Ս. Պատարագ եւ Ջրօրհնէք Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 6 Յունուար 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ նշուեցաւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իր պատգամը յղեց եւ կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Բազմահարիւր հաւատացեալներ ներկայ էին արարողութեանց։ Անոնց շարքին էին Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս մեծարգոյ Տիար Պէշիր Սարգիս, Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ Ատենադպրուհի Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց բոլոր ներկաները՝ աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ սէր ու խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհիս եւ լուսաւորէ բոլորիս կեանքը։ Ան նաեւ ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայնտեց գլխաւոր հիւպատոսին Ս. Պատարագին մասնակից դառնալուն համար ու անոր մաղթեց առողջութեամբ, երջանկութեամբ եւ օրհնութեամբ լի տարի մը եւ յաջողութիւն՝ իր նոր առաքելութեան մէջ։ Ան նշեց, որ սէրն ու խաղաղութիւնը Ս. Ծննդեան խորհուրդի կիզակէտը, իսկ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան քարոզներուն կեդրոնը կը կազմեն, ընդգծելով, որ այսօր այս առաքինութիւնները դժբախտաբար կը բացակային աշխարհէս, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքէն։ Ան աղօթք բարձրացուց, որ սէրն ու խաղաղութիւնը բնակութիւն հաստատեն մարդոց սիրտերուն մէջ եւ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Լիբանանի մէջ։

Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Մանկացեալ Փրկչի Ս. Ծննդեան աւետիսը տօնակատարութեանց ընդմէջէն անգամ մը եւս կ՛արձագանգէ՝ մեզ բոլորս հրաւիրելով զԱստուած փառաբանելու, խաղաղութիւն հաստատելու եւ բարեգթութիւն ցուցաբերելու մեր նմաններուն նկատմամբ։ «Այսօր մենք Աստուծոյ սիրոյ տօ՛նն է, որ կը նշենք։ Այն տօնը, որ Քրիստոսի Ս. Ծնունդով դրսեւորուեցաւ, որ եկած էր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար զոհուելու եւ ամբողջ մարդկութիւնը փրկելու համար։ Այսօր, Մանուկ Յիսուսը եթէ մսուրի խաղաղութիւնը, զԱստուած փառաբանելու, սիրոյ եւ բարութեան ոգի գտնէ մեր սիրտերուն մէջ, այդ ժամանակ կրնայ մեր ներաշխարհին մէջ եւս ծնիլ։ Հովիւներն ու մոգերը Աստուծոյ փառքին վկաները դարձան եւ մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին Յիսուս Մանուկը իրենց սիրտերուն մէջ որպէս իրենց Թագաւորը, որ աշխարհ եկած էր մեզ փրկելու համար։ Այսօր, մեր Փրկչին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս հրաշափառ տօնը մեզ կը հրաւիրէ Իր աշակերտները դառնալու եւ փրկութեան ճանապարհով ընթանալու, գիտակցելով, որ Ան որպէս մեր Փրկիչը, մեր լոյսն ու յոյսը ներկայ է մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ան միեւնոյն ժամանակ մեզ կը հրաւիրէ մեր հաւատքը զօրացնելու եւ սիրոյ ու բարեգործութեան մէջ աճելու համար», մատնանշեց ան։

Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակելով իր խօսքը՝ մաղթեց, որ բոլորս առաջնորդուինք խաղաղութեան, սիրոյ, համախոհութեան եւ բարեգործութեան ոգիով, իսկ հեզութիւնը, արդարութիւնը եւ զոհողութիւնը դառնան մեր կեանքի մղիչ ուժը։ Ան նոյնպէս մաղթեց, որ մեր հայրենիք Հայաստանն ու Արցախը խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ համերաշխութեան ուղիով առաջնորդուին, իսկ մեր ընտանիքները՝ հաւատքով, յոյսով ու սիրով։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Խաչի կնքահայրն էր Վահան Ղատիմեան։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

Երկուշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատուներու մէջ։ Ապա, կատարուեցաւ «Անդաստան»ի արարողութիւն, որուն ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022