Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ծնած է 1947-ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Հոկտեմբեր 1961-ին կ՚ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, Անթիլիաս։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի քառամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, Մայիս 1965-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ՝ ձեռամբ Գարեգին Եպսկ. Սարգիսեանի (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ապա Ամենայն Հայոց)։ Իսկ Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնի եռամեայ շրջանի աւարտին, Մայիս 1968-ին, կը   ձեռնադրուի աբեղայ՝ ձեռամբ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի (նախկին Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց) եւ Ապրիլ 1970-ին կը ստանայ Վարդապետական աստիճան՝ ձեռամբ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին։ Հոկտեմբեր 1978-ին, տակաւին ուսանող Միացեալ Նահանգներու մէջ, կ՚ընտրուի Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ եւ Մայիս 1979-ին՝ Առաջնորդ։ Մայիս 1980-ին կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան, եւ յաջորդ օրն իսկ կը  ձեռնադրուի Եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին։ Յունուար 1985-ին կը ստանայ Արքութեան տիտղոս։

Դպրեվանքի ուսման շրջանը յաջողապէս աւարտելէ յետոյ, 1968-էն 1978 Արամ Ա. Կաթողիկոս անընդմիջաբար իր բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանի (Near East School of Theology), Ամերիկեան Համալսարանի (American University of Beirut), Զուիցերիոյ Պոսէ Էքիւմէնիք հիմնարկին (Ecumenical Institute of Bossey), Օքսֆորտի համալսարանի (Oxford University) արեւելագիտութեան բաժնին եւ Նիւ Եորքի Ֆորտհամ համալսարանին (Fordham University) մէջ, եւ կը ստանայ ակադեմական հետեւեալ վկայականները.- Պսակաւոր Արուեստից )B.A.(, Մագիստրոս Աստուածաբանութեան (M.Div), Մագիստրոս Եկեղեցական Պատմութեան (S.T.M.) եւ Դոկտոր Փիլիսոփայութեան (Ph.D.)։

1968-էն 1975, մինչեւ Ամերիկա ուսման մեկնիլը, Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս կը վարէ հետեւեալ պաշտօնները.- Փոխ-Տեսուչ Մարտիկեան վարժարանի, Դպրեվանքի Տեսչի Օգնական ու ապա՝ Փոխ-Տեսուչ, աստուածաբանական նիւթերու դասախօս Դպրեվանքէն ներս, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց Ընդհանուր Քարտուղար։ 1972-էն 1975 կը դասաւանդէ նաեւ Հայկազեան համալսարանէն ներս եւ յաճախակի առիթներով յատուկ դասախօսութիւններ կու տայ Պէյրութի Համալսարանի (BUC) եւ Ամերիկեան համալսարանի (AUB) մէջ։

Վեհափառ Հայրապետի եկեղեցական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ միջ-եկեղեցական շարժումը (Ecumenical Movement)։ Աբեղայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, հանգրուանային զարգացումով ան իր հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ միջազգային եկեղեցական այս մեծ շարժումին՝ թէ՛ տեղական, թէ՛ Միջին Արեւելեան եւ թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ներկայ կը գտնուի աւելի քան երեք հարիւր միջազգային համագումարներու աշխարհի չորս կողմերը, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ երբեմն նաեւ հրաւիրուելով որպէս դասախօս։

