Բազմավաստակ Կրթական Մշակ եւ Ազգային Գործիչ Կարօ Պետրոսեան Ոչ Եւս Է

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը, խոր ցաւով կը գուժեն վաստակաշատ կրթական մշակ ու ազգային գործիչ Կարօ Պետրոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 22 Յուլիս 2019-ին։ Պիտի կատարուի Ազգային թաղում։

Կարօ Պետրոսեան շրջանաւարտ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն։ Իր սերնդակերտ ծառայութիւնը սկսած է 1950-էն, իբրեւ ուսուցիչ, փոխ-տնօրէն եւ տնօրէն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ազգային վարժարանին, ապա Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ. 1964-էն սկսեալ շուրջ 15 տարիներ վարած է տնօրէնութիւնը նորահաստատ Ազգային Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեան Գոլէճին։ Այնուհետեւ, 1978-էն սկսեալ, շուրջ երեք տասնամեակներ իր ծառայութիւնը շարունակած է Թեմիս Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մէջ իբրեւ Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչ եւ հայկական բաժանմունքի պատասխանատու։

Կարօ Պետրոսեան իր կրթական ասպարէզի կողքին, ունեցած է ազգային բեղուն գործունէութիւն։ Հեղինակ է կրօնական եւ պատմական հատորներու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ յօդուածներու ու հրապարակախօսութիւններու հայ պարբերական մամուլին մէջ։ Կրթական համակարգի տասնամեակներու իր նուիրեալ ծառայութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, Սփիւռքահայութեան հետ կապերու կոմիտէի կողմէ «Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք Պատուոյ Գիր»ին, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ «Պատուոյ Գիր»ի, Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ «Օրհնութեան Գիր»ի եւ այլ մեծաթիւ գնահատանքներու զանազան Կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու կողմէ։

Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւկին՝ Տէր եւ Տիկին Ասպետ եւ Լորա Պետրոսեանին եւ զաւակներուն, դստեր՝ Նարինէին, եղբայրներուն, քրոջ, եւ ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Յուլիս 2019-ի կէսօրուան ժամը 12-ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը Հոլիվուտ Հիլզի «Ֆորէսթ Լոն» գերեզմանատան մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