Հովուական Եռօրեայ Այցելութիւն Ի Ֆրեզնօ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, անցեալ շաբաթավերջին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան հովուական եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ անդամներ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի, Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներ տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի, տիար Արա Շապանեանի, տիար Սարգիս Թաթիկեանի, տիար Կարպիս Պէզճեանի եւ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ տիար Կայծակ Զէյթլեանի:

Արդարեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր շքախումբով Լոս Անճելըսէն ճամբայ ելաւ Ուրբաթ, 9 Ապրիլ 2021ի կէսօրին եւ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեանի եւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգ. վարչութեան անդամ տիար Պերճ Աբգարեանի կողմէ: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու կրօնական դասը ուղղուեցան Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի, ուր կատարեցին Կանոնական աղօթք, որմէ ետք սկիզբ առաւ Առաջնորդ Հօր հովուական եռօրեայ այցելութեան ծրագրի գործադրումը՝ բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ համադրուած Ազգային վարչութեան եւ համայնքի պատասխանատուներու կողմէ:

«ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ԱՊԱԳԱՆ, ԱՅԼԵՒ ՆԵՐԿԱՆ Է»

Ուրբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Տէյվիտի եւ իր կնոջ՝ Փաթի Սարապեաններու յարկին տակ, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան կազմի անդամներու, տեղւոյն ազգային երեսփոխաններու, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւին, Հոգաբարձութեան եւ շրջանի երիտասարդութեան: Սրբազան Հայրը առաջին հերթին օրհնեց Սարապեան ընտանիքն ու անոնց հայաբոյր օճախը եւ իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եռօրեայ այցելութեան կազմակերպիչները, իրեն ընկերակցող կրօնական եւ աշխարհիկ դասերու ներկայացուցիչներն ու մարմիններու անդամները եւ երեկոյին ներկաները, ապա մօտէն շփուեցաւ հետը ծանօթանալու եկած աւելի քան 70 երիտասարդ հաւատացեալներու հետ, որոնք բացառիկ ջերմութեամբ զրուցեցին իրենց տարեկից երիտասարդ Առաջնորդ Սրբազանին հետ եւ մեծ խանդավառութեամբ լսեցին անոր գօտեպնդիչ խօսքերը՝ իրենց հոգիներուն մէջ դաջելով անկրկնելի յիշատակ մը այս պատմական երեկոյէն, որ վերջ գտաւ աղօթքով:

Մեծապէս տպաւորուած Ֆրեզնոյի երիտասարդութեան հետ հանդիպումէն, Սրբազան Հայրը Դիմատետրի իր էջին վրայ նոյն գիշերը գրեց. «Օրհնեալ երեկոյ մը ունեցանք Ֆրեզնոյի երիտասարդութեան հետ, աղօթեցինք, երգեցինք ու զրուցեցինք՝ Յիսուս Քրիստոսի սէրը տարածելով մեր չորսդին»:

ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ
ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ

Շաբաթ, 10 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 9ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող հոգեւորականաց դասն ու Ազգային վարչութեան անդամները, այլեւ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան ատենապետն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական կազմը, ծաղկեպսակներ գրկած սկաուտներու թափօրին առաջնորդութեամբ յառաջացան դէպի Ֆրեզնօ համալսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, որուն շուրջ բոլորուած էին Ֆրեզնօ համալսարանի նախագահը՝ դոկտ. Սալ Ճէմինեզ Սանտովըլ, փոխ նախագահ՝ Տեպի Ատիշեան-Ասթոն, Հայկական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ հայազգի դոցենտ փրոֆ. Սերժիօ Լա Փորթա:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մէկուկէս միլիոն հայ զոհերու ի յիշատակ կատարեց Բարեխօսական կարգ եւ իր պատգամին մէջ ընդգծեց հայանպաստ գործունէութիւնը Ֆրեզնոյի համալսարանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ղեկավարութեան, որ տարիներ առաջ յօժարած էր իր շրջափակին մէջ կանգնեցնել 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին աղաղակող յուշ-կոթողը: Դոկտ. Սանտովըլ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ անսակարկ զօրակցութիւն յայտնեց հայ համայնքի բոլոր ծրագիրներուն: Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ ազգային բարերար Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններու հետ, իրենց բնակարանին մէջ, ապա Առաջնորդ Սրբազանը իր շքախումբով ուղղուեցաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքի «Մասիս» գերեզմանատունը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներէն Թալէաթ փաշան զգետնած արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, հերոս Թեհլիրեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ յաւուր պատշաճի պատգամեց՝ հաստատելով, որ արդարութեան վերջնական հաստատումով միայն կարելի պիտի ըլլայ վերջ դնել Թուրքիոյ որդեգրուած ուրացման քաղաքականութեան:

