ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Մեծ Պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ։ Այս կիրակի օրուան աւետարանը կը բովանդակէ Քրիստոսի կեանքին հետ կապուած շարք մը դէպքեր՝ Ղազարոսի յարութիւնը, Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ Տաճարին մաքրագործումը։

Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը յիշատակուի իբրեւ «ԱՐՄԱՒԵՆԵԱՑ ԿԻՐԱԿԻ», իսկ Հայ Եկեղեցին զայն կը կոչէ նաեւ «ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ», որ զուտ հայկական μնորոշում մըն է։

Յիսուս, իր մահը կամաւորաμար յանձն առնելու գիտակ, դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուի, այնտեղ իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանը ապրելու համար։ Ճանապարհին՝ իր վերջին հրաշագործութիւնները կը կատարէ առաքեալներուն եւ մարդոց ներկայութեան. երկու կոյրերուն աչքերը կը բանայ եւ չորս օրերէ ի վեր մահացած ու թաղուած Ղազարոս իր μարեկամը վերստին կեանքի կը կոչէ։ Ահա ասոր համար Ծաղկազարդը կանխող Շաբաթ օրը կը կոչուի «Յիշատակ Ղազարու Յարութեան»։

Նիսան (Ապրիլ) ամիսն է, ամենանուիրական կրօնական ու պատմական ամիսը հրեաներուն համար։ Երուսաղէմը ողողուած է ուխտաւորներու բազմութեամբ։ Հրեայ ժողովուրդի Եգիպտոսէն ելքի եւ ազատագրման յիշատակի տօնակատարութիւնն է, Հրէական ՊԱՍԵՔը, առ այդ՝ ուխտաւորներ Երուսաղէմ ուխտի եկած էին ոչ միայն Հրէաստանի մերձակայ քաղաքներէն ու գիւղերէն, այլ նաեւ Միջին Արեւելքէն, Ափրիկէէն, Եւրոպայէն եւ ի սփիւռս աշխարհի։

Յիսուս իր ուսուցումներով եւ կատարած հրաշքներով մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր. ամէն մարդ կը խօսէր իր կատարած հրաշքներուն եւ հեղինակաւոր խօսքերուն մասին։ Յիսուսի հետեւորդներուն թիւը օրէ օր կ’աճէր։ Մարդիկ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ Անոր շրթներէն կը լսէին Աստուածային ճշմարիտ պատգամները, հիւանդներ իրենց ունեցած զանազան հիւանդութիւններէն ու ախտերէն կը բժշկուէին, մեռելներ յարութիւն կ’առնէին։ Յիսուսի մէջ մարդիկ մարմնաւորուած կը տեսնէին մարգարէներու պատգամած իսկական Մեսիան, Աստուծոյ Օծեալը։

Յիսուս Բեթանիայէն Երուսաղէմ կը բարձրանայ։ Ժողովուրդը խուռներամ իրեն կը հետեւի։ Իր երկու աշակերտները դիմացի գիւղը կը ղրկէ, որպէսզի այնտեղէն կապուած էշը բերեն։ Յիսուս հանդիսաւորապէս նստած իշու աւանակին վրայ Երուսաղէմ մուտք կը գործէ։ Ըսուած մարգարէութիւնն է որ կը կատարուի, Զաքարիա մարգարէին խօսքը, թէ՝ «Երուսաղէմի ըսէք.- Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Զք 9.9, Մտ 21.5)։

Աշակերտներն ու ժողովուրդը խանդավառ են։ Ոմանք իրենց հագուստները գետին փրելով, ուրիշներ արմաւենիի ճիւղեր եւ ձիթենիի ոստեր փրցնելով, օդին մէջ ճօճելով կ’աղաղակէին ու կ՚ըսէին. «Ովսաննա՜, օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին» (Սղ 118.25-26, Մտ 21.9)։

Խանդավառ թափօրը կը հասնի Երուսաղէմ։ Յիսուս իսկոյն կը փութայ տաճար, ուրկէ դուրս կը վռնտէ բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ’ընէին, լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները կը շրջէ, այդպիսով ժողովուրդին հասկցնելու համար, թէ Աստուծոյ տունը կոչուած է աղօթքի տուն ըլլալու եւ ոչ թէ աւազակներու որջի (Մտ 21.12-13)։

Ահա ա՛յս է այսօրուան պատումը։

Ուստի եկէք մե՛նք ալ, Ծաղկազարդի այս տօնին օրը, լա՛յն բանանք մեր սիրտերու դռները Քրիստոսի, մեր Փրկչին դիմաց, Անոր ոտքերուն առջեւ փռենք մեր հին հագուստները, այսինքն՝ մեր խոցոտուած նկարագիրն ու դժուարութիւնները, որպէսզի մեր Տէրն ու Ազատարարը ինք, որպէս Խաղաղութեան Իշխան, վերանորոգէ մեր հոգին, ծաղկազարդէ մեր անձը եւ խաղաղեցնէ ու առաջնորդէ մեր կեանքը դէպի խաղաղութեան նաւահանգիս։

ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Ծաղկազարդի երեկոյեան տեղի ունեցող արարողութիւնը կը կոչուի ԴՌՆԲԱՑԷՔ, որ պատկերաւոր ձեւով կը յիշեցնէ մեզի այս ժամանակներու աւարտը եւ Վերջին Դատաստանը։ Այս արարողութեան խորհուրդն ու իմաստը խտացած կը գտնենք օրուան յատուկ «Բա՛ց մեզ, Տէ՜ր.» շարականին մէջ։

Պատկերաւոր ձեւով կը կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ յատուկ է միայն Հայ Եկեղեցւոյ։

Ս. Սեղանին վարագոյրը կը փակուի, որուն առջեւ կրօնաւորը ծնկաչոք, կ’երգէ օրուան խորհուրդին յատուկ երգը եւ մեծ բանալիով մը փայտին կը զարնէ, այդպիսով՝ նշանակելով արքայութեան դռները թակելը, եւ հաւատացեալներուն անունով արտասուալից կը պաղատի Աստուծոյ, որ չըլլայ թէ իրենց ունեցած թերութիւններուն ու մեղքերուն պատճառով իրենց առջեւ փակ պահէ արքայութեան դռները, այլ Իր Աստուածային անհուն սիրով ներէ բոլորիս մեղքերը եւ մեզ ընդունի Իր յաւիտենական թագաւորութեան մէջ։ Իսկ վարագոյրի ետին կանգնած ուրիշ կրօնաւոր մը փոխասացութեան ձեւով կը պատասխանէ եւ կը յիշեցնէ ներկաներուն, որ ասիկա Աստուծոյ արքայութեան դուռն է, որ կը բացուի միայն անոնց դիմաց, որոնք ապաշխարութեամբ ու հաւատքով կը դիմեն Աստուծոյ։

Եւ մինչ դպիրները միաբերան կ’երգեն «Զողորմութեան Քո զդուռն բա՛ց մեզ, Տէ՜ր. շարականը, խորանին վարագոյրը կը բացուի, եւ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը վառին, բոլորին տեսանելի ձեւով պատկերացնելով Աստուծոյ արքայութեան լուսաւորութիւնն ու փառքը։

Արդ, եկէ՛ք գիտակից հոգիով, զղջումով ու ապաշխարութեամμ մե՛նք ալ խոստովանինք մեր մեղքերը, մաքրե՛նք մեր սիրտերը ամէն տեսակի չար մտածումներէ, եւ պայծառակերպուած դիմենք մեր Ստեղծիչին՝ մարդասէր Տիրոջ, որ մեզ μոլորս անխտիր կը հրաւիրէ ժառանգելու Իր լոյս արքայութիւնը։

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ծաղկազարդէն Զատիկ երկարող շաμաթը կը կոչուի ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ։

Աւագ, այսինքն՝ Մեծ կը կոչուին անոր համար, որ տարուան միւս μոլոր օրերէն կը տարբերին իրենց ունեցած խորհուրդով եւ ստացած կարեւորութեամբ։ Այս Շաբթուան ընթացքին է, որ մեր Տէրը Յիսուս, իր վերջին խրատներն ու ուսուցումները փոխանցեց իր աշակերտներուն, հաստատեց Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդը, լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, Յուդային կողմէ մատնուեցաւ հրեաներուն ձեռքը, ձերբակալուեցաւ, մարդոցս փրկութեան համար չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, սակայն երրորդ օրը հրաշափառապէս յարութիւն առաւ։

Աւագ Շաբթուան առաջին օրը՝ Աւագ Երկուշաբթին, յիշատակն է Չորցած Թզենիին, իր այս կոչումը ստացած է օրուան աւետարաններուն մէջ կարդացուող եւ յիշատակուող դէպքին անունով։ Աւետարաններուն մէջ կը պատմուի, թէ Բեթանիայէն դէպի Երուսաղէմ ճամբուն վրայ Յիսուս կը մօտենայ թզենիի մը՝ անկէ թուզ քաղելու համար։ Սակայն անոր վրայ պտուղ չգտնելով, որովհետեւ պտուղի ժամանակը չէր, կ’անիծէ թզենին, որպէսզի ալ մարդ անկէ պտուղ չկարենայ քաղել եւ ուտել։ Յաջորդ օրը, երբ նոյն ճամբէն կը վերադառնային, աշակերտները թզենին արմատէն չորցած կը տեսնեն։ Երբ հարց կու տան Յիսուսի այս մասին, Յիսուս թզենիին օրինակին մէջէն կը սորվեցնէ անոնց, թէ ինչ որ հաւատքով ու առանց տարակուսանքի ընեն՝ պիտի կատարուի, նոյնիսկ եթէ լեռան ըսեն ել եւ ծովը ինկիր՝ պիտի կատարուի (Մկ 11.22-25)։

