Հայերու, Յոյներու եւ Ասորիներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յիշատակման Միջ-եկեղեցական Արարողութիւն


Հայերուս նման, Ասորի համայնքն ալ այս տարի, Միջին Արեւելքէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, կը յիշատակէ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ իր զաւակներուն դէմ 1915ին գործադրուած ցեղասպանութիւնը:

Ասորիներու ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, համայնքին Թարզանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական յիշատակի արարողութիւն մը, որ նուիրուած էր ասորիներու, հայերու եւ յոյներու դէմ թուրքին գործադրած ցեղասպանութեան: Արարողութեան հովանաւորն էր ասորիներու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ Գերշ. Մար Ափրիմ Խամիս, մասնակից էին տարբեր համայնքներէ հոգեւորական ու աշխարհական ներկայացուցիչներ ու քաղաքական դէմքեր:

Ընդառաջելով հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ Քորեպիսկոպոս Ճորճ Պըթ Ռաշոյի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Արժ.
buy strattera online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/strattera.html no prescription

Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան: Ներկայ էին նաեւ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Լեւոն Արապեան եւ անդամ Տիար Կրէկ Մարթայեան։

Արարողութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն: Ապա, հոգեւոր առաջնորդները թափօրով խորան առաջնորդուեցան. պատանիներ բարձրացուցած էին դրօշակներ, որոնց շարքին՝ նաեւ հայկական Եռագոյնը, ինչպէս նաեւ ցուցատախտակներ, որոնց վրայ արձանագրուած էին ցեղասպանութեան բեմ դարձած կարգ մը վայրերուն անունները:

Արարողութիւնը ընթացք առաւ աղօթքներով ու շարականներով, զորս կատարեց հիւրընկալ եկեղեցւոյ երգչախումբը: Հայերէնով երգուեցաւ նաեւ մեր «Տէր Ողորմեա»ն:

Պատգամներ փոխանցեցին չորս հոգեւոր առաջնորդներ, յաջորդաբար՝ ասորիներու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ Մար Ափրիմ Խամիս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, ասորիներու Քալիֆորնիոյ Առաջնորդ Մար Աուա Ռոյէլ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ ողջունելով հիւրընկալ եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ նշեց, որ միջ-եկեղեցական այս արարողութիւնը եղբայրական սիրոյ, ճակատագրակցութեան եւ միասնականութեան արտայայտութիւն մըն է, նուիրուած՝ ասորի, հայ եւ յոյն ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան պետութեան կողմէ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան: Ոճիրը իրականացաւ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, օգտուելով պատրերազմին ստեղծած խառնաշփոթ վիճակէն: Այս արարողութիւնը առիթ է նաեւ հռչակելու ոճրային արարքէն նահատակներու ժառանգորդներուն վերածնունդը. «Քանի մը ամիս առաջ, Ապրիլին, Հայ ժողովուրդը յիշատակեց Թուրքիոյ կողմէ իրեն դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան 100ամեակը. մեր եկեղեցին սրբադասեց մեր նահատակները, որոնք այսօր երկինքէն բարեխօս են մեզի համար: Այսօր, մենք միասնականօրէն կը կանգնինք Ձեր կողքին, սիրելի ասորի եղբայրներ, երբ կը յիշատակէք ձեր զաւակներուն նահատակութիւնը», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը: Ան անդրադարձաւ Հայ եւ Ասորի ժողովուրդներու պատմական կապերուն, նշելով, որ անոնք դարեր շարունակ կողք կողքի ապրած են, կերտած են պատմութիւն, եղած են քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ժողովուրդներէն, միասնաբար ապրած ու նահատակուած են 100 տարի առաջ: «Մեր հայ եւ ասորի նախնիները հարիւր տարի առաջ ջարդի ենթարկուեցան միայն այն պատճառով, որ քրիստոնեայ էին եւ հաւատարիմ՝ իրենց ազգային պատկանելիութեան: Մենք աքսորուեցանք մեր պատմական հողերէն, մեր եկեղեցական ու ազգային բազմադարեան ու թանկարժէք ժառանգութիւնները ոչնչացուեցան: Թշնամին սպաննեց մեր մարմինը, սակայն անկարող մնաց սպաննելու մեր հոգին, որուն շնորհիւ մենք այսօր հոս ենք, կ’ապրինք եւ կենսունակ ենք, միասնաբար հաւատարմութիւն կը յայտնենք մեր պապերու ժառանգութեան ու պատգամին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, դրուատելով երկու ժողովուրդներու հաւատքի զօրութիւնը, որուն աղբիւրը մեր Տէրն է, «որ մեր պաշտպանն է եւ փրկութեան ապաւէնը», ու մենք պիտի շարունակենք, նահատակներուն յիշատակը վառ պահել, յիշել եւ յիշեցնել մեր իրաւունքներուն ճանաչումն ու պիտի պահանջենք արդարութիւն:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ երբ պատմական ճշմարտութիւնները անհրաժեշտ կարեւորութեամբ ճանաչում չեն գտներ, ինչպէս որ եղած է հայոց, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեան պարագային, պատմութիւնը անխուսափելիօրէն ինքզինք կը կրկնէ: Այդ է որ կը պատահի այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, ուր քրիստոնեայ եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններ հալածանքի ու ջարդերու ենթակայ կը դառնան: Վստահութիւն յայտնելով, որ իրաւազրկուած ու ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդներուն ձայնը ի վերջոյ լսելի պիտի ըլլան, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ «հարիւրամեակի այս տարուան ընթացքին եւ անկէ անդին, ոչ միայն մեր նահատակներուն կանչին արձագանգը պիտի ըլլանք, այլ նաեւ՝ բոլոր անոնց, որոնք նոյն ճակատագիրին կ’ենթարկուին այսօր, որպէսզի ցեղասպանական արարքներու վերջ տրուի, ժողովուրդներ կարենան խաղաղօրէն, համերաշխութեամբ եւ փոխադարձ հանդուրժողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ գոյակցիլ»:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022