Վեհափառ Հայրապետը 1974-ին իր կարեւոր դերը կ՚ունենայ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Middle East Council of Churches) կառոյցին վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, եւ այդ թուականէն սկսեալ կը դառնայ նոյն Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ։ 1977-ին կը նշանակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վիեննայի PRO-ORIENTE Կաթոլիկ էքիւմէնիք կազմակերպութեան մօտ, եւ ապա կ՚ընտրուի նոյն կազմակերպութեան պատուոյ անդամ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Արեւելեան Ուղղափառ Ոչ-Քաղկեդոնական եւ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու (Joint Commission of Theological Dialogue Between the Orthodox Church and the Oriental Orthodox Churches), Ուղղափառ-Աւետարանչական (Orthodox-Evangelical) եւ Արեւելեան Ուղղափառ-Բարեկարգեալ (Oriental Orthodox-Reformed) եկեղեցական ընտանիքներու աստուածաբանական տիալոկին միջազգային մակարդակի վրայ՝ որպէս հիմնադիր ու մնայուն անդամ վերոյիշեալ յանձնախումբերուն։ Կարեւոր դեր կ՚ունենայ Արեւելեան Ուղղափառ ոչ-Քաղկեդոնական եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան (Oriental Orthodox–Roman Catholic Theological Dialogue) նախաձեռնութեան մէջ։ Կը դառնայ մնայուն անդամ նաեւ շրջանային ու միջազգային շարք մը աստուածաբանական ու էքիւմէնիք յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու։

Վեհափառ Հայրապետին էքիւմէնիք ծառայութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (World Council of Churches)։ 1970-էն սկսեալ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ յիշեալ Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու աշխատանքներուն։ Կը դառնայ անդամ Խորհուրդի երիտասարդական բաժանմունքին (Youth Department) եւ ապա «ՀաւատքեւԿարգ» (Faith and Order) յանձնաժողովին ու անոր գործադիր վարչութեան (Standing Commission)։ 1983-ին Ե.Հ.Խորհուրդի Վանքուվըրի (Գանատա) համաժողովին կ՚ընտրուի Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ. իսկ 1991-ին Քէմպերայի (Աւստրալիա) համաժողովին կ՚ընտրուի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց  (Central Committee and Executive Committee) Ատենապետ՝ եօթ տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։ Վեհափառը առաջին Ուղղափառն է եւ ամէնէն երիտասարդը Ե.Հ.Խորհուրդի պատմութեան մէջ, որ կ՚ընտրուի միջազգային սոյն մեծ կազմակերպութեան բարձրագոյն պաշտօնին։ Իսկ 1998-ին Հարարէի (Զիմպապուէյ) մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 8-րդ համաժողովին Վեհափառ Հայրապետ կը վերընտրուի որպէս Ատենապետ։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի պատմութեան մէջ ան կը հանդիսանայ առաջին վերընտրուած Ատենապետը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ միջ-կրօնական մարզէն ներս։ Կը մասնակցի միջազգային բազմաթիւ համագումարներու։ Նաեւ կը հրաւիրուի որպէս գլխաւոր դասախօս։ Այս շրջագծէն ներս Վեհափառը յատուկ աշխատանք կը տանի Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան ծաւալման։ Վեհափառը միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող համագումարներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ նաեւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ 1994-ին պատուոյ նախագահ կ՚ընտրուի World Religions Museum Foundation-ի, իսկ 2006-ին՝ World Religions for Peace միջազգային կազմակերպութեան։ Ան նաեւ կարեւոր ներդրում կատարած է իբրեւ գլխաւոր դասախօս եւ նախագահ՝ G8-ի Միջ-կրօնական համագումարներուն:

Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շրջագծէն ներս ինչպէս նաեւ Ե. Հ. Խորհուրդի ատենապետի իր հանգամանքով Արամ Վեհափառը կը դասախօսէ աշխարհի զանազան անկիւնները համալսարանական ու միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս. պաշտօնական այցելութիւններ կու տայ օտար եկեղեցիներուն ու հանդիպումներ կ՚ունենայ անոնց պետերուն հետ։ Հրապարակային արտայայտութիւններուն մէջ թէ պաշտօնական հանդիպումներուն ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը կ՚արծարծէ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն ու Արցախի հարցերը։

Իր ստանձնած զանազան պատասխանատուութիւններուն առընթեր, Արամ Ա. Կաթողիկոս կը հեղինակէ հետեւեալ գործերը.-