Յիշեցնենք, որ Ս. Թեհլիրեանի շիրիմին շուրջ խմբուած էին նաեւ տեղւոյն Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի, ՀՕՄի «Սոֆիա» եւ «Մայր» մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներն ու անդամները եւ բազմատասնեակ հայորդիներ:

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ ԳՈՐԾՈՂ
ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ – ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ

Նոյն օրը կէսօրին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր շքախումբն ու Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խմբուեցան Սիրոյ սեղանի շուրջ, ապա Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ բարեզարդութեան ի նպաստ գործող մարմիններու պատասխանատուներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան եւ ուսուցչակազմին հետ. ծանօթացման, գնահատանքի եւ կարծիքներու փոխանակման ջերմ մթնոլորտի աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը տեսակցեցաւ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներուն հետ եւ իբրեւ յիշատակ առաջնորդական անդրանիկ այս այցելութեան, տղոց սորվեցուց երկու երգ եւ Ս. Պատարագի յատուկ փորձեր կատարեց անոնց հետ: Անմիջականութիւնն ու զուարթ մթնոլորտը վարակիչ էին, երգչախումբը խորապէս ներշնչուած Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութենէն եւ մղուած՝ իրենց Առաջնորդ Հօր հետ միատեղ երգելու թելադրականութենէն, քառապատկեց իր կարողութիւնները եւ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը հիացուց իր կատարողական մակարդակով:

«ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՓԱՐՈՍ Է»

Շաբաթ երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը իր շքախումբով հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ աջակից հաւատացեալներէն Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Ժանէթ Յովհաննէսեաններու բնակարանին մէջ, ուր նաեւ ներկայ եղան Ֆրեզնօ հայ համայնքի բարերարները: Տնօրհնէքի աղօթքէն եւ բարի գալստեան խօսքերէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը ծանօթացաւ 60է աւելի հրաւիրեալներու եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ ու անմոռանալի պահ մը ապրեցան իրենց Առաջնորդին հետ: Թորգոմ Եպիսկոպոս իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ֆրեզնոյի հայութիւնը՝ իր բարձրամակարդակ պատրաստուածութեան եւ լաւագոյնս հիւրընկալման համար՝ շեշտելով, որ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ կը կատարէ լուսաւոր փարոսի դեր, ապա յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ:

Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Ֆրեզնոյի հայ համայնքի կեանքին մէջ Կիրակի, 11 Ապրիլի առաւօտը բացուեցաւ Հոգեւորին աւելի եւս մերձենալու եւ Երկինքի հովանաւորութեան տակ մտնելու փափաքով: Առ այդ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը շտապեց հասնիլ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի, ներկայ ըլլալու համար Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ այդ օր կը մատուցուէր Լոս Անճելըսէն ժամանած Բարեջան Առաջնորդին կողմէ: Առիթը նաեւ եզակի էր՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն տեսնելու եւ անձնապէս անոր ծանօթանալու համար: Նման ապրումներով տոգորուած՝ բազում հայորդիներ Ս. Պատարագի օրհնաշատ արարողութեան մասնակից դարձան եւ վայելեցին պատգամը: Ս. Պատարագին սպասարկեցին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, եւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան: Արարողութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կատարեց եկեղեցւոյ նուիրաբերուած «Անառակ Որդի»ի պատկերին օծումը եւ այս առիթով յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը ըլլալ բարեպաշտ ու աստուածասէր, ամէն բանէ առաջ եւ աւելի Յիսո՛ւսը սիրել կեանքի մէջ: «Աստուած Ինք է, որ այսօր մեզ քով-քովի կը բերէ եւ մեր այս եկեղեցին կ՛ըլլայ աստուածային այն միջոցը, որով երկինք եւ երկիր քով-քովի կու գան եւ մարդերը միանալով՝ յաչս Աստուծոյ կը մէկանան», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը:

Արարողութեան աւարտէն ետք, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եկեղեցւոյ բակին մէջ մեծ ուրախութեամբ մասնակից դարձաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի պատանի եւ փոքրիկ աշակերտներուն համար կազմակերպուած զատկական հաւկթախաղին եւ հրճուանքի բացառիկ պահ մը նուիրեց փոքրիկներուն: Հուսկ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքի մեծ թիւով անդամներ, հասուն տարիքի, երիտասարդ, թէ փոքր, իրենց շնորհաւորանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, նման պատմական յիշատակելի եռօրեայ այցով համայնքային կեանքը շէնցնելուն եւ բոլորին հոգիները աստուածային ուրախութեամբ լեցընելուն համար:

Յայտնենք, որ Կիրակի, հրաժեշտի Սիրոյ սեղանէն ետք Առաջնորդ Սրբազանը իր շքախումբով վերադարձաւ Լոս Անճելըս:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022