Եպիսկոպոսական Միւռոնաբոյր Ս. Պատարագ Եւ Անդրանիկ Ջրօրհնէք Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն Մատրան Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Կիրակի, 17 Յուլիս 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարանը հարսանիք հագաւ, շնորհիւ այն միւռոնաբոյր մթնոլորտին, որ ստեղծուեցաւ տեղւոյն մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով: Այդ օր, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեւոր հայրերու եւ Դպրաց դասի ուղեկցութեամբ, հոգեգրաւ շարականի երգեցողութեան ներքոյ ուղղուեցաւ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռ, ուր հնչեցին աղօթք ու շարական, ապա Հոգեւոր շքերթը առաջնորդուեցաւ դէպի գեղեցկօրէն զարդարուած Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահ, ուր Առաջնորդ Սրբազանը մատոյց Ս. եւ անմահ Պատարագ:

Եպիսկոպոսական Պատարագին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան անդամներ, ծխական շրջանի մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ:

Յընթացս Պատարագի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան «Ուրախ լեր» շարականի կշռոյթի ներքոյ եւ հանդիսաւորապէս՝ խորան բերաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ 1 Յուլիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած՝ Սրբալոյս նոր Միւռոնէն բաժին մը իր մէջ ամփոփող՝ Միւռոնօրհնէքի մայր կաթսան յատկանշող մանրակերտ սպասը, ուրկէ Առաջնորդ Սրբազանը Սրբալոյս Ս. Միւռոնէն քանի մը կաթիլ միախառնեց Ջրօրհնէքի յատուկ կաթսային մէջ, նորաստեղծ Միւռոնին բոյրով օծելով առ Աստուած ուղղուած իւրաքանչիւր աղերսանք, աղօթք ու փառաբանանք:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը կը վերաբերէր մարդկային կեանքը արժանաւորապէս ապրելուն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժառանգել Երկինքը. «Մարդուն կեանքը խոտի կը նմանի, կ՛ըսէ Դաւիթ թագաւոր, այսօր կայ, վաղը չկայ, այսօր կը կանաչնայ, վաղը կը դեղնի, յաջորդ օրը հողին կը վերադանայ: Բայց այն մարդուն կեանքին մէջ, ուր Քրիստոս կայ, այդ մարդը երբեք խոտ չի դառնար, այդ մարդը ամբողջական եւ լիարժէք մարդ կը դառնայ», այս խօսքերով սկսելով իր պատգամը՝ Սրբազան Հայրը յուշեց, որ մարդոց կեանքը լեցուն է տագնապներով թէեւ, վստահաբար, երբեմն ալ, յաղթանակներ եւ ուրախութիւններ անմասն չեն անոնց կեանքէն, բայց գուցէ անցնող տարիներուն ահագնացած մարդկային ցաւերը պատճառ եղան նաեւ յուսախաբութիւններու, այսուհանդերձ, քրիստոնեայ մարդերը, թէեւ իբրեւ մարդ կրնան տկարանալ, «բայց ոչ մէկ քրիստոնեայի արտօնուած է յուսահատիլ իր կեանքին մէջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը՝ հաստատելով, որ այն մարդուն հոգիին մէջ, ուր Քրիստոսը կայ, հոն յոյսը չի վերջանար եւ թելադրեց յուսոյ բաժակը լեցուն պահել Քրիստոսով եւ Անոր ճշմարտութեամբ:

«Իմ հոգիս անհուն ուրախութեամբ կը բերկրի այսօր, երբ ես, որպէս Հայ Եկեղեցւոյ խոնարհ սպասաւոր, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ, առաջին Ջրօրհնէքը կը կատարեմ մեր Թեմի օրհնեալ սահմաններէն ներս՝ ջերմագոյնս հաւատալով, որ Սրբալոյս Միւռոնէն ճառագայթող ու մեզ բոլորս ներշնչող ուժը նորութիւն պիտի ընծայէ մեր կեանքին: Եթէ չհաւատայինք այս բարի նորութեան, արդէն հոս չէինք ըլլար: Բոլորիս համար այս պահը հոգեկան ուժ առնելու կը ծառայէ՝ ուժի արմատ Արարիչէն: Այս ակնկալութեամբ է, որ ես կը յուսամ, կ՛աղօթեմ եւ կը մաղթեմ, որ մեր կեանքին մէջ աստուածային նորութիւններ բացուին, հին հագուստները այլեւս հանենք մեր վրայէն եւ աստուածատուր նոր ու լուսաւոր պատմուճաններ հագնինք, ոչ թէ նիւթական առումով, այլ՝ հոգեւոր իմաստով», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը:

Հոգեպարար պատգամի աւարտին, Թորգոմ Եպիսկոպոս յայտնեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական առաջնորդութեամբ եւ բազում Եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ Միւռոնօրհնէքը, որուն կնքահայրութիւնը մեծ սիրով ստանձնեցին Արեւմտեան Թեմի զաւակ, ազգային բարերար եւ Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ որդիները, նոր կեանքի յոյս ու լոյս ներշնչեց հայ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր, ապա ողջունեց ներկայութիւնը Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներու, հանգուցեալ բարերարուհի Աշխէն Փիլաւճեանի որդւոյն՝ Բեգլար Փիլաւճեանի եւ իր ազնուափայլ Տիկնոջ, Կրօնական ժողովի, Քահանայ հայրերուն, շրջանի Ազգ. երեսփոխաններու, Հոգաբարձական կազմին, Դպրաց դասին եւ եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն ու բոլորին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական սէրն ու հայրապետական ողջոյնները։ Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի ժողովուրդին, որ ամէն իմաստով զօրավիգ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ Միւռոնօրհնէքի արարողութեան եւ մնայուն կը զօրակցի Արեւմտեան Թեմի ժողովրդանուէր ու ազգաշէն գործունէութեանց:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ազգ. Առաջնորդարանի գաւիթին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւն, որ աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի համընդհանուր երգեցողութեամբ:

Հաւատացեալ ներկաները հոգեւոր իմաստով հարսանեաց այս մթնոլորտէն իրենց տուները բաժին տարին՝ միւռոնաբոյր ջուր ու մատաղ՝ առ ի հզօրացում Քրիստոսով եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու ուխտի նորոգութեամբ:

Յայտնենք, որ Սրբազան արարողութեան ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Հայրապետական Օրհնութեան յատուկ գիր մը, ուր բարձր կը գնահատուէր Ազգային Առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Տիկին Աշխէն Փիլաւճեանի բարերարութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին, ապա զայն յանձնեց բարերարուհիին որդւոյն՝ Տիար Բեգլար Փիլաւճեանի: Այս առիթով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ եւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած, մատրան բարերարուհի Տիկին Աշխէնի, ամուսնոյն՝ Ալեքսանի եւ որդւոյն՝ Վահրիճի հոգւոցն խաղաղութեան համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022