ՆերսէսՇնորհալիԱստուածաբանուԷքիւմէնիստ,Պէյրութ,1974.
ՀայաստանեայցԵկեղեցւոյՃշմարիտԴիմագիծը,Անթիլիաս,1979.
ՎերականգնումիԿամքով,Պէյրութ, 1983.
Ժողովուրդինհետ,Պէյրութ, 1989.
Դէպի 1700-ամեակՍուրբԹադէիՃամբով, Անթիլիաս, 1996.
ՈրդիԱստուծոյ, ՈրդիՄարդոյ,Անթիլիաս, 1999.
Ազգ, Եկեղեցի, Հայրենիք,Անթիլիաս, 1999.
ՀաւատքիԱռաքելութիւն, Անթիլիաս, 2003.
ՏէրԶօր։ՀամազգայինՈւխտատեղի,Անթիլիաս, 2005.
ԾառայութեանՄեծութիւնը, Անթիլիաս, 2005.
ԿեանքըԱրժէքներովԻմաստաւորել, Անթիլիաս, 2009.
The Witness of the Armenian Church in a Diaspora Situation, New York, 1978.
Conciliar Fellowship: a Common Goal, Geneva, 1991.
Orthodox Perspectives on Mission, Oxford, 1992.
The Challenge to be a Church in a Changing World, New York, 1997.
In search of Ecumenical Vision, Antelias, 2000.
L’eglise Face aux Grands defis,Antelias, 2000.
The Armenian Church Beyond the 1700th Anniversary, Antelias, 2002.
Justice, Paix, Reconciliation, Antelias, 2003.
The Christian Witness at the Crossroads in the Middle East,  Antelias, 2004.
For a Church Beyond its Walls, Antelias, 2006.
– Pour un Monde Transform
e, Antelias, 2006.
– Dialogue with Youth Montreal, 2009 (in English and French).
– Enriching Life with values, Antelias, 2009 (in Armenian).
– St. Nerses the Gracious and Church Unity, Antelias, 2010 (in English).
– A Journey of Faith, Hope and Vision, Antelias, 2011 (in English).

– Taking the Church to the People, 2011, Antelias
– The Armenian Church, in progress

Վերոյիշեալ գիրքերէն անկախ, Վեհափառը ունի բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք տպուած են հայ թէ օտար պարբերաթերթերու մէջ եւ անոնցմէ շատեր թարգմանուած են զանազան լեզուներու։

1978-էն ի վեր, Լիբանանի պատմութեան ու Լիբանանահայ կեանքի ամէնէն փոթորկոտ շրջանին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ձեռնհասութեամբ կը վարէ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդի պատասխանատու պաշտօնը։ Իր տասնեօթ տարիներու առաջնորդական բազմերես գործունէութիւնը ու իր կատարած բազմազան իրագործումները ծանօթ են բոլորին։

Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոս կ՚ընտրուի 28 Յունիս, 1995-ին։ Օծումը տեղի կ՚ունենայ 1 Յուլիս, 1995-ին, մասնակցութեամբ, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայ եկեղեցւոյ Նուիրապետական բոլոր Աթոռներու Գահակալներուն։

Արամ Վեհափառը արժանացած է միջազգային պատուոյ տիտղոսներու ու շքանշաններու՝ պետութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, եկեղեցիներու եւ համալսարաններու կողմէ. վերջինը՝ Pax Christi Award։ Բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է միջազգային պետական, քաղաքական ու կրօնական դէմքերու հետ։ Իր կենսագրութիւնը կ՚երեւի միջազգային զանազան հրատարակութեանց ու հանրագիտարաններու մէջ, որպէս աստուածաբան եւ միջ-եկեղեցական համաշխարհային ղեկավար դէմք։

