Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին 6 եւ 8 Փետրուար 2018ին պիտի նշէ մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան ամէնէն նուիրական ու յիշատակելի տօներէն՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից եւ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօները։
Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներն ու Ս. Վարդանանց 1036 վկաները խորհրդանիշ են բազմաթիւ արժանաւորներու, որոնք իրենց կեանքը զոհած են յանուն քրիստոնէութեան եւ ազգութեան։ Անոնք անձնուրաց հայորդիներ են, որոնք ո՛չ միայն եղած են հակաբռնութեանց քարոզիչներ, այլեւ հաւատքի յառաջապահ մարտիկներ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համար, անոնք կը նկատուին անխորտակ հաւատքի եւ ամբողջական նուիրումի պատմակրօնական տիպարներ, որոնք 451-ին նահատակուեցան Աւարայրի դաշտին վրայ։
Համաձայն մեր Թեմի աւանդութեանց, այս տօներուն առիթով, ու հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, տեղի պիտի ունենան հոգեւորականաց համագումար ու յատուկ արարողութիւններ։
Նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2018-ին, տեղի պիտի ունենայ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնի հոգեւորականաց համագումարը՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի յարկին տակ (900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA), հիւրընկալութեամբ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգեւոր Հովիւին եւ հոգաբարձութեան։ Համագումարի աւարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի պիտի քարոզէ առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։
Իսկ Հինգշաբթի, 8 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (13050 Vanowen St., North Hollywood, CA) պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։ Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց տօնին յատուկ շարականներ եւ ազգային երգեր։
Կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սրբազան արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով։