Տօն Անուանակոչութեան Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ

Շաբաթ, 10 Մարտ 2018-ին, Հայց. Առաք. Եկեղեցին տօնեց Ս. Քառասնից Մանկանց Քրիստոսի նահատակներու տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան օրն է Օրէնճ Քաունթիի Ս.
buy paxil online https://medstaff.englewoodhealth.org/wp-content/languages/new/paxil.html no prescription

Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ։

Այս առիթով, Կիրակի, 11 Մարտին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի, առընթերակայութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի։

Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին ողջունեց ներկայ հաւատացեալներն ու Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Քառասնից Մանկանց նահատակներու վարքին, որոնք յարատեւ աղօթքով ու Աստուծոյ վստահելով անխախտ մնացին իրենց հաւատքին մէջ, մարտի դաշտէն մինչեւ բանտարկութիւն, չարչարանքներ եւ ի վերջոյ սառած լիճին մէջ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին վասն քրիստոնէութեան։ Մեր պատմութիւնը լեցուն է այն էջերով, որոնք կը նկարագրեն Քրիստոսի վկաներու հաւատքի զօրութիւնը, վկաներ՝ որոնք տոկացին ամէն տեսակ հալածանքներու եւ տագնապներու, վասն հաւատքի ու ազգային ինքնութեան։ Ահաւասիկ այսօր կը յիշենք այդ օրինակով սուրբեր, որոնք եղան ու մնացին երկնային զօրքի զինուորները, Աստուծոյ կամքով առաջնորդուելով ու անխախտ հաւատքին հաւատարիմ իրենց կեանքը զոհելով։

Առաջնորդ Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ օրուան Աւետարանի ընթերցումին՝ անիրաւ դաստաւորին առակին մասին (Ղուկաս 18.1-14). ան հաւատացեալները յորդորեց հետեւելու առակին մէջ յիշուած այրի կնոջ օրինակին, աղօթել առանց թուլնալու, վհատելու ու ձանձրանալու։ Հաւատքի ախոյեան սուրբերը օրինակ են անվհատ աղօթքի, ու անոնք արժանացան լուսեղէն պսակին։ Այսօր, մենք եւս մեր երկրաւոր կեանքին մէջ կը հանդիպինք նեղութիւններու ու դժուարութիւններու. ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այդ բոլորը, թուլնալո՞վ, թէ միշտ վստահելով Տիրոջ ու իր խոստումներուն։ Աղօթքը մեզի կու տայ ոյժ, յոյս ու մեր ներաշխարհին կու տայ խաղաղութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ թելադրեց հետեւիլ սուրբերու կեանքի օրինակին, միայն երկրաւոր վարձատրութեան հետամուտ չըլլալ, այլ ապաւինիլ երկնաւոր վարձատրութեան։ Երանելի են անոնք, որոնք Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան կը նուիրուին առանց փառք ու պատիւ փնտռելու։

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեց թէ Ս. Պատարագի ընթացքին, աղօթք բարձրացուեցաւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը շարունակեն եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն առաքելութիւնը՝ նոյն ոգիով ու հաւատքով։ Ան անգամ մը եւս շնորհաւորեց ծխական համայնքը՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով ու կոչ ուղղեց, որ միասնաբար գործեն եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգի շինութեան համար։

«Տէր Ողորմեա»ի երգեցողութենէն առաջ, խօսք առաւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ անուանակոչութեան տօնին առթիւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մատաղի պատրաստութեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ՝ եկեղեցւոյ հանգուցեալ բարերարներուն, հոգաբարձուներուն եւ նուիրեալ սպասաւորներուն հոգւոց խաղաղութեան համար։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահը, ուր, կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան եւ մասնակցութեամբ հոծ բազմութեան, կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի եւ «Մեր Հայրենիք»ի խմբերգումով։

Ուխտաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Այս տարուան մատաղի բարերարներն էին Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան։

Ճաշի ընթացքին, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ նուիրատուներուն, Տիկնանց Միութեան անդամներուն, դպրաց ու սարկաւագաց դասու անդամներուն՝ իրենց տքնաջան աշխատանքին ու մատուցած ծառայութեանց համար։

Եկեղեցւոյ տօնին առթիւ Հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը խնդրամատոյց եղած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ գնահատէ եկեղեցւոյ երեք երէց բարեշնորհ սարկաւագները, յանձինս Վարդգէս Սրկ. Տիշոյեանի, Զարեհ Սրկ. Սարգիսեանի եւ Աւետիս Սրկ. Տիշոյեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց սարկաւագներուն ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, որուն հիմնադրութեան օրէն սարկաւագները իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն Ս. Խորանին, ապա անոնց յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով պատրաստուած յուշատախտակներ։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ բոլոր ծառայողներուն, կամաւորներուն, նուիրատուներուն ու բարերարներուն մասին, որոնք ի սպաս եկեղեցւոյ կը գործեն ու իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բոլոր տեսակի աշխատանքներուն։

Հաւատացեալները, օրուան խորհուրդով հաղորդուած, մեկնեցան իրենց բնակարանները, իրենց հետ ունենալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց բարեխօսական աղօթքն ու աննկուն հաւատքը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022