Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ »ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ« ՄԷՋ

Արեւմտեան մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, Ս. Յարութեան Տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլի առաւօտեան, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի համալիրի մատրան մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, հոգեւորականաց դասը նախ այցելեց հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինը, երգուեցաւ »Այսօր յարեաւ« ու »Գովեա՛ Երուսաղէմ զՏէր« Ս. Յարութեան շարականներ, եւ օրհնուեցան հացը, աղն ու ջուրը։ Հաւաքական խոստովանանքէ ետք, պատսպարեալները քահանայ հայրերու կողմէ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Առաջնորդ Սրբազանը բարեմաղթու-թիւններ ու շնորհաւորութիւններ ուղղեց պատսպարեալներուն։

Աւելի ուշ, հաստատութեան մատրան մէջ, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, երգուեցան Ս. յարութեան շարականներ եւ տեղի ունեցաւ հաւաքական խոստովանանք։ Ս. Պատարագին մասնակիցներ, ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Զատկուան շարականներու երգեցողութեամբ եւ աւանդական տնօրհնէքի արարողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւոր Հայրերը բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին հաստատութեան բնակիչներուն, պաշտօնէութեան եւ տնօրէնութեան, ապա հիւրընկալուեցան ճաշով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022