Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2019-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Ամենայն Սրբոց տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ օծման 56-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ մատաղի օրհնութիւն պիտի կատարէ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Եկեղեցւոյ 56-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Ժոզէֆ եւ Նորա Սիմոնեան ամոլին։
Յայտնենք, որ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին, Թահանկայի «The Great Caesar» սրահէն ներս, իսկ Քրեսենթա Հովիտի տարեկան ճաշկերոյթը՝ Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերին, Կլենտէյլի «Impressions» սրահէն ներս։