Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ին, մեր Եկեղեցին նշեց Ս. Ղեւոնդեանց տօնը, որ նաեւ հայ հոգեւորականաց տօնն է։ Այս առիթով, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։
Պատարագեց եւ քարոզեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին հոգեւորականաց դասու անդամներ։ Պատարագիչ Տէր Հայրը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ Ս. Ղեւոնդեանց սրբակենցաղ եւ քաջութեամբ ապրելու գիծերուն վրայ, ներկայացուց տօնին պատմականը, վեր առնելով հայ հոգեւորականին դերը մեր պատմութեան մէջ։
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ յարկին տակ տեղի ունեցաւ տօնին նուիրուած հոգեւորականաց միօրեայ համագումարը։
Համագումարը սկիզբ առաւ հոգեհանգստեան աղօթքով, ի յիշատակ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերէն ներս ծառայած ու վախճանեալ հոգեւորականներու։
Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն, բնաբան ունենալով Բ. Տիմոթէոս 2:3-7 համարները, ուր Առաքեալը յորդոր կ’ուղղէ Տիմոթէոսի՝ ըլլալու Քրիստոսի հաւատարիմ զինուորը։ Ան նշեց, որ այս յորդորը ուղղուած է նաեւ բոլոր հոգեւորականներուն, որպէսզի անոնք զինուորի հնազանդութեամբ, հաւատարմութեամբ ու քաջութեամբ կատարեն իրենց առաքելութիւնը, նաեւ հետեւին Ղեւոնդեանց օրինակին, որոնք եղան ու ապրեցան քրիստոնէավայել կենցաղով եւ հայ հաւատքին ու հայրենիքին համար նահատակուեցան։ Հետեւաբար, այսօրուան հոգեւորականը նոյն քաջութեամբ, զոհողութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Ան նաեւ նկատեց, որ վերանորոգութիւնը անհրաժեշտ է հոգեւորականներու կեանքին մէջ, եւ այս տօնը այդ ճամբուն մէջ քալելու հրաւէր մըն է։ Սրբազանը շնորհաւորեց հոգեւորականներու տօնը, մաղթելով առողջութիւն եւ բարի առաքելութիւն։
Կատարուեցաւ դիւանի ընտրութիւն. ատենապետ ընտրուեցաւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, իսկ ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։
Ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին 2019 Հայ Մամուլի Տարուան պատգամը եւ անոր շուրջ խորհրդածութիւն կատարուեցաւ։
Օրուան դասախօսն էր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, նիւթ ունենալով «Հայ հոգեւորականին դերը հայ մամուլի ու մշակոյթի առաքելութեան մէջ»։ Տէր Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց հայ մամուլի ծագման եւ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ մամուլին մասին, որ որպէս միջոց կը ծառայէ Քրիստոնէական հաւատքը ժողովուրդին փոխանցելու։ Ան հաստատեց, որ Հայ հոգեւորականը յատուկ դեր ունի կատարելիք հայ մամուլի ու մշակոյթի անդաստանէն ներս, առաւել եւս հաղորդակից դառնալու հաւատացեալներուն հետ։ Ներկայ մեր ընկերութեան մէջ զանազան են համացանցային հրապարակախօսութեան միջոցները, որոնք շատ կարեւոր դեր կը կատարեն եկեղեցւոյ առաքելութեան լրատուութեան համար։ Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի եւ կարծիքներու փոխանակում։ Ապա, գործնական քայլեր առնելու մասին ծրագիրներ քննարկուեցան ծուխերու մէջ հայ մամուլի ու մշակոյթի յատուկ ձեռնարկներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպելու։
Տեղի ոնեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ, որուն ընթացքին զեկուցումներ տրուեցան հոգեւորականներու գործունէութեան մասին եւ խօսուեցաւ յառաջիկայ տօներու ու ձեռնարկներու մասին։ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրութիւններ կատարեց եւ որպէս համագումարի եզրափակում, հրաւիրեց հոգեւորականները ապրելու ու գործելու վերանորոգուած հաւատքով ու գիտակից առաքելութեամբ։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, «Աշակերտք Քրիստոս» շարականի ու «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։