Ս. Զատկուան Տօնը՝ Արարատ Տան Մէջ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, եւ համաձայն Արարատ Տան բնակիչներուն հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրելու Ազգային Առաջնորդարանի տարիներու բարի աւանդութեան, Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու հոգեւորականաց դասու անդամներ այցելեցին Միշըն Հիլզի Արարատ Տուն, ուր Ս. Պատարագով եւ յատուկ արարողութիւններով Ս. Յարութեան տօնին աւետիսը փոխանցեցին պատսպարեալ բնակիչներուն եւ անձնակազմի անդամներուն։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը նախ Ս. Յարութեան աւետիսը փոխանցեց բոլորին, մաղթելով որ Յարուցեալ Փրկչին «ողջոյն»ը ջերմացնէ ու պայծառացնէ ներկաները։ Ապա, Ս. Զատկուան իր բարեմաղթութիւններով, մաղթեց առողջութիւն եւ արեւշատութիւն։ Արարողութիւնը սկսաւ Ս. Յարութեան շարականներով ու Աւետարանի ընթերցումով, որուն հետեւեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Հաստատութեան բնակիչներէն Տիար Պետրոս Սեֆէրեան, հաւատարիմ մնալով տարիներու իր աւանդութեան, նամակի մը ընթերցումով շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ հոգեւոր դասուն Ս. Յարութեան տօնը։

Խօսք առին հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ հիւանդանոցի բաժինի վարիչ Տիկին Մարկարիթա Քէշիշեան, որոնք հերթաբար ողջունեցին հոգեւոր հայրերուն ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին ու հոգեւորականաց դասուն, որոնք այս տարի եւս, ինչպէս այլ տօնական օրերու, հոգեւոր մատակարարութեամբ պայծառացուցին Արարատ Տան բնակիչներուն Ս. Յարութեան տօնը։ Աւարտին, բնակիչները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ աղօթագիրքեր։

Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ հաստատութեան մատրան մէջ. պատարագեց ու քարոզեց Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, որ շեշտեց Յարուցեալ Փրկչին ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը սիրոյ սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022