Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Նոր Կիրակի օրը, Ապրիլ 15, 2012ին, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համար խանդավառ ու ոգեւորիչ օր մըն էր։ Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը կը վայելէր ներկայութիւնը Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի, որ եկած էր իր ներկայութեամբ ո՛չ միայն անգամ մը եւս պատուելու այս նորահաստատ համայնքը, այլ նաեւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանելու եւ յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ սարկաւագական աստիճան շնորհելու երկու ուրարակիրներու, գնահատելով անոնց ծառայութիւնն ու նուիրումը հանդէպ այս եկեղեցւոյն։
Սուրբ Պատարագը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 2¨ին։ Ս. Խորանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան։
Երբ հասաւ »Ողջոյն«ը հաւատացեալներուն հետ բաժնելու պահը, պատարագը կանգ առաւ եւ Հայր Միւռոն ձեռնադրող Սրբազանին ներկայացուց երկու ընծայեալները՝ Րաֆֆի Պաղտասարեանն եւ Պաղտիկ Էքմէքճեանը, վկայելով անոնց ծառայասիրութեան, ուղղամտութեան, եկեղեցասիրութեան եւ աստուածասիրութեան մասին ու խնդրելով, որ սրբազանը անոնց սարկաւագական կարգ շնորհէ, որպէսզի իրաւունք ունենան խորանին ծառայելու պատարագի ընթացքին։ Սրբազանը յատուկ աղօթքներով, իր Աջը անոնց գլուխներուն դնելով, զանոնք սարկաւագ ձեռնադրեց եւ տուաւ իրաւունք քահանան զգեստաւորելու, խորանին ծառայելու, Աւետարան կարդալու, սուրբ սկիհը բռնելու եւ պատարագի ընթացքին վերաբերում կատարելու։
Ձեռնադրութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը խօսքը հաւատացեալներուն ուղղելով, ողջունեց զանոնք եւ անոնց բացատրեց ձեռնադրութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը, եկեղեցական կարգերը, սկսելով դպրութենէն մինչեւ եպիսկոպոսութիւն, ի շարս որոնց՝ սարկաւագութիւնը։ Ապա դառնալով ձեռնադրեալ սարկաւագներուն, զանոնք յորդորեց, որ ըլլան խոնարհ, եկեղեցւոյ ծառայեն սիրով ու հաւատքով, միշտ իբրեւ օրինակ յիշեն Ստեփանոս Նախավկան, քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին ձեռնադրեալ սարկաւագը։
Քարոզէն ետք, երբ սարկաւագները խորանէն »ողջոյն« կþաւետէին, նոր ձեռնադրեալները պատարագիչ Սրբազանին աջը հանբուրելէ ետք, խորանէն իջան ժողովուրդին բերին Քրիստոսի յայտնութիւնը իրարու աւետող ողջոյնը։
Ներկայ հաւատացեալներուն համար սովորական կիրակիներէն շատ տարբեր օր մըն էր այդ օրը եւ բոլորն ալ աւելի խորապէս կը զգային, թէ մաս կը կազմեն նոր համայքի մը։
Պէտք է յիշել, որ Նորթ Հոլիվուտի հայ համայնքը, իր եկեղեցական եւ այլեւայլ պէտքերուն համար առայժմ կþօգտուի տեղւոյն ասորաքաղդէական համայնքի եկեղեցւոյ կալուածի դիւրութիւններէն, յուսալով, որ օր մը, Աստուծոյ կամքով պիտի ունենայ իր սեփական եկեղեցին։ Այս պատճառով Հայց. Եկեղեցւոյ պատարագները տեղի կþունենան կէսօրէ վերջերը, ասորաքաղդէական համայնքի եկեղեցական արարողութիւններու աւարտէն ետք։
Յաւարտ Ս. Պատարագին, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Կիրակնօրեայի աշակերտները։ Ողջոյնի խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Տիկին Սեդա Դարբինեան, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը իր խրախուսիչ պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, շեշտելով Ս. Հոգիի ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը մեր ծառայութեան մէջ։