Ս. Յարութեան Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

 

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը անգամ մը եւս յաղթական հաւատքով վերանորոգեց մեր ժողովուրդի զաւակներու ուխտը։

Կիրակի, 20 Ապրիլ 2014-ին, Ս. Զատկուայ Տօնի առաւօտուն, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին արդէն իսկ լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին միասնաբար տօնելու Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը:

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը եւ փոխանցեց Ս. Յարութեան տօնի պատգամը։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու հետ միասին:

Իր պատգամէն առաջ, պատարագիչ Սրբազանը երկիւղածութեամբ Ս. Արարողութեան մասնակցող հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ցնծագին այս պահուն արժանացուց բոլորս եւ ապա յանուն Թեմիս հոգեւորականութեան, ժողովականութեան եւ բոլոր հաւատացեալներուն շնորհաւորեց հայրենի պետութեան բոլոր ղեկավարները մաղթելով որ Յարութեան յաղթանակի հաւատքով լեցուն, ճշմարտութեամբ եւ արդարութեամբ առաջնորդուին իրենց վստահուած պատասխանատուութեան մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նաեւ, զոյգ Վեհափառ հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատիկը, առողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելով նորին Սրբութեանց իրենց հովուապետական առաջնորդութեան համար:

Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, նոյնպէս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմիս հոգեւորականութեան, ժողովականութեան, ծխական շրջաններու եւ յատկապէս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն, երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Դպրաց, Սարկաւագաց եւ երգեցիկ դասուն Ս. Յարութեան Տօնը, մաղթելով եւ աղօթելով որ Աստուծոյ պատկերը անաղարտ պահելով, իր փառքին համար ապրին եւ ծառայեն:

Ապա շարականագրին բառերը բնաբան ունենալով իր պատգամը փոխանցեց.-

“Այսօր հրեշտակները երկինքէն իջան, եւ համայն մարդկութեան Աւետիս տուին, թէ խաչեալը Յարութիւն առաւ, եւ իր օրինակով բոլորիդ յարութիւն պիտի պարգեւէ”: Շարականագրին բառերը, նոր յոյսով եւ աւիշով արձանագրուած էին, որովհետեւ ան իր հոգիի աչքերով տեսած էր Քրիստոսի Յարութիւնը, եւ նոյն հաւատքով արձանագրած այս բառերը:

Առաջնորդ Սրբազանը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին յանգրուաններու մթնոլորտը հարազատօրէն պատկերելով յաղթական յարութեան պատգամը փոխանցեց ներկայ խուրներամ հաւատացեալներուն եւ անկէ բխող հրաւէրը ամփոփեց հետեւեալ կետերուն մէջ.-

Սուրբ Յարութեան պատգամը մեզի այսօր կ՚ըսէ թէ Ս. Յարութեան Տօնը.-

Ա. Յաղթանակի եւ ցնծութեան Տօն է:

Բ. Հաւատքի արթնութեան եւ վերահաստատման Տօն է:

Գ. Քրիստոսի Յարութիւնը նոր կեանքի եւ վերազարթօնքի Տօն է, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Ա.- Ս. Յարութիւնը յաղթանակի եւ ցնծութեան Տօն է: Յաղթական հաւատքով կը ցնծանք, որովհետեւ չարը պարտուեցաւ, սուտը ապարդիւն եւ սին  ելաւ, եւ մահը զգետնուեցաւ Քրիստոսի Յարութեամբ:

Բ.- Ս. Յարութեան Տօնը, հաւատքի արթնութեան եւ ուխտի վերանորոգութեան տօն է: Յիսուսի աշակերտները ի տես իրենց սիրելի Վարդապետին տագնապալի վախճանին՝ խաչելութեամբ եւ թաղմամբ, իրենց հաւատքին մէջ տկարացած էին եւ վախի ազդեցութեամբ յուսալքուած, իսկ անոնց մէ մին ալ զինք ուրացաւ: Սակայն իրենց սիրելի Վարդապետին հանդէպ սէրը մնաց առկայծ։ Մենք ալ տկարութիւններ եւ թուլութիւններ կþունենանք մեր կեանքին մէջ, ինչպէս աշակերտները ունեցան, սակայն Քրիստոսի Յարութիւնը անգամ մը եւս մեզ կը գօտեպնդէ եւ մեր հաւատքին մէջ մեզ կը վերանորոգէ:

Գ.- Քրիստոսի Յարութիւնը նոր կեանքի եւ վերազարթօնքի Տօն է: Յիսուսը հայհոհիչ նկատողները հաւատացին, թէ Քրիստոսի գերեզմանով պիտի փակուի անոր առաքելութիւնը եւ իր ցանած հաւատքի սերմերը իսպառ պիտի չքանան։ Սակայն ճիշդ հակառակը պատահեցաւ, Անոր Յարութիւնը նոր էջ բացաւ, նոր կեանք շնորհեց եւ յատկապէս ցեղասպանութեան արհաւիրքեն յարութիւն առած մեր ժողովուրդին համար նոր կեանքի խոստում եղաւ, հաւատքի վերազարթօնքով որուն շնորհիւ միշտ ալ դիմագրուեցինք մեր տագնապները: Անցնող երեք տարիներուն, Սուրիոյ ժողովուրդը եւ Սուրիահայութիւնը կþապրին տառապանգի եւ տագնապի ահաւոր պայմաններու մէջ։ Սակայն Սուրիահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը նոյնիսկ դժոխային պայմաններու մէջ ապրելով հանդերձ այսօր կը շնորհաւորեն մեր Ս. Զատիկը։

Մենք ալ մեր կարգին կþաղօթենք խաղաղութեան վերահաստատման համար եւ հանցնարու ոգիով մեր գործնական զօրակցութեամբ եւ սրտակցութեամբ Հալէպահայ եւ Քեսապահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հաւատքի ամրութեան պիտի սատարենք, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի եւ Քեսապահայութիւնը իր պապենական տուները վերադառնայ:

Հետեւաբար նոր կեանքի եւ նոր հաւատքի ուխտով զսպանակուած զիրար շնորհաւորենք ըսելով.-

Քրիստոս Յարեաւ ի  Մեռելոց

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան,  որմէ ետք Ս. Յարութեան շարականի երգեցողութեամբ ժողովուրդը արձակուեցաւ յաղթական հաւատքի նոր յոյսով վերանորոգուած։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022