Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ Մատաղօրհնէք Խաչվերացի Տօնին Առիթով

Կիրակի, 16 Սեպտեմբեր 2018-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի նշէ Խաչվերացի տօնը, որ նաեւ անուանակոչութեան տօնն է Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը սարկաւագական ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ, սարկաւագութեան կարգ շնորհելով Ս.
buy Zyban generic https://rxnoprescriptionrxbuyonline.com over the counter

Խաչ Մայր Տաճարի դպրապետ Նորայր Դերձակեանին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» սրահին մէջ պիտի կատարէ մատաղի օրհնութիւն, ապա տեղի պիտի ունենայ հաւաքական սիրոյ ճաշ, հիւրընկալութեամբ Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան։

Նոյն օրը, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022