Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր, 2015ը, պատմական թուական մը պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ, ու անմոռանալի օր մը հաւատացեալներու յիշողութեան մէջ, որոնք Եկեղեցւոյ տասնամեայ յոբելեանի տօնակատարութեան նախօրեակին, ներկայ գտնուեցան Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագին, ուր ընդառաջելով եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy temovate online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/temovate.html no prescription
Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ նոր օրհնուած Միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց
Ս. Պատարագին ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Եկեղեցւոյ երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հանդիսաւոր թափօրով «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, սարկաւագներն ու դպիրները, որոնք սպասարկեցին Ս. Սեղանին:
«Տէր ողորմեա»էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր օրհնաբեր այցելութեամբ, անգամ մը եւս ոգեւորեց ու խանդավառեց Քրեսենթա հովիտի հաւատացեալները: Ապա խնդրեց ներկաներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր Տիրախնամ Թեմէն ներս ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:
«Օրհնեալ է Աստուած» էն ետք, պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը փոխանցեց իր ոգեշունչ պատգամը, գոհութիւն տալով Աստուծոյ, որ առիթ ընծայեց բոլորիս, միասնաբար հաղորդակից դառնալու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, 18 Յուլիսին, Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած միւռոնօրհնէքով մարմնաւորուած խորհուրդին եւ անկէ բխող պատգամին: Ապա Սրբազանը բարձր գնահատեց Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցւոյ տասը տարիներու տեւողութեան կատարուած հոգեւոր եւ ազգային ծառայութիւնները, ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ այս համայնքը օժտէ սեփական եկեղեցիով մը:
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ, անդրադարձաւ ազգային եւ ընտանեկան խիստ այժմէական հարցերու վրայ, նշելով որ «ազգ մը մեծ է, եթէ հիմնուած է արդարութեան վրայ եւ ոչ թէ օրինազանցութեանց վրայ»: Ապա նշեց հայ ընտանիքի հոգեւոր-ազգային հիմքերը՝ Աստուածասիրութիւն, Աստուածապաշտութիւն, բարոյական սրբութիւն, հաւատարմութիւն, մեր նախնեաց հաւատքին անաղարտ պահպանումն ու ապագայ սերունդներուն փոխանցումը, ընտանեկան սիրոյ ու հանդուրժողականութեան անհրաժեշտութիւնը , որպէսզի Աստուծոյ միացուցածը ոչ ոք բաժնէ։
Սրբազան Հայրը իր պատգամի աւարտին կատարեց նոր օրհնուած Միւռոնով Ջրօրհնէքի հոգեպարար եւ սրբազան արարողութիւնը, աղօթելով, որ Ս. Միւռոնը մեզ մաքրէ հոգեպէս ու մարմնապէս եւ մեր ընտանեկան ու ազգային կեանքը առաջնորդէ դէպի Աստուածասիրութիւն եւ Աստուածապաշտութիւն, վասն մեր ազգի շինութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ապա, «Ուրախ լեր Ս. Եկեղեցի» հոգեզմայլ շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգային Առաջնորդարանի նախասրահ, ուր օրհնեց ներկայ հաւատացեալները: Եկեղեցւոյս երգչախումբը ներկաներու ձայնակցութեամբ վեհօրէն հնչեցուց «Կիլիկիա»-ն: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»-ով արձակեց հաւատացեալները խաղաղութեամբ: