը լուսաւորող հայրերը եւ Հայաստանը դարձուցին աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Նաեւ՝ կարեւորութեամբ խօսեցաւ Տրդատ Թագաւորի եւ Աշխէն Թագուհիի կազմած օրինակելի ընտանիքին մասին, շեշտելով Տրդատ Թագաւորի անմնացորդ նուիրումն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հետ անոր հաստատած կենցաղային ազնիւ կանոններու կարեւորութիւնը: Ապա վեր առաւ քրիստոնեայ Հայ ընտանիքի բարեմասնութիւններն ու նուիրուածութիւնը, որոնց այսօր, աւելի քան երբեւէ, պէտքը ունինք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:

Սրբազան Հայրը իր պատգամը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ առաջնորդէ մեզ իր կամքին եւ պատուիրաններուն համաձայն, եւ մեր ընտանիքները՝ Քրիստոնեայ առաջին ընտանիքին նման, դառնալու համար երկնային թագաւորութեան բնակիչներ:

“Տէր ողորմեա”էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, յանուն Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, յարակից օժանդակ մարմիններու եւ համայնքի հաւատացեալներուն, երախտագիտական զգացումներով ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ սիրով ընդառաջելով համայնքի հրաւէրին, իր օրհնաբեր այցելութեամբ, մատուցած Ս. Եւ անմահ Պատարագով ու Հայ ընտանիքին նուիրուած իր ոգեշունչ պատգամով, աւելի զօրացուց հաւատացեալները իրենց հաւատքին, ընտանեկան հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան մէջ: Ապա խնդրեց ներկաներէն, որ “Տէր Ողորմեա”ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, որպէսզի շարունակէ երկար տարիներ հովուել եւ առաջնորդել մեր Տիրախնամ Թեմը:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Մատրան բարերար ընտանիքի հօր՝ Ալեքսան Փիլաւճեանի եւ հաւատացեալներու հանգուցեալ հարազատներու հոգիներուն համար:

Ապա, յատուկ թափօրով եւ “Որ յանէից” շարականին երգեցողութեամբ, Սրբազան Հայրը մօտեցաւ Մատաղի սեղաններուն եւ կատարեց Մատաղօրհնէք:

Մատաղօրհնէքի աւարտին, երգչախումբը վեհօրէն հնչեցուց “Կիլիկիա”ն, ապա նաեւ “Ուրախ Լեր” հոգեզմայլ շարականը: Սրբազան Հայրը պահպանիչով արձակեց հաւատացեալները խաղաղութեամբ: Ներկաները, ստանալէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները, ու իրենց բաժինը վերցնելով օրհնուած մատաղէն, հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով հանդիսաւոր օրուան խորհուրդն ու անմոռանալի յիշատակները:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022