Հ.Հ. Անկախութեան 30-Ամեակին Առիթով Եռօրեայ Այց Ի Ֆրեզնօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ «ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ» ԿԱՏԱՐԵՑ

Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ եւ ընդունուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ:

Արդարեւ, Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ Հայաստանի վերանկախացման 30-րդ տարեդարձին առիթով հանդիսաւոր արարողութեամբ մը կատարեց «Հանրապետական մաղթանք» եւ օրհնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու ձեռքերով բարձրացուած Եռագոյն մեծադիր դրօշը՝ իր կողքին աղօթակից ունենալով Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեանը: Արարողութեան աւարտին ամբողջ եկեղեցին՝ խորան եւ հաւատացեալներ, միասնաբար երգեցին «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:

Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք տուաւ եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ստեղծուած այս պատեհութեան համար՝ ըսելով. «Աստուած այսօր մեզի կը շնորհէ իմաստութիւն, որպէսզի բոլորս ալ աղօթքի ճամբով մեր հաւատքը զօրացնենք եւ մեր յոյսը մեր Արարիչին նկատմամբ աւելի շատցնենք եւ մեր սէրը իրարու նկատմամբ աւելի տարածենք», ապա Հ.Հ. անկախութեան վերականգնման 30-րդ ամեակին առիթով Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր երկնային օրհնութիւնները անպակաս ընէ հայոց հայրենիքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայութեան վրայէն, ապա յորդորեց հաւատացեալները Աստուծոյ նկատմամբ աւելի ուժեղ հաւատք ու վստահութիւն ունենալու` մաղթելով որ Աստուած Ինք ըլլայ մեր կեանքին առաջնորդը, եւ մեր կեանքի զանազան հանգրուաններուն մենք սորվինք վստահիլ Աստուծոյ ե՛ւ որպէս հայրենիք, ե՛ւ որպէս ժողովուրդ, ե՛ւ որպէս իւրաքանչիւր անկախ մարդ: Հիմնուելով Սաղմոսերգուի աստուածաշնչեան խօսքերուն վրայ, պատգամաբեր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ եթէ Աստուած մեր կողքին է, մենք ուժեղ ենք եւ պէտք է ուժեղ զգանք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, ապա իր հոգեպարար երկլեզու պատգամի աւարտին նշեց, որ Ֆրեզնօ կատարած իր յաջորդ այցելութեան՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն պիտի շնորհէ Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի:

ՖՐԵԶՆՕ ԳԱՒԱՌԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ
ԵՒ Հ.Հ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Հայաստանի վերանկախացման տօնին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Ֆրեզնօ Գաւառի Կառավարիչներու տուն եւ յատուկ աղօթքով բացումը կատարեց տեղական պաշտօնատարներու ժողովին: Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէին Հոգեւոր հայրեր, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեան: Մուտքին, Ֆրեզնոյի կառավարիչները բարի գալուստ մաղթեցին հայկական պատուիրակութեան եւ նշեցին, որ իրենց պատմութեան մէջ այս առաջին դէպքն է, որ Հայ Թեմակալ Առաջնորդ մը կը մասնակցի Գաւառի ժողովի բացման: Տիար Պերճ Աբգարեան խօսք առնելով նշեց առիթը, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ յատուկ աղօթքով մը բացումը կատարելու Ժողովին: Թորգոմ Եպս. առ Աստուած բարձրացուցած իր աղօթքին մէջ նշեց Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը եւ այս առիթով Աստուծոյ միջամտութիւնը խնդրեց՝ հայոց հայրենիքի անկախութեան պահպանման, հայոց բանակի ու հայ զինուորի անպարտելիութեան եւ ամերիկացի ու հայ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի առաւել ամրապնդման, խորացման եւ տարածման համար: Փոխադարձաբար, ամերիկացի դիւանագիտական խումբը շնորհաւորեց Հայաստանի վերանկախացման 30-րդ տարեդարձը եւ ընթերցեց այս առիթով պատրաստած յայտարարութիւնը:

Նոյն օրը կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հիւրը եղան Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճերի Տայըրի: Այս առիթով խօսք առին դիւանագիտական անձնաւորութիւնները եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս Ամերիկայի Ֆրեզնօ քաղաքն ու Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը քոյր քաղաքներ հռչակելու ծրագրին մասին, ապա տիար Աբգարեան քաղաքապետ Տայըրի ուղղեց Հայաստան այցելութեան հրաւէր:

