Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ կը Ցուցադրուին Ամերիկահայ Արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի Նկարչական Գործերը

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Stephanie՚s Art Gallery»ի, Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2017-ին երեկոյեան ժամը 7-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի արուեստագէտ Արթիւր Փինաճեանի իւղանկարներու, ջրաներկ գործերու եւ գեղանկարներուն ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը։

Առաջնորդ Սրբազանին կողքին հանդիսութեան ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամները, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու արուեստասէր ժողովուրդը։

Նախքան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, ներկաները վայելեցին Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի կոկիկ հիւրասիրութիւնը։

Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներէն Տիկին Վանիա Պապիկեան արտասանեց բացման խօսքը. ան ողջունեց ներկաները, ապա, հրաւիրեց «Stephanie՚s Art Gallery»ի սեփականատէրն ու տնօրէնուհին՝ Տիկին Լինտա Ստեփանեանը, որպէսզի ներկայացնէ արուեստագէտը եւ տեղեկութիւններ փոխանցէ ցուցահանդէսին մասին: Տիկին Ստեփանեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազանին, այնուհետեւ, սպառիչ բացատրութիւններ տուաւ Փինաճեանի անձին, կեանքին, հոգեկան աշխարհին, արուեստի իւրայատկութիւններուն եւ արժէքին մասին։ Ան համառօտ ներկայացուց Փինաճեանի գեղանկարներուն ոդիսականը եւ նշեց, որ ան կը դասուի իր ժամանակաշրջանի լաւագոյն արուեստագէտներու շարքին:

Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ողջունեց արուեստասէր ներկաներն ու ցուցահանդէսին կազմակերպիչները, նշելով որ Հայ Մշակոյթի ամսուան պատշաճ ձեռնարկ մըն է այս ցուցահանդէսը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ «Stephanie՚s Art Gallery»ի հայանպաստ գործունէութեան մասին, որ կը ջանայ հայ արուեստագէտի մը իւրայատկութիւններն ու արժէքը ներկայացնել հանրութեան, վեր առաւ Ազգային Առաջնորդարանիս մշակութային առաքելութիւնը եւ նշեց, որ «Ազգային Առաջնորդարանը միշտ քաջալեր եւ սատար հանդիսացած է արուեստագէտներուն», ապա, բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ, ներկաները ըմբոշխնեցին Արթիւր Փինաճեանի արուեստի գործերը եւ հաղորդակից դարձան անոր իւրայատկութիւններուն եւ հոգեկան աշխարհին։

Ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ Ուրբաթ երեկոյ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022

ԼՈՒՐԵՐՈՒ ԱՐԽԻՒ