Այս առակով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ անպտուղ թզենիին չնմանիլ՝ դուրսէն կանաչ, սակայն՝ անպտուղ, այլ միշտ պատրաստ ըլլալ ճիշդ ժամանակին մեր կեանքի պտուղը Տիրոջ ներկայացնելու։ Նաեւ կը սորվեցնէ՝ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ նկատմամբ, աղօթքով դիմել եւ հաւատալ որ պիտի ստանանք մեր խնդրածը, կարեւորը, սակայն՝ ներող պէտք է ըլլանք մեր նմանին հանդէպ, այն ատեն՝ Աստուած ամէն ինչ կու տայ մեզի։

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Աւագ Շաբթուան երկրորդ օրը՝ Աւագ Երեքշաբթին, ժողովուրդին մօտ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով։

Այս կոչումը կու գայ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կարդացուող աւետարանի այն դրուագէն, երμ աշակերտներու հարցին վրայ՝ թէ ե՞րբ պիտի գայ Աստուծոյ արքայութիւնը, Յիսուս անոնց կը պատասխանէ առակով մը, հետեւեալ բովանդակութեամμ.

Հարսնիքի մը ընթացքին տասը կոյսեր, իրենց լապտերները ի ձեռին, մեծ խանդավառութեամμ կը սպասեն փեսային ժամանման, անոր հետ մտնելու հարսնարան եւ ուրախանալու։ Տասը կոյսերէն հինգը իմաստուն էին, որոնք իրենց հետ վերցուցած էին յաւելեալ ձէթ՝ իրենց լապտերներուն համար, մինչ միւս հինգը յիմար էին՝ որովհետեւ իրենց հետ չէին առած պահեստի վառելանիւթ։ Փեսան կ’ուշանայ, իսկ կոյսերը քունի կ’անցնին։ Երբ ուշ ժամերուն կը յայտարարուի թէ ահա փեսան կու գայ, կոյսերը անմիջապէս կը պատրաստուին փեսան դիմաւորելու, սակայն միայն իմաստուն կոյսերը կը կարողանան փեսան դիմաւորել եւ անոր հետ հարսնարան մտնել, որովհետեւ իրենց հետ տարած յաւելեալ վառելանիւթով իերնց լապտերները կը վառեն, մինչ միւս հինգը քաղաք կը շտապեն ձէթ գնելու եւ իրենց լապտերները վառելու։ Սակայն արդէն ուշ կ’ըլլայ, իրենց վերադարձին՝ հարսնարանի դուռը փակ կը գտնեն եւ զուր տեղը դուռը կը μաղխեն, դուռը բացող չ’ըլլար (Մտ 25.1-13)։

Այս առակով Յիսուս մեզի կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ մեր կեանքի ընթացքին մեր հաւատքի ճրագները միշտ պէտք է վառ պահենք, արթուն հսկենք, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը։

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիներէն ներս։ Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ, տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագուած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ, ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած։ Երբ Աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալլուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ։ Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ’ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ ՅԻՄԱՐ։ Անոնց որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի՝ կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները՝ վառած կը պահեն զանոնք։

Եկէք մե՛նք ալ μոլորս նմանինք իմաստուն կոյսերուն, արթուն հսկենք մեր հոգիներուն վրայ, որպէսզի չըլլայ թէ չարը խաբէ մեզ, մարէ Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքը, որուն պատճառով՝ մենք ալ զրկուինք Քրիստոսի պարգեւած յաւիտենական ուրախութենէն ու հանգիստէն։

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
Աւագ Շաբթուան երրորդ օրը՝ Աւագ Չորեքշաբթին, յիշատակի օրն է Քրիստոսի մատնութեան, ինչպէս նաեւ Մարիամի կողմէ Իր օծման։

Արդէն Յիսուսի համբաւը տարածուած էր ամբողջ Պաղեստինի եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն մէջ։ Ժողովուրդը քանի մը օրեր առաջ թագաւորի մը պէս, ովսաննաներով եւ ուռաներով դիմաւորած էր զԻնք։ Յիսուս նոյնիսկ համարձակօրէն, խարազանը առած, մաքրագործած էր տաճարը եւ հոնկէ դուրս վռնտած Աստուծոյ տունը շահարկող վաճառականները։ Հրեայ ղեկավարներէն շատերը նախանձով եւ ատելութեամμ լեցուած էին Յիսուսի նկատմամբ, կ’ուզէին ձերբազատիլ Անկէ՝ վերջ դնելով Անոր կեանքին, սակայն մարդոցմէ կը վախնային։

