Կարմիր Կիրակիին՝ Ս. Պատարագ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 3 Մայիս 2020-ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կարմիր Կիրակի։

Առաւօտեան ժամը 11-ին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։

Արարողութիւնը ուղղակի պիտի սփռուի Ազգ. Առաջնորդարանի Դիմատետրի պաշտօնական էջէն.- www.facebook.com/WesternPrelacy/

Ինչպէս նախորդ Կիրակի, այսօր եւս, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցանուած Ս. Պատարագի աւարտին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւններ պիտի կատարուին, որոնք պիտի սփռուին առցանց, տեղւոյն եկեղեցիներու դիմատետրի էջէն։

Առ այս, դարձեալ կը թելադրենք, որ այն հաւատացեալները որոնք «Տէր Ողորմեա» կամ հոգեհանգիստ կը փափաքին խնդրել, իրենց ննջեցեալներու անունները նախօրօք փոխանցեն տեղւոյն եկեղեցւոյ գրասենեակ կամ հովիւին, հեռաձայնով կամ ընկերային ցանցի միջոցաւ։

Գոհունակութեամբ կ’ուզենք յայտնել, որ յաջորդ Կիրակի, 10 Մայիսէն սկսեալ, մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի, սակայն դարձեալ առանց հաւատացեալներու ներկայութեան, մինչեւ պետական սպասարկութիւնները այս արգելքը վերացնեն։ Արարողութիւնները պիտի սփռուին իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։

Յոյսով ենք, որ իրավիճակը շուտով կը սկսի բարելաւուիլ եւ կը վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022