Հ.Հ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Երեքշաբթի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի հայ համայնքը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 30-րդ տարեդարձը նշեց հանդիսաւոր ընթրիքով մը, որ տեղի ունեցաւ Fort Washington Country Club-ի շքեղ սրահին մէջ: Պաշտօնական ընթրիքին ներկայ եղան Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան, տեղւոյն Յոյն ուղղափառ, Աւետարանական եւ Հայ առաք. Հոգեւոր հայրեր, Լոս Անճելըսի մէջ Հ.Հ. Գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան, Հ.Հ. Ֆրեզնոյի մէջ պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեան, շրջանի քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա, Ֆրեզնօ նահանգի ծերակուտական Անտրէաս Պորճըս, Ֆրեզնօ համալսարանի նախագահ դոկտ. Սաուլ-Հիմենեզ Սանտովալ, Համայնքային Առողջապահական համակարգի նախագահ Քրէկ Քասթրօ, Ֆրեզնոյի մէջ գործող այլ երկիրներու հիւպատոսներ, տեղւոյն դիւանագիտական թեւի ներկայացուցիչներ, դատաւորներ, դատախազներ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքի կարկառուն դէմքեր, բարերարներ, ղեկավարներ, ընդհանուր թիւ՝ աւելի քան երկու հարիւր հրաւիրեալներ:

Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս երգեցողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց բացման աղօթք, որուն յաջորդեց Հ.Հ. հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեանի՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած խօսքը, այլեւ իբրեւ ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն՝ տիար Ա. Բայբուրդեան յատուկ գնահատագրեր յանձնեց եւ Հայաստանի զինանշանը կրող շքանշաններով զարդարեց քոնկրեսական Քոսթայի, ծերակուտական Պորճըսի, համալսարանի նախագահ Սանտովալի եւ Առողջապահութեան պատասխանատու Քասթրոյի կուրծքը: Այնուհետեւ, ամերիկացի իւրաքանչիւր մեծարեալ իր սրտի խօսքն ու երախտագիտական արտայայտութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատանքի եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքեր ուղղեց տիար Պերճ Աբգարեանի եւ այս առիթով անոր նուիրեց Կիլիկիոյ Աթոռէն հետը բերած յուշանուէր մը: Ներկաները Սրբազան Հօր անակնկալը ընդունեցին յոտնկայս ծափերով: Պաշտօնական ընթրիքը վերջ գտաւ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեանի աղօթքով:

Յայտնենք, որ պաշտօնական ընթրիքի շքեղ երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ համայնքի կառոյցները: Արժանի է յիշել, որ սրահ մուտքին՝ ՀՕՄ-ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի դասաւորումով երկուքական երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ կանգնած էին հայկական տոհմիկ տարազներով եւ անոնք լաւագոյնս կատարեցին իրենց վստահուած՝ հիւրերը սրահ առաջնորդելու եւ մեծարեալներուն հետ մինչեւ բեմ եւ անկէ ետք իրենց տեղերը ուղեկցելու պարտականութիւնը: Երեկոն հայկական սրտագրաւ մեղեդիներով հարստացուց Լոս Անճելըսէն «Էլեմընթ» նուագախումբը՝ Արա Տապանճեան եւ Արագած Աբրահամեան, իսկ դադարի ընթացքին Կոմիտասի եւ Ալթունեանի յօրինած մեղեդիներէն քանի մը կտոր գեղեցկօրէն նուագեց Ֆրեզնօ համալսարանի 32 հոգիէ բաղկացած «Ուինտ Օրքեսթրա» նուագախումբը:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ֆրեզնօ եռօրեայ այցելութեան առումով յատկանշական եղան նաեւ անոր հանդիպումները Ֆրեզնոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու հետ: Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ այցելեց բարերարներ՝ Շամլեան, Փառնաքեան, Սարապեան եւ Սաաթճեան ընտանիքներուն, օրհնեց զանոնք, աղօթեց անոնց քաջառողջութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ ծրագիրներուն: Նշենք նաեւ, որ Շամլեաններու տան մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի՝ Ազգային բարերար Վահան Շամլեանի ծննդեան 90-ամեակին ուղղուած շնորհաւորական նամակը՝ բարերար ամոլին պատճառելով երջանկութեան անզուգական պահ մը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022