Ահա առիթը կը ներկայանայ. Յիսուսի տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, գաղտնօրէն կը ներկայանայ անոնց եւ կը համաձայնի երեսուն արծաթի փոխարէն դաւադրաμար հրեայ ղեկավարներուն ձեռքը մատնել Մեծ Վարդապետը։ Յուդան շատ դրամասէր էր։ Ինք Յիսուսի խումբին գանձապահն էր, իր քով կը գտնուէր գանձանակը, եւ ինչ որ հոն դրուէր՝ կը գողնար անկէ (Յհ 12.6)։ Հիմա կը մնար սպասել ճիշդ ժամանակին, իր դաւադրութիւնը յաջողցնելու համար։

Իսկ Մարիամի կողմէ Յիսուսի գլուխն ու ոտքերը օծուիլը կը պատահի Բեթանիոյ մէջ, երբ Յիսուս իր աշակերտներով ճաշի հիւրն էր մեծահարուստի մը, ահա Մարիամ կու գայ եւ թանկագին իւղով կ’օծէ Տիրոջ գլուխն ու ոտքերը։ Յիսուս այս օծումը կը համարէ Իր թաղումին որպէս նշան։

Որքա՜ն դաւադրութիւններ կը գործուին այսօր քուլիսներու ետին, որքա՜ն անմեղներու կեանքեր կը խլուին ու կը հնձուին այսօր մթութեան մէջ, նոյնիսկ՝ լոյս աչքով։

Եկէք այսօր մաքրե՛նք մեր սիրտերն ու միտքերը չար խորհուրդներէ եւ գէշ մտածումներէ։ Մեր կեանքով չնմանինք Յուդային, չըլլանք ապերախտ Տիրոջ պարգեւներուն նկատմամμ, չմատնենք մեր եղբայրը դրամի փոխարէն։ Այլ Մարիամի նման, մեր վարքով եւ օրինակով, մեր հաւատքի իւղով անուշցնենք մեր նմաններուն կեանքերը, որոնց փրկութեան համար Քրիստոս Իր անմեղ ու սրբարար արիւնը թափեց։

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Աւագ Շաբթուան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Աւագ Հինգշաբթի օրը, որ լեցուն է Տնօրինական խորհուրդներով՝ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդի հաստատում, Ոտնլուայ, Խաւարում՝ Մատնութիւն եւ Ձերբակալութիւն։

Ա) Աւագ Հինգշաբթի առաւօտուն կը մատուցուի սուրբ եւ անահ պատարագ։ Պատարագը նուիրուած է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կատարած Վերջին Ընթրիքին եւ Ս. Հաղորդութեան հաստատման խորհուրդին։

Վերջին Ընթրիքի ժամանակ, Վերնատան մէջ, Յիսուս հացը առաւ, գոհացաւ, օրհնեց եւ իր աշակերտներուն տալով ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, ասիկա իմ մարմինս է . . .»։ Ապա գինիի μաժակը առնելով, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն ըսելով. «Բոլորդ խմեցէ՛ք ասկէ . ասիկա իմ արիւնս է . . .»։

Այս պատարագը կարելի է երեք տարբեր անուններով կոչել.

«Վերջին Ընթրիք» կամ «Ընթրեաց Պատարագ», որովհետեւ ան կը յիշատակէ Պասեքի այն ընթրիքը, զոր Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր առաքեալներուն հետ կատարեց, Իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան նախօրէին։

«Գոհաբանութեան Պատարագ», որովհետեւ անով մենք գոհաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հօր Աստուծոյ, որ հաճեցաւ իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկել՝ մեր հոգիներու փրկութեան համար։

«Հաղորդութեան Պատարագ», որովհետեւ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը ստանալով մենք կը հաղորդակցինք աստուածային Էութեան հետ եւ մաս կը կազմենք Անոր եկեղեցիին, հաւատացեալներու հաւաքոյթին։ Ամէն անգամ որ հացի ու գինիի տարրերու ետին մենք Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը կը ճաշակենք, պէտք է խորհրդածենք Անոր մահուան, յարութեան եւ երկրորդ գալուստին վրայ (Ա.Կր 11.26)։

