Մեծարանքի Ճաշկերոյթ Ի Պատիւ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի Տնօրէն Տիար Վազգէն Մատէնլեանի


Չորեքշաբթի, 18 Յունիս 2014-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի պատկան մարմիններուն, Կլէնտէյլի “Պրէնտվիու” սրահին մէջ, մտերմիկ եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեանին։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ սոյն հանդիսութեան։ Վարժարանի պատկան մարմիններու, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան կողքին, ներկայ էին նաեւ մեծարեալի ընտանեկան պարագաները, ազգային ու եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, քաղաքական դէմքեր, որոնք յատուկ գնահատագրերով կամ յուշանուէրներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Պրն. Տնօրէնին։ Ցուցադրուեցաւ կարճ տեսաներիզ մը, Պրն. Մատէնլեանի պաշտօնավարութեան տարիներու գործունէութեան ու վարժարանի գլխաւոր իրագործումներու մասին։

Երեկոյթին խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, որ դրուատեց Պրն. Տնօրէնի ազգաշէն, կրթանուէր ու սերնդակերտ ծառայութիւնը։

Ապա խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Գնահատելէ ետք Պրն. Մատէնլեանի աւելի քան երկու տասնամեակներու ծառայութիւնը իբրեւ դաստիարակ ու տնօրէն, նշեց, թէ երկար տարիներու մօտիկ գործակցութիւն ունեցած է Պրն. Տնօրէնին հետ ու զայն՝ իբրեւ տիպար ամուսին, գորովագութ հայր ու վերջերս հպարտ մեծ հայր ըլլալու կողքին, ճանչցած է նաեւ իբրեւ սկզբունքի տէր, ազնիւ, հայրենասէր, արդարամիտ անձնաւորութիւն, անխոնջ ծառայ ու արթուն պահակ ազգային արժէքներու ու օրինակելի տնօրէն մը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յայտարարեց, թէ ընդառաջելով Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի փափաքին, խնդրամատոյց եղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ այս առթիւ “Օրհնութեան Գիր” մը շնորհած է Պրն. Մատէնլեանին։ Առաջնորդ Սրբազանը հանգամանօրէն ընթերցելէ ետք »Օրհնութեան Գիր«ը, փոխանցեց մեծարեալին։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը բարձր կը գնահատէր Պրն. Մատէնլեանի բազմամեայ վաստակը, մասնաւորաբար կրթական ու ընդհանրապէս ազգային ծառայութեան ծիրերէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ Պրն. Մատէնլեանի նուիրեց “Կիլիկիոյ Փրկուած Գանձերը” հատորէն օրինակ մը։

Աւարտին, Պրն. Մատէնլեան իր սրտի խօսքով շնորհակալութիւն ու երախտա-գիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, Շամլեան Ազգային Վարժարանի մեծ ընտանիքին ու բոլոր ներկաներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022