Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ Համբարձման Տօնին Առիթով

Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2019-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը պիտի նշուի Ս. Պատարագով եւ ճաշկերոյթով։

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան։

Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակակ Մարմինին կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Պրէնտվիու սրահին մէջ (111 E. Harvard St.), ժամը 11։30էն սկսեալ։ Այս տարուան հիւրընկալն է Տիկին Արսինէ ֆիլիփս։

Մուտքի նուէրն է $65։

Մանրամասնութեանց եւ տոմսեր ապահովելու համար՝ հեռաձայնել Ազգ. Առաջնորդարանի գրասենեակը, 818-248-7737 թիւին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