Այս խորհուրդով Քրիստոս Նոր Ուխտ մը կը հաստատէ Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Մինչդեռ Հին Կտակարանին մէջ ընտրեալ ժողովուրդը Աստուծոյ կը մօտենար քահանայի մը եւ ողջակիզուած կենդանիի մը միջոցաւ, հիմա բոլոր մարդիկ Աստուծոյ կրնան մօտենալ ուղղակիօրէն Քրիստոսի միջոցաւ եւ մանաւանդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ իրենց ունեցած հաւատքին միջոցաւ (Հռ 3.21-24)։ Փոխան Հին Կտակարանի գառնուկին, որ խորանին վրայ պիտի զոհագործուէր մարդոց մեղքերուն փոխարէն, ահա Քրիստոս իբրեւ Անարատ Գառն Աստուծոյ, Արդարը՝ անարդարներուս համար, Անմեղը՝ մեղաւորներուս համար Իր սրբարար ու քաւչարար արիւնը թափեց քառաթեւ խաչին վրայ, որպէսզի մեր մեղքերը միանգամընդմիշտ ներում եւ թողութիւն գտնեն։ Բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի եւ անոր ճշմարիտ Աստուծոյ Որդի եւ Աստուած ըլլալուն՝ պիտի ստանան մեղքերու թողութիւն եւ խոստացուած փրկութիւնը։

Ահա այս Խորհուրդն է որ Եկեղեցւոյ հայրերը ճոխացնելով կազմեցին այսօրուան Պատարագը։

Բ) Նոյն օրը Երեկոյեան կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, հետեւողութեամբ Քրիստոսի ձեռքով Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակին։

Անցեալին, մանաւանդ Արեւելքի մէջ, յարգանքի արտայայտութիւն եւ մեծարանքի նշան էր հիւրերուն ոտքերը լուալը։ Տան ծառան ինք կը կատարէր այս պարտականութիւնը։

Յիսուս Իր աշակերտներուն սիրոյ եւ խոնարհութեան գերագոյն ու գործնական օրինակը տուաւ՝ անոնց ոտքերը լուալով։ Յստակ է Քրիստոսի տուած պատգամը Իր աշակերտներուն եւ նաեւ այսօր մեզի։ Այս արարքով Յիսուս մեզի խոնարհ ըլլալու եւ բոլորին անսակարկ սիրով ծառայելու պատգամն է որ կը փոխանցէ, որովհետեւ ով որ կ’ուզէ մեծը ըլլալ, պէտք է  բոլորին սպասաւորը ըլլայ։

Այս դրուագին պատկերաւոր կատարումն է որ տեղի կ’ունենայ մեր եկեղեցիներէն ներս, եկեղեցականը մեծ վայելչութեամբ իր զգեստները հագած կը կանգնի խորանին մէջտեղ եւ իր երկու կողմերը շարքով կանգնած տասներկու դպիրները, ի նշան՝ տասներկու առաքեալներուն, արտասանուած կանոնական աղօթքներէն ու երգուած շարականներէն ետք կարգով կը մօտենան հանդիսապետ եկեղեցականին, զոր իրենց ոտքերը ջուրով լուալէ ետք նաեւ իւղ կը քսէ անոնց վրայ, յօրինակ՝ Մարիամի կողմէ Քրիստոսի ոտքերը օծելուն։

Արարողութեան աւարտին ներկաներուն կը բաժնուի օրհնուած իւղ, որոնք իրենց հետ տուն տանելով բոլոր տնեցիներուն, եւ յատկապէս հիւանդներուն ճակատին, աչքերուն, ականջներուն կամ մարմնի ցաւած մասերուն կը քսեն՝ բժշկութիւն ստանալու հաւատքով։

Գ) Հայ Եկեղեցւոյ մէջ «Խաւարման Գիշեր» կամ «Լացի Գիշեր» կը կոչուի Աւագ Հինգշաբթիէն Աւագ Ուրբաթ երկարող Գիշերը, անոր համար, որ այդ օրը մարդկութիւնը, Յուդայի եւ Եբրայեցի կրօնաւորներուն ընդմէջէն, Խաւարի Իշխանէն՝ Սատանայէն դրդուած մահուան առաջնորդեց Իր Արարիչը, Աշխարհի Լոյսը, նախընտրելով ապրիլ խաւարի ու մեղքի մէջ, քան թէ՝ լոյսի ու արդարութեան։

Խաւարման կամ Լացի Գիշեր անոր համար, որ ոչ միայն Յուդան իր կեղծ ու ատելի համբոյրով մատնեց երկնաւոր Վարդապետը, այլ հաւատարիմ նկատուող առաքեալներն իսկ, որոնք քիչ առաջ Պետրոսի նման կ՚ըսէին՝ «նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանամ» (Մտ 26.35), շատ շուտով առանձին պիտի լքէին իրենց Ուսուցիչը ու մահուան սոսկումէն սարսափած բոլորը պիտի փախչէին՝ գլուխնին ազատելու համար, իսկ Պետրոս Առաքեալ, աքաղաղը դեռ չկանչած երեք անգամ պիտի ուրանար զՔրիստոս։

