Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւն եւ Աւանդական Խարոյկ

Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնն է։ Երեքշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան աւարտին, ծնողներ իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները Յիսուս Մանուկի օրինակով տաճար պիտի ընծայեն, ուր քահանայ հայրերը զանոնք պիտի օրհնեն Ս. Խորանին առջեւ։

Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խմբապետներ, վարչական պատասխանատուներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի բոցավառի աւանդական խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս։

Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ եւ սկաուտներ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։

Յայտնենք, որ Տեառնընդառաջի տօնին օրը՝ Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնին յատուկ արարողութիւն, որմէ ետք, տեղի պիտի կատարուի Մեծ Պահոց առաջին Արեւագալը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022