Խաչվերացի Տօնին Առիթով Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Մատաղօրհնէք Կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարին Մէջ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջինին՝ Խաչվերացի եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօներուն առթիւ, աւանդութիւն դարձած է որ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուի, «Անդաստան» կատարուի, ապա տեղի ունենայ մատաղի օրհնութիւն:

Այս տարի եւս, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնը փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին։ Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան:

Առաջնորդ Սրբազանը «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ եւ թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, եւ սկսաւ Ս. Պատարագը։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ սարկաւագներ: Հաւատացեալներու կողքին, ներկայ էին շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Խաչի տօնին Անդաստանի արարողութիւնը եւ օրհնեց երկրի չորս կողմերը, մեր հայրապետութիւնը, հայոց հանրապետութիւնը, վանքերն ու դպրատուները, հայոց դաշտերն ու այգիները, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը։ Ապա, Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, որուն բնաբան ընտրած էր շարականագիրին «Փառք Սուրբ Խաչիդ, Ալէլուիա» բառերը։ Ան յիշեցուց, որ «հաւաքաբար երգեցինք շարականեը, փառք տալով մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Խաչին, որ մեզի համար փրկութեան երաշխիքը եղաւ, որովհետեւ անոր վրայ Ինք Իր անմեղ արիւնը թափեց եւ Իր անարատ բազուկը տարածեց, իր կեանքը զոհեց, որպէսզի մենք բոլորս փրկութեան արժանի ըլլանք, եւ Իրեն հաւատալով յաւիտենական կեանք ունենանք։

«Քրիստոնէութեան իմաստը կանուխէն լաւապէս ճանչցած եւ զայն իւրացուցած հայ ժողովուրդը գիտցաւ, որ խաչը լոկ փայտ չէր, ոչ ալ մահուան գործիք, այլ անմահութեան յոյս եւ յաղթանակի փարոս, որ դարեր շարունակ ուժ ներշնչեց հայ հաւատացեալին, հայ ընտանիքին, հայ հերոսին, հայ զինուորներուն, մեզի համար եղաւ կեանքի բանալին, փրկութեան ճանապարհը, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ մեր պատմութեան ուղին։

«Մեր ամենօրեայ, շաբաթօրեայ, եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի այս օրերուն, պէտք է գիտակցինք, որ հայ դպրոցը մեզի համար այն խաչն է, որ զոհողութեան եւ ծառայութեան ուղիով, մեր նոր սերունդները պիտի առաջնորդէ յաղթանակի. այս գիտակցութեամբ պիտի թափանցենք խաչի խորհուրդին եւ իմաստին, հոգեւոր եւ ազգային մեր կեանքին մէջ։ Հայց. Առաք. եկեղեցին եւ ազգային հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որպէս յաղթութեան կնիք, մեր նոր սերունդներուն առողջ պահպանման եւ անոնց վնասող բոլոր տեսակի թշնամիներուն դէմ վահան պիտի դարձնենք, այլապէս, խաչի խորհուրդը կը տկարանայ մեր կեանքին մէջ։ Մայր հայրենիքի պահպանութեան եւ մեր պետութեան ամրակայման ու հայ հողի ազատագրութեան ի խնդիր, հայ հողին վրայ կանգնած խաչի խորհուրդը մարմնաւորող անհամար խաչքար կոթողները, որպէս կենդանի վկայութիւն խաչի խորհուրդին, ընդմիշտ պիտի ներշնչեն մեզ ու առաջնորդեն մեր կեանքը»։

Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները յորդորեց ըսելով. «Խաչվերացի տօնը թող ըլլայ խաչի խորհուրդը մեր առօրեային մէջ կենսաւորելու մղիչ ոյժը, որպէսզի մեր ժողովուրդի կեանքը, հրեղէն սիւնի առաջնորդութեամբ, մեր թշնամիներուն դէմ յաղթութեան առիթ ըլլայ, եւ ներշնչում ընծայէ համայն մեր ժողովուրդին»։

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «Տէր ողորմեա»ի պահուն, պիտի յիշենք մեր թեմի սպասարկուներէն՝ նոր վախճանած Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Շրիգեանը, որուն վերջին օծման եւ թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ան յիշեց վախճանեալ Տէր հօր գործունէութեան գլխաւոր փուլերը եւ մասնաւորաբար Ս. Խաչ Մայր Տաճարի շինութեան մէջ իր ներդրումը, ծխական այս համայնքին մէջ իր թողած աւանդը։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ժողովրդային թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը ու բաշխումը։ Ապա տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