Հայ եկեղեցիներէն ներս այս արարողութիւնը կը սկսի գիշերը եւ կ’երկարի մինչեւ կէս գիշեր։ Քրիստոսի խաչելութեան պատկերին դիմաց հաւասար չափով տասներկու մոմեր կը վառեն, մէկ հատ ալ մեծ մոմ կը դնեն անոնց մէջտեղ, խորհրդանշելով Յիսուսն ու Իր տասներկու առաքեալները։ Կը կարդացուին եօթը աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը, Յուդայի գալն ու համբուրելով մատնելը, Յիսուսի ձերբակալութիւնն ու քահանայապետներուն առջեւ տարուիլը, ծեծուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, Պետրոսի երեք անգամ ուրանալն ու զղջալը։

Ամէն անգամ որ աւետարաններէն մէկը կ’ընթերցուի, վառած տասներկու մոմերէն իւրաքանչիւր կողմէն մէկական մոմ կը մարեն, իսկ «Փառք ի բարձունս» երգի ժամանակ՝ եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը կը մարեն, որ կը խորհրդանշէ Առաքեալներուն ձգել ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մեծ մոմը, վառած պահելով, կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, որ առանձին եւ անօգնական մնաց։

Իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցանութեան ընթացքին սովորութիւն եղած է, որ հաւատացեալներ նախապէս պատրաստած բարակ պարաններով եօթը հանգոյց կապեն, որպէս նշան Քրիստոսի հետ ամուր աքուցուելուն եւ զԻնք երμեք առանձին չձգելուն։

Քանի որ արժանացանք Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւած ձրի շնորհքին ու փրկութեան՝ Քրիստոսի սրբարար մարմնին ու արեան հաղորդութեան, եւ քանի որ Տէրը իր խոնարհութեամբ եւ սիրով լուաց մեր հոգիները մեղքերէ ու չար խորհուրդներէ, եկէք զօրեղ հաւատքով փարինք Քրիստոսի, խաւարման այս գիշերին, չբաժնուինք Անկէ եւ չհեռանանք Անոր քովէն։ Նաեւ յանձնառու ըլլանք Քրիստոսի հետ Գողգոթա բարձրանալու, մենք ալ մեր բաժինը բերելու եւ օգնելու Քրիստոսին՝ Իր խաչը մինչեւ Գողգոթա բարձրացնելու։ Յիշելով՝ որ այդ խաչի ծանրութենէն մաս մըն ալ մեր մեղքին պաճառած ծանրութիւնն է, որ Քրիստոս մեզի համար յանձն առաւ զայն սիրով կրելու՝ մեր մեղքերը քաւելու համար։

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ
Աւագ Շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ Ուրբաթը, որ իր մէջ կ’ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները։

Մարդկութեան ամենէն զազիր ու քստմնելի արարքը եղաւ այն, երբ արարածները իրենց ձեռքերովը սպաննեցին իրենց Արարիչը՝ զայն խաչը հանելով։ Հայ Եկեղեցւոյ շարականագիր մեծ հայրապետը, Ս. Սահակ Պարթեւ, այսպէ՛ս կը նկարագրէ այս երեւոյթը գրելով. «Ով սքանչելի եւ տեսիլ ահաւոր, զԱրարիչն երկնի եւ երկրի այսօր տեսաք ի խաչին։ Անարգաբար խաչեցաւ Տէրն ի մէջ յանօրինաց» (Շարական)։

Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը Հռոմէացի Կուսակալ Պիղատոսէն, Հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով խաչի անարագ մահուան Անոր դատապարտութիւնը, մարդոցմէ ու զինուորներէ ծաղրուիլը, ապտակուիլը, անարգուիլը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը։ Յիսուս, գիտակից իր Աստուածային ծրագրին՝ մարդկութիւնը մեղքի տիղմէն դուրս բերելու, գառնուկի մը լռութեամբ եւ հլու հնազանդութեամբ՝ կամաւորապէս բարձրացաւ դէպի Գողգոթա եւ հոն խաչուեցաւ։ Ան «Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինք Արդար Դատաւորին յանձնեց։ Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ Անոր վերքերովն էր որ բժշկուեցաք» (Ա.Պտ 2.23-24)։

Նոյն օրուան երեկոյեան արարողութիւնը կը յիշատակէ Քրիստոսի թաղումը։ Եկեղեցիներուն մէջ խորհրդանշական ձեւով կը պատրաստուի Յիսուսի դագաղը կամ գերեզմանը, որուն վրայ կը զետեղուի ճերմակ պատանքով պատուած խաչ մը, ի նշան Յիսուսի թաղման։ Ծնկաչոք եւ արտասուալից կ’երգուի «Սուրբ Աստուած. . . որ թաղեցար վասն մեր» եւ նաեւ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականները։