Իսկ Կաթողիկոսական Գահ բարձրանալէն ի վեր Արամ Ա. Կաթողիկոս լծուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան վերակազմակերպման ու վերածաղկման աշխատանքին։ Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է յիշել Կաթողիկոսարանէն ներս նոր բաժանմունքներու հաստատումը, որոնք ազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական մակարդակներու վրայ ընդարձակեցին Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը։ Քրիստոնէականդաստիարակութեան նախկին բաժանմունքին կողքին աւելցաւ Կրօնագիտական Ուսմանց յատուկ լսարանը. միջեկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ բաժանմունքի մը հիմնումով, նոր հունաւորում ստացաւ եկեղեցական խորհուրդներու, տարբեր եկեղեցիներու եւ տարբեր կրօններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Ս. Աթոռին յարաբերութիւնը եւ հանդիպումներու ու համագումարներու կազմակերպումը։ Յիշեալ Բաժանմունքներու շարքին ներկայ ժամանակներու անհրաժեշտութիւնը նկատուող ՅարաբերութեանցուԼրատուական Բաժանմունքի հաստատումը պատկերը կը հանդիսանայ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան, օրը օրին տեղեակ պահելով մամուլը Կաթողիկոսութեան ազգային-եկեղեցական, միջազգային, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական լայնածիր գործունէութեան մասին, տարբեր լեզուներով։ ԵրիտասարդականԲաժանմունքը եւս Վեհափառ Հայրապետին ջանքերով հաստատուած նոր Բաժանմունքներէն է, որուն նպատակն է մեր գաղութներու երիտասարդութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ օտար եկեղեցիներու եւ կրօններու երիտասարդութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններ ստեղծել։

Թանգարանի եւ Մատենադարանի կարգաւորումն ու ազգային ու միջազգային մշակութային կեանքէն ներս անոնց ներկայութիւնը եւս, նոր թափ ստացաւ անցնող տարիներու ընթացքին։ Կÿարժէ յատուկ կերպով անդրադառնալ Կաթողիկոսութեան Արխիւատան հաստատումին, որ արդիական չափանիշերով պատրաստուած յատուկ սարքերով օժտուեցաւ, Մայրավանքէն ներս կառուցուած իր նոր կեդրոնին մէջ։ Այս բոլորին կողքին վերջերս Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ ԿրթականՀայագիտականծրագիրներու յատուկ գրասենեակը։ Անհրաժեշտ է նաեւ յիշել որ ՔահանայիցՅատուկԴասընթացքըՎեհափառ Հայրապետը Դպրեվանքէն փոխադրեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ զայն վերածեց առանձին բաժանմունքի։

Անհրաժեշտ է անդրադառնալ նաեւ շինարարական լայնածիր գործունէութեան, որ թափ ստացաւ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան առաջին տարիէն սկսեալ։ Կաթողիկոսարանի ու Դպրեվանքի արտաքին ու ներքին շինարարական աշխատանքները նոր երեւոյթ մը տուին երկու հաստատութիւններուն։ Այս գծով հարկ է յիշել՝ միաբանական շէնքը, Եպիսկոպոսներու յատուկ բաժինը, գրախանութին բաժանմունքը, հիւրանոցը, Արխիւատունը, Քահանայից յատուկ բաժինը, եւյլն.։ Տակաւին ընկերային ծառայութեան տրուած կարեւորութեան ծիրէն ներս, ժողովրդային նոր բնակարաններու կառուցումը Ֆանարի շրջանին մէջ, յատկապէս նոր սերունդին համար աւելի քան քաջալերանք եղաւ, երբ նախապատուութիւն տրուեցաւ ընտանեկան նոր բոյն կազմելու փափաք ունեցող զոյգերուն։

Կաթողիկոսարանի ներքին կեանքին ու գործունէութեան վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման նպաստող ազդակներ եղան  ազգային-եկեղեցական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական, մշակութային, կրթական ու ընկերային ծառայութեանց բնագաւառներէն ներս կազմակերպուած հանդիպումները, համագումարները, երկար ժամանակի վրայ գործադրուելիք հետեւողական ընթացք ունեցող ծրագիրները ու այլ հեռանկարներ։ Այս բոլորին առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս հովուապետական այցելութիւններ տուաւ Կաթողիկոսութեան թեմերուն, եւ հրաւիրեց թեմակալ առաջնորդներն ու թեմական իշխանութիւնները Անթիլիաս, Կաթողիկոսարան-Թեմ յարաբերութիւնները դնելով աւելի յստակ ուղեգիծի վրայ, երկուստեք արդիւնաւորելով անոնց գործունէութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022