Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնախմբութիւն. Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Պաշտօնական Ճաշկերոյթ – Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան Աւագութեան Տիտղոսի Արժանացաւ


Տարիներու սովորութեան համաձայն, Ամենայն Սրբոց տօնին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ հիմնադրութեան տարեդարձը կը տօնուի: Այս տարի, Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու սրբադասումով, Ամենայն Սրբոց տօնը եղաւ աւելի խորհրդալից, եւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ:

Կիրակի, 8 Նոյեմբեր 2015ին, հին թէ նոր, յայտնի թէ անյայտ, ծանօթ եւ անծանօթ, նաեւ մեր մէկ ու կէս միլիոն նոր սրբադասուած նահատակներուն տօնը արժանավայել կերպով տօնախմբուեցաւ: Ս. Պատարագը մատուցեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագներ ու ծառայողներ: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Ազգ.
buy desyrel online https://blackmenheal.org/wp-content/languages/new/noprescription/desyrel-no-prescription.html no prescription

Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի 12րդ դասարանի աշակերտները:

Այս տարուան արարողութիւնը ունէր յիշատակելի խորք. արդարեւ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին խնդրանքին, Հայրապետական կոնդակով մը Աւագութեան տիտղոս շնորհած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, առ ի գնահատանք մեր Թեմին ու Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անոր բազմամեայ ծառայութիւններուն:

Ս. Պատարագի ընթացքին, նախ քան օրուան պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը հակիրճ բացատրական մը տուաւ Տէր Հօր այս պատիւին արժանանալուն մասին, նշելով, որ Աւագութեան տիտղոսը քահանայի մը շնորհուած բարձրագոյն պատիւն է: Հայր Սուրբը հանդիսաւոր թափօրով Ս. Խորան բարձրացուց Հայրապետական Կոնդակը, զոր Սրբազան Հայրը ընթերցեց եւ իր բարեմաղթութիւններուն ու հոգեւոր գօտեպնդումին առընթեր՝ յանձնեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեանի:

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքը՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ու հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձի զոյգ առիթներով: Ան շնորհաւորեց Տ. Ռազմիկ Քահանան՝ Աւագութեան տիտղոսին արժանանալուն առիթով, գնահատելով անոր տասնամեակներու համեստ ու ժրաջան աշխատանքը, որուն վերջին 16 տարիները՝ նոյն եկեղեցւոյ յարկին տակ: Ան նաեւ դրուատեց Տէր Հայրը, որ բարի օրինակ եղած է իր զաւակներուն՝ Թուխմանին եւ Նարեկին, որոնք մանկութենէն ի վեր նմանապէս լծուած են եկեղեցանուէր ծառայութեան: Այնուհետեւ, Տէր Հայրը ծնրադիր ստացաւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:

Խօսելով Ամենայն Սրբոց տօնի իմաստին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս տօնը այս տարի տարբեր խորհուրդով մը կը ներկայանայ հայ հաւատացեալին, որովհետեւ մեր եկեղեցին անցեալ Ապրիլին սրբադասեց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակները: Ան յայտարարեց, որ 8 Դեկտեմբերին, սոյն եկեղեցւոյ յարկին տակ յատուկ արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ մասնակցութեամբ մեր բոլոր ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներուն. այդ արարողութեան ընթացքին, պիտի օրհնուին մեր նահատակներուն աճիւնները, որոնք խաչանիշ յատուկ ճաճանչներու մէջ զետեղուելով, իրենց տեղը պիտի ունենան մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը ապա կանգ առաւ Աւետարանի օրուան ընթերցումին վրայ (Ղուկաս 8:43-56), որ կը պատմէ հիւանդ կնոջ բժշկութեան ու Յայրոսի աղջկան յարութեան հրաշքին մասին: Ան նշեց, որ գաղտնօրէն իրեն դպչող եւ բժկուող կնոջ՝ Յիսուս ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, աղջիկ. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց», իսկ Յայրոսին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛, եւ ան պիտի ապրի»: Հիւանդ կնոջ եւ Յայրոսի զօրաւոր հաւատքը եւ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը պատճառ դարձան, որ անոնց աղօթքները պատասխան գտնեն, կինը բժշկուի ու աղջիկը յարութիւն առնէ: Ուրեմն մենք ալ մեր բոլոր տագնապալի վիճակներուն մէջ, հիւանդութեան, տկարութեան ու այլ մտահոգութեանց պարագային, նոյն հաւատքով ու խոնարհութեամբ դիմենք Տիրոջ, որպէսզի մեր աղօթքները պատասխան գտնեն, յորդորեց Առաջնորդ Սրբազանը, ու իր պատգամը աւարտեց մաղթելով, որ տօնական այս օրը դառնայ հաւատքի ու ծառայութեան վերակենսաւորման հանգրուան:

Տ. Ռազմիկ Աւագ Քահանայ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին խնդրանքին, Աւագութեան տիտղոս շնորհած է իրեն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազանին, Վեհափառին ներկայացուցած խնդրանքին եւ յարատեւ ուղեցոյց ըլլալուն առիթով: Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծխական համայնքի զաւակներուն ու բարերարներուն, ի խնդիր եկեղեցւոյ անոնց սերտ գործակցութեան եւ զօրակցութեան համար:

Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանայի ծնողներուն եւ եկեղեցւոյ ծառայած բոլոր հանգուցեալներու յիշատակին: Ապա, հաւատացեալները ուղղուեցան «Աւետիսեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով պատրաստուած էր մատաղ: «Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ՝ դպրաց դասը առաջնորդեց Պատարագիչ Սրբազանն ու հաւատացեալները դէպի սրահ, ուր մատաղօրհնէքի աղօթքի ընթերցումէն ետք, օրհնուեցաւ մատաղը, որպէսզի անիկա ըլլայ ուխտի կատարման նշան, հիւանդութեանց բժշկութեան դարման եւ շնորհքներու առատութեան առիթ: Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց յիշատակը եկեղեցւոյ ծառայած ննջեցեալներուն, նաեւ՝ վաստակը ծառայութեան դաշտերը ծաղկեցնողներուն, որոնց շարքին՝ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ բարեզարդման նորագոյն ծրագիրին բարերարներուն՝ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Սիրուն Ռշտունիի: Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց Տ. Ռազմիկն ու անոր ընտանիքի անդամները, եւ ծխական ամբողջ համայնքը:

«Կիլիկիա» մաղթերգէն ետք, Սրբազան Հօր մաղթանքներով վերանորոգուած, օրհնուած մատաղ ստանալով՝ հաւատացեալները արձակուեցան:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ Շաբաթ, 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին ու հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձի պաշտօնական ընթրիքի երեկոն: Հիւրընկալն էր Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Սիրուն Ռշտունի ամոլը:

Յայտագիրը սկսաւ քայլերգներու ունկնդրութեամբ, զորս կատարեց Թուխման Խաչատուրեան: Յայտագիրը վարեց հոգաբարձութեան անդամներէն Տիար Կրէկ Մարթայեան: Հոգեւոր հովիւը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, իսկ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Լեւոն Արապեան արտասանեց ողջոյնի խօսք:

Հոգաբարձութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց երեկոյին հիւրընկալ բարերար ամոլը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամով:

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատանքի եւ շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հովիւին, ծառայողներուն եւ ծխական համայնքի զաւակներուն, 52րդ տարեդարձին առիթով, ապա նկատել տուաւ, որ այս տարուան տօնախմբութիւնը կը զուգադիպի պատմական հանգրուանի մը, երբ ազգովին կ’ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան 100րդ տարեդարձը, աշխարհին կը ներկայանանք «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» կամքով, իսկ մեր նահատակներուն սրբադասումով, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը յատուկ խորհուրդ եւ աննախընթաց խորք կը զգենու: Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ մեր նահատակները իրենց գերագոյնը զոհաբերեցին վասն քրիստոնէական հաւատքի ու ազգային դիմագիծի պահպանման, որովհետեւ կը հաւատային մահուան յաջորդող յարութեան, որ քրիստոնեային իբրեւ խոստում տրուած է Տիրոջ կողմէ: Ան յայտնեց, թէ ամիս մը եւս, Տէր Զօրէն բերուած աճիւններ պիտի օրհնուին եւ յատուկ ճաճանչներու մէջ դրուած՝ պիտի տրամադրուին մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն, որպէսզի մեր սրբադասեալ նահատակները մնայուն ներկայութիւն ըլլան մեր հաւատացեալներուն կեանքին մէջ, անոնց նահատակութեամբ ամրագրուած պատգամը իբրեւ աւանդ փոխանցուի նոր սերունդներուն: Ան նաեւ հաւատացեալները յորդորեց յարատեւօրէն մասնակից ըլլալու եկեղեցւոյ ծառայական դաշտերը մշակելու, ոռոգելու եւ ծաղկեցնելու առաքելութեան, եւ իբրեւ օրինակ՝ անդրադարձաւ սերմնացանի առակին: Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ ինչպէս մեր Տէրը յարութիւն առաւ եւ յաղթանակեց մահուան, նոյնպէս ալ մեր ժողովուրդը յարութիւն առաւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն եւ այսօր կը շարունակէ վերականգնումի երթը, որուն մասնակից ըլլալու հրաւիրուած ենք բոլորս: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ու գնահատեց եկեղեցւոյ բարերարները, մասնաւորաբար երեկոյին հիւրընկալ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Սիրուն Ռշտունի ամոլը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022