Ժողովրդական բարեպաշտութիւն է, երբ հաւատացեալներ երեք անգամ ծունկերու վրայ կ’անցնին Քրիստոսի գերեզմանին տակէն, ի նշան վերջին յարգանքի, ինչպէս նաեւ Յիսուսի դագաղին առջեւ խոնարհելու եւ մեր հպատակութիւնը Քրիստոսի յայտնելու։

Մենք որ նախորդ գիշեր հետեւեցանք Քրիստոսի քայլերուն մինչեւ Գողգոթա եւ առանձին չձգեցինք մեր Փրկիչը, եկէ՛ք այսօր ծունկի գանք մեր հոգիներուն մէջ, Քրիստոսի խաչափայտին առջեւ, եւ բազկատարած աղերսենք, որ Յիսուս ա՛լ վերջնականօրէն խաչափայտին վրայ քամէ մեր մեղքերը, որպէսզի կրկին անգամ մեր հին մեղքերուն չդառնանք։

Քրիստոս մէկ անգամ խաչուեցաւ Գողգոթայի կատարին խաչափայտին վրայ մեր մեղքերուն համար։ Ապրինք այնպէս, որ ամենօրեայ մեր գործած կամաւոր թէ ակամայ մեղքերով ամէն անգամ նորէն խաչը չհանենք մեր Փրկիչը, չխոցենք Անոր արդէն իսկ խոցուած սիրտը։ Քրիստոսի մարմինէն կաթած կաթիլ մը սուրμ արիւնովը ցօղենք մեր հոգին, սիրտն ու միտքը, որպէսզի կերպանափոխուած՝ մե՛նք ալ կարենանք Քրիստոսի հետ յարութիւն առնել մեր մեռելութենէն։

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ
Աւագ Շաբթուան վերջին օրն է Աւագ Շաբաթը, որ ծանօթ է նաեւ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ կամ ԽԹՈՒՄ անուններով։

Օրը լեցուն է լաւատեսութեամբ եւ յարութեան յոյսով, անոր համար՝ եկեղեցիներու բոլոր ճրագները, մոմերը վառած են, ճրագալոյց է, մեծ աւետիս է, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս խորտակած է դժոխքի դռները, Իր մահով մահուան վրայ յաղթանակ տարած է, եւ Իր յարութեամբ՝ մեզի կեանք պարգեւած։

Քրիստոսի խաչելութենէն ու թաղումէն ետք ասիկա առաջին պատարագն է, յոյսի ու յարութեան պատարագը, անոր համար բացառիկ հանդիսաւորութեամբ կը մատուցուի։ Եօթը շաբաթներու երկա՜ր պահեցողութիւնը ա՛լ իր աւարտին կը հասնի, եկեղեցիներու սեւ թանձր վարագոյրը կը վերցուի եւ հոգեւոր ցնծութիւնը կը պատէ բոլորին հոգիները։ Հնաւանդ սովորութեան համաձայն պահքը կը լուծէին ձուկով, հաւկիթով եւ իւղով։

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին դպիրներ կամ դպրոցական աշակերտներ ընթերցուածներ կը կարդան, որոնք բոլորն ալ կը պատմեն, թէ ինչպէս Աստուած կանուխ ժամանակներէն արդէն ծրագրած էր Իր Որդին աշխարհ ղրկել եւ ամբողջ մարդկութիւնը ազատագրել «եգիպտոսի», այսինքն՝ մեղքի գերութենէն, եւ մարդիկը վերադարձնել ու վերահաստատել Աստուածային իրենց նկարագրին եւ որդեգրութեան մէջ։ Ս. Գրոց ընթերցանութեանց կը հետեւի Ս. Պատարագը, որուն ընթացքին հարիւրաւոր հաւատացեալներ կը հաղորդուին Քրիստոսի յարուցեալ, կենդանարար ու կենսատու մարմինով եւ արիւնով։

Պարսկահայերը սովորութիւն ունին ճրագալոյցներուն եկեղեցիէն նշխար բերել տուն։ Տան մեծաւորը զայն կը բաժնէ ներկաներուն, իւրաքանչիւրը նշխարի կտորը կը զետեղէ իր բաժակին մէջ, ապա անոր վրայ գինի կը լեցնեն եւ խմելով կը շնորհաւորեն իրար։

Սքանչելի սովորութիւն է նաեւ «Աւետման ելլել»ը կամ «Աւետիս տալ»ը, երբ երիտասարդական խումբեր տունէ-տուն շրջելով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը կ’աւետեն շարականներով ու նուագով, որուն փոխարէն նուէրներ կը ստանան։

