Համբարձման Տօնին Առիթով Ս. Պատարագ եւ Աւանդական Ճաշկերոյթ


Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015ի առաւօտուն, Համբարձման տօնին, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։

Պատարագէն ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Համբարձման տօնին յատուկ աւանդական ճաշկերոյթը կազմակերպած էր Կլենտէյլի “Brandview” ճաշասրահին մէջ: Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը, իսկ հիւրընկալութիւնը յանձն առած էր Թեմիս բարերարուհիներէն՝ Տիկին Նունէ Սէփէթճեան։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը եւ փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Հանդիսավարն էր Տիկնանց Միութեան անդամ Տիկին Վարդուկ Աւետիքեան։ Բանախօսեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ անդադարձաւ Համբարձման տօնի խորհուրդին: Ան յիշեցուց, որ այս տօնին խորհուրդը իր մէջ ունի նաեւ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը, հետեւաբար՝ քրիստոնէավայել ու աստուածահաճոյ կենցաղի պատգամը: Տէր Հայրը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Համբարձման տօնը սերտօրէն կապուած է մեր ազգային աւանդութեանց. ան շեշտեց, որ ազգային աւանդութիւնները մեր ինքնութեան մաս կը կազմեն, անոնք դարերու ընթացքին պահպանած են մեզ ու մենք ալ պարտինք պահպանել զանոնք: Ան իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Յովհաննէս Թումանեանի “Անուշ” պոէմէն բաժին մը, մաղթելով, որ մեր երիտասարդութիւնը հաւատարիմ կը մնայ մեր տոհմիկ աւանդութեանց:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական հաճելի յայտագիր մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ աւանդական վիճակաձգութիւն: Ներկաները, խանդավառուած հայկական տոհմիկ մթնոլորտով, կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ. նուիրատուները ձեւով մը ուխտաւորներ էին, որովհետեւ նուիրատուութիւններէն մաս մը կատարուեցան աշակերտներու շրջանաւարտութեան ու յաջողութեան կամ հարազատներու բարի ապաքինման մաղթանքներով:

Առաջնորդ Սրբազանը, իր օրհնութեան խօսքով, գնահատանք արձանագրեց Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալին ու բոլոր նուիրատուներուն եւ ներկաներուն։ Ան յատկապէս գնահատեց յիշեալ առիթներով կատարուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները, որոնք արտայայտութիւններ էին ծնողական ու հարազատներու սիրոյ, նուիրումի եւ զոհողութեան զգացումներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ու ոգեկոչական արարողութեանց ու հրապարակային ձեռնարկներուն, որոնց ծիրին մէջ, Ուաշինկթըն իր անցեալ շաբթուան այցելութեան, երբ մեր Թեմէն ազգայիններու հետ մասնակից եղաւ մեր եկեղեցւոյ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն նախագահած 100ամեակի արարողութեանց, քաղաքական հանդիպումներուն եւ մշակութային ձեռնարկներուն: Ան շեշտեց, որ 100ամեակը կարեւոր դարձակէտ մը արձանագրած է մեր իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ եւ յոյս յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը իր պայքարը պիտի շարունակէ դէպի փայլուն ապագայ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022