Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց եւ Ջրօրհնէք Կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ


Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը 22-23 Օգոստոս 2015ի շաբաթավերջը բոլորեց կրկնակիօրէն տօնական մթնոլորտի մը մէջ. Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի առաւօտուն Ս. Պատարագ մատուցեց եկեղեցւոյ մէջ եւ նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց, իսկ Շաբաթ երեկոյ, հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր տարեկան իր ձեռնարկը, որուն ընթացքին յարգանք մատուցեց գաղութին երեք վաստակաշատ ծառայողներու եւ նուիրեալներու:

Թէ՛ Շաբաթ երեկոյեան հանդիսութեան եւ թէ Ս. Պատարագին մասնակից էր Սպահանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, որ, ինչպէս ծանօթ է, անցեալին ծխական համայնքին ծառայած է իբրեւ հոգեւոր հովիւ:

Ազգային Վարչութեան անդամներէն՝ Տեարք Վահէ Յովակիմեան, Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան եւ իրենց տիկինները, ժողովականութեան ներկայացուցիչներ եւ գաղութի զաւակները մասնակից եղան արարողութեան ու գնահատանքի երեկոյին:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ Կիրակի, 23 Օգոստոսի առաւօտուն, ծխական համայնքի զաւակները վայելեցին եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, զոր մատուցեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ ծխական շրջանի ժողովականութեան ներկայացուցիչները, Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի ընտանիքի անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Ս. Պատարագի ընթացքին իր պատգամը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ըլլալու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ, ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ժողովականութեան ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները, նշելով, որ այսօրուան արարողութիւնը յիշատակելի է, որովհետեւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի աւելի քան ամիս մը առաջ, Ս. Աթոռոյս յարկին տակ օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնով: Ան նաեւ յայտնեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին, մեր կրթական օճախներուն համար վերամուտ էր, եւ ինք չորս վարժարաններ այցելելով՝ օրհնութեամբ կատարած էր ուսումնական նոր տարեշրջանին բացումը: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց նաեւ Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի ընտանիքը եւ բարի երթ մաղթեց յառաջիւկայ տարուան համար:

Ինչպէս նախորդ երեկոյեան ճաշկերոյթին ընթացքին, նոյնպէս ալ իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին անձնդիր ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ ուղղեց շարունակելու այս աւանդութիւնը: Ան ընդգծեց, որ քիչ ետք տեղի ունենալիք ջրօրհնէքը առիթ է հոգեւոր վերանորոգութեան ու մեր սրբազան հայրերու հզօր հաւատքին հետ հաղորդակցութեան, մեր ազգային եւ կրօնական ժառանգութեանց պահպանման գործին մէջ ամրանալու եւ երթը վերանորոգելու: Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ Սրբալոյս Միւռոնի ներգործութիւնը շնորհէ բոլորիս, հոգեպէս ու մարմնապէս մաքրուելու եւ Աստուծոյ շնորհքները ընդունելու համար:

Անդրադառնալով շրջանի հայութեան կեանքին մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բարերար դերակատարութեան, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու անոնց գործակից բոլոր միաւորներուն ժրաջան աշխատանքին մասին. ան յայտնեց, որ ծխական համայնքի կեանքին յաւելեալ կենսաւորում ներարկելու նպատակով, եւ ընդառաջելով իր ու Թեմիս ժողովականութեան խնդրանքին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը որոշած է երիտասարդ միաբան վարդապետ մը առաքել Սան Ֆրանսիսքօ, ծառայելու համար եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Ան կոչ ուղղեց ժողովականութեան ու համայնքի զաւակներուն, որ գործակցութեան ոգիով եւ նոյն պատրաստակամութեամբ բոլորուին յառաջիկայ հոգեւոր հովիւին շուրջ, շարունակելու համար ծխական այս համայնքին ծաղկումի երթը: Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, որ Վեհափառ Հայրապետը նոյն տրամադրութեամբ միաբան վարդապետ մը պիտի առաքէ նաեւ Ֆրեզնօ, ծառայելու համար Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին:

Շարունակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ մեր եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին յաջորդող Կիրակին, ու անդրադառնալով Աստուածամօր համեստութեան, խոնարհութեան ու հնազանդութեան արժանիքներուն, հաւատացեալները յորդորեց տոգորուելու անոր առաքինութիւններով: Ան խօսեցաւ Աստուածամօր առաքինութեանց մասին, որոնք անոր կեանքին մէջ մարմնաւորուած ու աճած են մանկութեան ու երիտասարդութեան օրերէն սկսեալ, որուն շնորհիւ ան արժանացաւ Աստուածամայրը դառնալու շնորհքին։ Ան այսօր ալ կը հանդիսանայ տիպար օրինակ, ներշնչումի աղբիւր է հաւատացեալին համար, նաեւ բարեխօս՝ մեղքերու թողութեան համար:

Առաջնորդ Սրբազանին պատգամէն ետք, սկսաւ ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը. Տ. Բաբգէն Սրբազանը, «Կենդանարար Աստուած» շարականին երգեցողութեամբ, միւռոնաթափ աղաւին բարձրացուց խորան. երկու Սրբազան Հայրերը եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականին երգեցողութեամբ, կատարեցին ջրօրհնէքի արարողութիւնը. հաւատացեալները արարողութեան աւարտին ստացան օրհնուած ջուր, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւններով լիցքաւորելու համար իրենց ընտանեկան յարկերը:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ Շաբաթ երեկոյ, «Խաչատուրեան» սրահը հիւրընկալեց հոգաբարձութեան տարեկան ձեռնարկը, որ կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազանին հովանաւորութիւնը եւ ընդհանրապէս առիթ է գաղութի զաւակներուն մէկտեղման ու եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց հաւատարմութեան ու զօրակցութեան արտայայտումին: Հոգաբարձութիւնը նաեւ երկու տարիէ ի վեր այս ձեռնարկին առիթով կը պատուէ գաղութին բազմամեայ ծառայողներ: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները, ժողովականութեան անդամներ, միութեանց, կազմակերպութեանց ու շրջանի վարժարանին ներկայացուցիչները:

Հանդիսավարը՝ Նայիրա Տէր Կիւրեղեան, ներկաները ողջունելով, հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը կատարելու սեղաններու օրհնութիւնը:

Ողջոյնի եւ օրուան մեծարեալներուն մասին դրուատիքի խօսքեր արտասանեցին, յաջորդաբար, Տիկին Ռիթա Յովակիմեան, Տիար Կարօ Միրիկեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան: Գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Ալիք Մոմճեան (դաշնամուր) եւ Հելին Զինտարսեան (երգ):

Ողջոյնի եւ գնահատանքի իր խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան ողջունեց հոգեւոր հովիւը, Ազգ. Վարչութեան ու ժողովականութեան անդամները, հոգաբարձութեան ու յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, կամաւոր ծառայողներն ու բարերարները, որոնք միացեալ ճիգերով վառ կը պահեն այս եկեղեցւոյ ջահը: Ան վեր առաւ այս գաղութին մէջ եկեղեցւոյ հիմնական դերակատարութիւնը, որ կը տարածուի տասնամեակներու վրայ, կոչ ուղղելով, որ գաղութի զաւակները առաւել թափով մասնակցութիւն բերեն անոր վառ մնալուն ու տարածման: Ան շեշտեց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործը հաւատքով յառաջ տանելու հրամայականը, նշելով, որ նոր սերունդներուն կեանքը պիտի լուսաւորուի շնորհիւ այդ աշխատանքին: Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ մօտեցումի ու հայեցակէտերու տարբերութիւնները բնական երեւոյթ են, սակայն բոլոր ճիգերը պէտք է մէկտեղուին նոյն վսեմ նպատակին շուրջ:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ գաղութին բազմավաստակ ծառայողները գնահատանքի ու պատիւի արժանացնելու հոգաբարձութեան նախաձեռնութեան մասին եւ ողջունեց օրուան մեծարեալները՝ Տէր եւ Տիկին Ճորճ եւ Մէյրի Աթաշքարեան ամոլն ու Տիկին Արաքս Սարեանը, որոնք իրենց կարողութեան չափով ու բազմաթիւ մարզերու մէջ սատարած են այս գաղութի ծաղկումին: Ան շեշտեց, որ մեր հաւաքական կեանքը միշտ ալ կարիքը ունի նոր կամաւորներու, եւ մեծարեալները տիպար օրինակներ են իրենց նուիրումով ու անսակարկ ծառայութեամբ: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով բոլոր ծառայողները, Աստուծմէ խնդրելով, որ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ այս եկեղեցւոյ ծխական համայնքին վրայ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022