ԶԱՏԻԿ ԿԱՄ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ եւ սուրբ Յարութեան յիշատակը Տէրունի կոչուած տօներուն գլխաւորն է, Ս. Ծննդեան տօնին հետ միասին, զոր առաջին քրիստոնեայ հաւատացեալները սկսան տօնել։ Հետագային է, որ Տէրունի եւ այլ տօներ հաստատուեցան ու սկսան տօնուիլ։

Քրիստոնեաներու հաւատքը հիմնուած է Քրիստոսի յարութեան ճշմարտացիութեան վրայ, որովհետեւ առանց յարութեան՝ սին ու դատարկ պիտի ըլլար Քրիստոսի հանդէպ մեր հաւատքը եւ Աստուածային պաշտամունքը։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է, գերագոյն իմաստ եւ նշանակութիւն ունի Քրիստոսի հրաշալի յարութիւնը տօնախմբելը։

Կիրակի առաւօտ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ կը մատուցուի։ Օրուան Ս. Գրային ընթերցուածներն ու երգուող շարականները համայն աշխարհին կ’աւետեն Յիսուս Քրիստոսի տարած յաղթանակը մահուան վրայ եւ Աստուածազարդ յարութիւնը։ Եկեղեցիները խռնուած կ’ըլլան մեծահասակներով, երիտասարդներով, պատանիներով եւ մանուկներով։ Հարիւրաւորներ հաղորդութիւն կ’առնեն եւ զիրար կ’ողջունեն յարութեան աւետիսով։

Սուրբ Յարութեան տօնը Հայոց մէջ կոչուած է նաեւ ԶԱՏԻԿ անունով, որ կ’ենթադրուի եկած ըլլալ «զատել» կամ «ազատել» բառէն, այսինքն ինչպէս որ Աստուած հրեաները ազատեց Եգիպտոսի իրենց գերութենէն, ահաւասիկ Քրիստոս մեզ կ’ազատէ մեղքի գերութենէն։ Զատիկ կը նշանակէ նաեւ տօն, ուրախութիւն։ Անոր համար ժողովուրդը մինչեւ այսօր Ս. Ծննդեան տօնը կը կոչէ Զատիկ, գործածելով՝ Մեծ Զատիկ եւ Փոքր Զատիկ բացատրութիւնը։

Պատարագէն ետք ընդհանրապէս եկեղեցւոյ շրջափակերուն կամ սրահներուն մէջ կը կազմակերպուին հաւկթախաղեր, մարդիկ իրարու հաւկիթ (այսօր՝ տուրմէ պատրաստուած) կը նուիրեն, ի նշան նոր կեանքի։ Հին ժողովուրդներու մօտ հաւկիթը տօնական, ուրախութեան եւ նոր կեանքի իմաստ ունէր։ Իսկ քրիստոնեաներուս համար այսօր զատկական հաւկիթը կը խորհրդանշէ այն ժայռէ գերեզմանը, որտեղէն Քրիստոս յարութիւն առաւ։ Իսկ կարմիր գոյնով ներկելը՝ Քրիստոսի թափած արիւնը։ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին հաւկիթը կարմիր ներկելու մասին հետեւեալ հետաքրքրական բացատրութիւնը կու տայ։ Կը գրէ.-

Հաւկիթը կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհը. դուրսի կեղեւը կը ներկայացնէ երկինքը, մէջը բարակ թափանցիկ մաշկը՝ օդը, ճերմկուցը՝ ջուրը, իսկ դեղինը՝ մեր երկիրը։ Կարմիր ներկելը կը նշանակէ, թէ ամբողջ աշխարհը գնուած է Քրիստոսի սրբարար արիւնով։ Իսկ երբ մենք կարմիր հաւկիթ կ’առնենք մեր ձեռքը՝ կը նշանակէ որ մենք կը հռչակենք Քրիստոսով մեր փրկութիւնը։

Կ’արժէ այստեղ նշել, թէ Հայ Եկեղեցւոյ կարգացոյցին համաձայն իւրաքանչիւր Տաղաւար տօնի յաջորդ օրը Օր Մեռելոց է։ Քրիստոնեայ եկեղեցին կը հաւատայ, որ մեզմէ բաժնուած մեր սիրելիները ո՛չ թէ մահացած են, այլ՝ ննջած։ Ուստի գերեզման երթալով նախ զանոնք յիշած կ’ըլլանք, ապա նաեւ անոնց ալ կ’աւետենք, այս պարագային, Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը, հաւատալով, որ ժամանակներու աւարտին անոնք ալ եւ բոլոր ննջեցեալները յարութիւն պիտի առնեն եւ ա՛լ յաւիտենապէս ապրին Քրիստոսի հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022