Առաջնորդ Սրբազանը Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Կատարեց Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ – Հոգեհանգիստ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ննջեցեալներուն եւ Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի



Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2016ը յիշատակելի օր մը եղաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար։ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եղաւ գաղութի զաւակներուն հետ, մատուցանեց Ս. Եւ Անմահ Պատարագը, կատարեց սարկաւագական ձեռնադրութիւն ու նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, ուր յատկապէս յիշատակուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի համայն ննջեցեալներն ու ազգային բարերար եւ գիտնական Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի Ա.
buy zydena online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/zydena.html no prescription

տարելիցը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք լիցքաւորուեցան օրուան խորհուրդով, մասնակից դառնալով հոգեպարար արարողութեանց, որուն ընթացքին, եկեղեցւոյ երկու նուիրեալներ՝ Կարօ Քիլէճեան ու Սարգիս Տէր Դաւիթեան արժանացան սարկաւագական կարգի։ Ս. Սեղանին սպասարկեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, մասնակցութեամբ սարկաւագներու եւ դպիրներու։

Ձեռնադրութիւնը սկիզբ առաւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ու Սաղմոս 15-ի փոխասացութեամբ, երբ երկու նուիրեալները Ս. Խորան բարձրացան Տէր Գարեգինի առաջնորդութեամբ ու ծնրադիր մօտեցան ձեռնադրիչ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր աջը նուիրեալներուն վրայ դնելով խնդրեց՝ որ «Աստուծոյ աներեւոյթ Աջը օրհնէ զիրենք, որպէսզի արժանի ըլլան սուրբ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչումին»։ Ապա, «Աստուածային եւ Երկնաւոր Շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ՝ ձեռնադրեալները դէպի արեւմուտք դառնալով հրաժարեցան աշխարհիկ մտածումներէ ու գործերէ, նուիրուելով հոգեւոր կոչման ու եկեղեցւոյ ծառայութեան, համայն ժողովուրդի վկայութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նուիրեալներուն յանձնեց սարկաւագական իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները արտայայտող եկեղեցական սպասները, իբրեւ նշան Աստուածային շնորհքներուն, որ առատօրէն կը հեղու Իր Ս. Սեղանի սպասաւորներուն վրայ։ Ազդեցիկ էր պահը ու իմաստալից, որովհետեւ սարկաւագութիւնը կարեւոր պաշտօն մըն է քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ ու արժանաւոր սպասարկութեան կոչում։

Ձեռնադրութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը փոխանցեց օրուան պատգամը, փառք տալով Աստուծոյ այս շնորհազարդ օրուան առթիւ։ Ան շնորհաւորեց նոր ձեռնադրեալ սարկաւագները, մաղթելով իրենց բեղուն ծառայութիւն, խոնարհութեամբ, սիրով ու հնազանդութեամբ լեցուն։ Սրբազան Հայրը ողջունեց գաղութի զաւակները եւ դրուատեց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ու տարուած աշխատանքները։ Ան յիշեց այս տարուան ընթացքին շարք մը առիթներ, ուր ինք անձամբ ներկայ գտնուած ու իր օրհնութիւնը բաշխած էր, ինչպիսիք, տարուան սկիզբը՝ Յունուարին նորակառոյց Յիշատակի Պարտէզի օրհնութիւնը եւ այլ յիշատակելի ձեռնարկներ, Յունիսին՝ Դպրաց ձեռնադրութիւնն եւ Ուրարի տուչութիւնը, Սեպտեմբերին՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին լանջախաչի տուչութիւնը, իսկ այսօր՝ սարկաւագներու ձեռնադրութիւնը։ Սրբազան Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց այս իրագործումներուն համար, որոնք առաւել խանդ պիտի բերեն գաղութի ծառայական գործունէութեան։

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի հատուածին, որ առնուած էր Ղուկաս Աւետարանի 9:44-50էն, ուր կը պատմուի թէ Յիսուսի աշակերտները երբ լսեցին Անոր երկրաւոր կեանքի աւարտին մասին, սկսան վիճաբանիլ՝ թէ ո՞վ է իրենց մէջ մեծը։ Սրբազանը շեշտեց թէ մեծութիւնը ծառայութեան մէջ է, ինչպէս այս տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակած է «Ծառայութեան Տարի»։ Ծառայութիւնը խոնարհութեան մէջ կը մարմնաւորուի, որ նոյնն է այսօր, ինչպէս էր դարեր առաջ։ Յիսուս վէճը լսելէն ետք մանուկ մը առաւ եւ պատգամեց աշակերտներուն թէ «ով որ այս մանուկը ընդունի իմ անունովս, զիս ընդունած կ’ըլլայ»։

Սրբազանը յիշեցուց, որ Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին ծառայեց սիրով, խոնարհութեամբ ու կարեկցութեամբ, շատ յաճախ ըլլալով աղքատին, հիւանդին ու անօգնականին հետ, ուստի բոլորս հրաւիրուած ենք այսպիսի ծառայութիւն մատուցելու։ Ծառայութեան խորհուրդին ընդմէջէն՝ ան նաեւ վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը հայկական իրականութեան մէջ, որ դարձաւ ծառայութեան կերպար ու զոհողութեան ոգի ջամբող միութիւն մը, կերտելով առողջ հոգի, սիրտ ու մարմին հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին մէջ։ Ան նաեւ յիշեց գաղութի հայ կեդրոնի եւ Առաջնորդարանի ազգային բարերար, գիտնական ու համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանը, որուն մահուան առաջին տարելիցն էր, շեշտելով թէ ան մարմնաւորեց՝ «Աւելի օրհնաբեր է տալը, քան առնելը…» խօսքը։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ննջեցեալներուն, Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի ու այլ ննջեցեալներու յիշատակին։

Ս. Պատարագէն ետք, հաւատացեալները առաջնորդուեցան «Յարութ Պարսամեան» հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեճաշ ու յուշ յայտագիր: Վեր առնուեցան հանգուցեալ Յարութ Պարսամեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ազգանուէր աշխատանքները։ Խօսք առաւ Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Դոկտ. Պարսամեանի կեանքը։ Խօսք առին նաեւ եկեղեցւոյ երեսփոխաններէն Դոկտ. Կարօ Յակոբեան, որ սրտի խօսք արտասանեց ու յիշատակներ բաժնեկցեցաւ հանգուցեալի հետ իր տարիներու բարեկամութենէն։ Հանգամանօրէն շնորհակալական խօսք արտասանեցին հանգուցեալի քրոջ դուստրը՝ Շաքէ Պողարեան եւ հանգուցեալի այրին՝ Թամարա Պարսամեան, որոնք երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան Փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի յիշատակը յարգող ներկայ բազմութեան ու յայտագիրին կազմակերպման մասին։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտին հասաւ օրուան յատագիրը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022